Նախագահ Սարգսեանի Եւ Այլ Պետական Պաշտօնատարներու Ներկայութեամբ. Տեղի Ունեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի Հոգեհանգստեան Արարողութիւնը
Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ երէկ` Երեւանի Նոր Նորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ այսօր, ժամը 11:00-13:00-ին, Կոմիտասի անուան երաժշտութեան տան մէջ, յուղարկաւորութիւնը` կէսօրէ ետք, Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ: Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ...



