Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյրան Օհանեան Ընդունեց Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

Փետրուար 20, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4EKV8oeV38Hgvq05c3SA6OIhf8Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ճէյմս Ուորլիքը եւ Փիեռ Անտրիոն: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ համանախագահներուն հետ նոյն ձեւաչափով նախորդ հանդիպումէն ի վեր տեղի ունեցած զարգացումները:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Սէյրան Օհանեան ներկայացուցած է առաջնագիծին վրայ վերջին շրջանին տեղի ունեցած հիմնական դէպքերը եւ լարուածութեան կտրուկ աճը պայմանաւորող հաւանական գործօններուն մասին իր տեսակէտները:

«Կողմերը քննարկած են առաջնագիծին վրայ վստահութեան ամրապնդման եւ դէպքերու բացառման շարք մը հաւանական լուծումներ, որոնք կեանքի կոչելու ուղղութեամբ Սէյրան Օհանեան յայտնած է հայկական կողմին անվերապահ յանձնառութիւնը»,  մասնաւորաբար ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Յակոբեան Եւս Ընդունեց Մինսքի
Խմբակի Համանախագահները

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան  նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Մովսէս Յակոբեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ  Իկոր Փոփովը, ՃԷյմս Ուորլիքը եւ Փիեռ Անտրիոն: Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիք: Համանախագահները բանակի հրամանատարին ներկայացուցած են իրենց շրջանային այցելութեան արդիւնքները, քննարկած են տագնապի լուծման կարելիութիւնները: Նախարար Մովսէս Յակոբեան համանախագահներուն խնդրանքով անդրադարձած է սահմանագիծին վրայ տիրող իրադրութեան եւ զինադադարի խախտման դէպքերուն: Արցախի պաշտպանութեան  նախարարը ապա պատասխանած է համանախագահները հետաքրքրող հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

Մինասեան. «Խորհրդարանը Անտեղի Ճնշման Տակ Է»

Յաջորդը

Շարմազանով Տեսակցեցաւ Սփենսըր Օլիվըրի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?