Ակնարկ. Աճիւններ Եւ Իրողական Սահմանագծումներ
Անգարայի իրականացուցած Շահ Ֆըրաթ գործողութիւնը դիտարժան որոշ երեւոյթներ կը պարզէ: Կը թուի, որ Անգարան բոլոր առնչակից կողմերուն հետ համաձայնեցուցած էր իր գործողութիւնը: Զինուորական գործողութեան անարգել իրականացումը այս ենթադրութիւնը աւելի հաստատ վարկածի կը վերածէ: Առնչակից երեք կողմ կայ այս առումով: Նախ անշուշտ, տարածքը վերահսկող ՏԱՀԵՇ իսլամական զինեալ խմբաւորումը, ապա մերձաւոր դիրքեր գրաւած քրտական ուժեր եւ վերջապէս պաշտօնական Դամասկոսը, որուն բանակային ուժերուն...


















