Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Լեւոն Տէր Պետրոսեան Փորձած Է Ամէն Ինչ Խառնել»

Փետրուար 12, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21115_kajq-kiroՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ընդարձակ յօդուածին, որուն մէջ ան հանգամանօրէն կը ներկայացնէ իր վերապահումներն ու քննադատութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրի քանի մը կէտերուն, յայտնած է, որ ինք համաձայն չէ այդ վերապահութիւններուն ու դիտարկումներուն:

Մասնաւորաբար Լեւոն Տէր Պետրոսեան հարցականի տակ կ՛առնէ այն երեւոյթը, որ զուտ կազմակերպական բնոյթ կրող ներկայացուցչական յանձնաժողովը ինչպէ՞ս կրնայ ներկայացնել ամբողջ հայ ժողովուրդին միասնական կամքը:

Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան կ՛անտեսէ հռչակագիրի այն մասը, ուր կ՛ըսուի, թէ յանձնաժողովը կ՛աշխատի եւ համախորհուրդ է սփիւռքի մէջ գործող կառոյցներուն հետ: «Իսկապէս այդպէս է: Հռչակագիրի նախագիծը ներկայացուած է նախորդ տարուան մայիսի 27-ին, մասնակցութեամբ սփիւռքի համայնքներէն ներկայացուցիչներու, եւ բոլորին կարելիութիւն տրուած է յաջորդող շաբաթներուն իրենց տեսակէտները փոխանցելու: Իսկապէս ուրիշ աւելի ներկայացուցչական որեւէ մարմին չէր կրնար ըլլալ, ահա թէ ինչո՛ւ անհիմն ու անիմաստ է հարցականի տակ դնել այն, թէ ի՞նչ իրաւունքով հայ ժողովուրդին անունով հռչակագիր կնքուած է», յայտնած է Մանոյեան:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը հիմնաւորէ, թէ հայ ժողովուրդին միասնական կամքը կրնայ արտայայտել միայն համահայկական հանրաքուէն, որ հասկնալի պատճառով չի կրնար տեղի ունենալ: «Ատիկա կը նշանակէ, որ համահայկական կարծիք կարելի չէ ձեւաւորել, հայ ժողովուրդին անունով երբեք ոչ ոք կրնայ խօսիլ: Սակայն ատիկա իսկապէս հայութիւնը ներկայացնող մարմին եղած է ու կը շարունակէ մնալ: Ատիկա միայն Հայաստանի ու Արցախի նախագահներուն տեսակէտը չէ, որ անոնց ստորագրութեամբ ընդունուէր հռչակագիրը: Ատիկա իրականութեան մէջ կ՛արտայայտէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այն իրական մտայնութիւնը, որ համայն հայ ժողովուրդ հասկացութիւն չկայ: Ան թէ՛ նախագահ եղած ատեն, եւ թէ՛ անկէ ետք, փաստօրէն նաեւ այսօր, կը փորձէ տարանջատել ու հատուածներ տեսնել հայ ժողովուրդին մէջ: Իր նախագահութեան օրով Հայաստանը սփիւռք էր, հիմա ալ կ՛ըսէ, որ միայն նախագահներն ու կաթողիկոսները թող ստորագրեն, բայց ատիկա չէ այդ յանձնաժողովը», ըսած է Կիրօ Մանոյեան` աւելցնելով, թէ գործընթացը, որ նախորդած է հռչակագիրի ընդունման, անցած է համահայկական քննարկման ուղիով, բան մը, որ, ըստ Մանոյեանի, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարման ժամանակ չէ եղած:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան նշած էր, որ նուաստացուցիչ է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար շնորհակալութիւն յայտնել այլ պետութիւններու. Կիրօ Մանոյեան նշած է. «Եթէ այդպիսի տեսակէտ ունէր Լեւոն Տէր Պետրոսեան, պէտք է, որ վաղուց այդ մասին արտայայտուած ըլլար, բայց հիմա նպատակայարմար գտած է այդ մասին բարձրաձայնել: Իրականութեան մէջ հռչակագիրին մէջ նոր բան չէ ըսուած, միակ նորութիւնը` համահայկական ըլլալն է: Լեւոն Տէր Պետրոսեան միշտ ալ կարելիութիւն ունեցած է այդ նիւթին մասին իր մտահոգութիւնները արտայայտելու»: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերապահութիւններէն մէկն ալ այն էր, որ պէտք չէ Թուրքիոյ կոչ ուղղել` ճանչնալու ու դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ ատիկա Թուրքիոյ գործն է, եւ ատոր կարելի է հասնիլ Թուրքիոյ հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու միջոցով միայն:

Կիրօ Մանոյեան նշած է. «Չեմ գիտեր, զուգադիպութի՞ւն է, թէ՞ ոչ, բայց հետաքրքրական է, որ Տէր Պետրոսեանը Թուրքիոյ նախագահին նման կ՛ըսէ, որ` «մեզ պատասխանեցին կոչերով ու յայտարարութիւններով, եւ մեր ձեռքը օդին մէջ մնաց»: Տէր Պետրոսեան ճիշդ նոյն բանը կ՛ըսէ, այսինքն` Թուրքիոյ տեսակէտը կը կիսէ` մէջբերելով 2007 թուականի իր մէկ յօդուածը, որուն տակ, կը կարծեմ, Էրտողանն ու Տաւութօղլուն շատ սիրով պիտի ստորագրէին. հոն կ՛ըսուի, որ ժամանակն է հասկնալու, որ վերջնագիրներ ներկայացնելով կամ անկիւն սեղմելով, ոչ ոք կրնայ Թուրքիոյ պարտադրել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այսինքն ան կը պնդէ, որ Թուրքիոյ նկատմամբ պէտք է կամակատարի դերակատարութիւն ստանձնել»:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր յօդուածին մէջ նաեւ կ՛ըսէ, որ կարիք չկար Թուրքիոյ հասարակութեան մէկ հատուածին զօրավիգ կանգնելու, ատիկա աւելի վատ պիտի ըլլայ, որովհետեւ պատրուակ պիտի հանդիսանայ, որ անոնց վրայ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ճնշումներ բանեցնեն: «Այսինքն մենք ո՛չ մտածելու իրաւունք ունինք, ո՛չ շնչելու իրաւունք ունինք, միայն Թուրքիան իրաւունք ունի, միայն անոնք կրնան որոշել, թէ մենք ի՛նչ պէտք է ընենք: Եւ վերջն ալ խօսիլ արժանապատուութեան մասին, իսկապէս ամբոխավարութիւն է», ըսած է Մանոյեան: Լեւոն Տէր Պետրոսեան կ՛ըսէ, թէ պատմական իրաւունք եզրը հռչակագիրին մէջ փոխարինուած է պատմական արդարութիւն նոյնքան առաձգական եզրով: «Ան կ՛անտեսէ կամ մոռցած է` չեմ գիտեր, որ այդ եզրերը վերցուած են 1990 թուականի օգոստոսի 23-ին ընդունուած Անկախութեան մասին հռչակագիրէն, որուն տակ ստորագրած է այն ժամանակուան Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը», դիտել տուած է Մանոյեան:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանը կ՛ըսէ, որ յանձնաժողովը գերազանցած է իր լիազօրութիւնները, որովհետեւ խախտած է Անկախութեան մասին հռչակագիրը, որովհետեւ այդտեղ պահանջատիրութեան այլ տարր չկայ, բացի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աջակցելու դրոյթէն:

Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, Լեւոն Տէր Պետրոսեան փորձած է ամէն ինչ խառնել, ցոյց տալու համար, որ շատ վատ հռչակագիր է, մինչդեռ իրականութեան մէջ վերջին 100 տարուան մէջ առաջին անգամն է, որ այդքան համազգային համախոհութիւն կայ փաստաթուղթի մը շուրջ, որուն առիթը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն է: Ան կ՛ըսէ, որ եթէ այդ փաստաթուղթը վտանգաւոր ալ չէ, ապա անպտուղ փաստաթուղթ է: Ես կ՛ըսէի, որ եթէ իսկապէս անպտուղ փաստաթուղթ է, ապա ափսոս է, որ ինք այդքան երկար յօդուած գրած է անպտուղ փաստաթուղթի մը վերաբերեալ: Տէր Պետրոսեան կ՛ըսէ, թէ այդ փաստաթուղթը կրնայ աւելի վատ անդրադարձ ունենալ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ, բայց այդ յարաբերութիւնները չկան, որ աւելի վատ ըլլան, եզրափակած է Մանոյեան:

 

Նախորդը

Երեւան Աժան Հնարք Կ՛անուանէ Հայ Սպայի Մահուան Պաքուի Վարկածը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Շնորհաւորեց Ռոհանին Իսլամական Յեղափոխութեան 36-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Մարտ 21, 2023
Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին.  «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի  Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի  Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Մարտ 21, 2023
Հայաստանի Պաշտօնատարները Արցախ Այցելելէ  Զերծ Մնալ Դարձեալ Զգուշացնելով.  «Ալիեւ Կարգավիճակի Հարցը Ուղարկած Է  Պատմութեան Աղբամանը»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը
Հայկական

Պաքու Կոչ Կ՛ուղղէ Երեւանին «Չչարաշահելու Հայաստանի Տարածքին Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Ներկայութեան Փաստը»

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In