Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) խորհրդարանական խմբակցութիւնը պոյքոթի կ՛ենթարկէ Ազգային ժողովի քառօրեան: Այս մասին յայտարարած է խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրապեան, ապա ԲՀԿ-ի ամբողջ խմբակցութիւնը լքած է նիստերու դահլիճը:
«Հաշուի առնելով հայաստանեան ներքաղաքական դաշտին մէջ ստեղծուած աննախընթաց իրավիճակը, ԲՀԿ-ի խորհրդարանական խմբակցութիւնը կը յայտարարէ, որ մենք պոյքոթի կ՛ենթարկենք այս քառօրեան: Յառաջիկայ օրերուն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը պիտի հրապարակէ յստակ պարզաբանումներ եւ հանրութեան ու իր գործընկերներուն պիտի ներկայացնէ իր քայլերը եւ իր ռազմավարութիւնը», ըսած է ԲՀԿ-ի խմբակցութեան քարտուղարը: