Հայ ժողովուրդի, ազգի լինելութեան կարեւորագոյն գրաւականը մայրենի լեզուն է. այս մեկնակէտէն ուղղուած, 2005 թուականին փոփոխութիւն մտցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական տօնացոյցի փետրուար 21-ը հաստատուեցաւ իբրեւ Մայրենիի օր:
Միջազգային այս տօնը Հայաստանի մէջ եւս նշելու նախաձեռնութիւնը այն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին է, որուն հետ կարճ զրոյց ունեցաւ «Հայերն այսօր»-ը:
– Տիկի՛ն նախարար, կը խնդրեմ, կարճ բնութագրէք`
– Մայրենին…
– Էութիւնս է, հայու ողնաշարը, մեր գոյութեան եւ լինելութեան հիմքերէն մէկը:
– Մայրենիի տօնի խորհուրդը…
– Բոլորի ուշադրութիւնը հրաւիրել լեզուի հարցերուն: Փայփայել մայրենին, մաքրամաքուր հայերէնը դարձնել մեր գլխաւոր զէնքը: Եւ յատկապէս սփիւռքին յորդորել, որ պէտք է միշտ հայերէն սորվիլ:
– Արեւելահայերէնը…
– Մեր պաշտօնական լեզուն է, որ երկար տարիներ պահած-պահպանած է այս տարածքի հայութիւնը: Հայոց լեզուն միայն մեր ազգինն է, մերն է, ուրիշ ոչ-ոք կրնայ ոտնձգութիւն ընել:
– Արեւմտահայերէնը…
– Մեր ազգային հարստութիւնն է, հայոց լեզուի միւս ճիւղը, որ դարեր շարունակ սփիւռքը հայ պահած է: Եւ մինչեւ օրս ալ սփիւռքը ամէն գնով կը պահէ ու կը պահպանէ այդ ժառանգութիւնը:
– Դասական ուղղագրութիւնը…
– Գրաբարի հիմքին վրայ ստեղծուած մեր ուղղագրութիւնը, որուն պահպանումը եւս մեծ նուիրում պահանջած է մեր ժողովուրդէն: Փաստօրէն սփիւռքը առանց պետութեան, առանց քաղաքականութեան կրցած է նաեւ գրաւոր խօսքը պահպանել:
– Նոր ուղղագրութիւնը…
– Քննարկումներ, տեսակէտներ, հարցադրումներ, տարբեր կարծիքներ, բայց համոզուած եմ, որ պիտի գայ օրը, երբ մենք վերջնականապէս կ’ունենանք միաւորուած լեզու եւ ուղղագրութիւն:
– Ձեր սիրելի բանաստեղծը (գրողը) կամ բանաստեղծները …
– Շատ են` Պ. Սեւակ, Յ. Շիրազ, Պ. Դուրեան, Դ. Վարուժան, Վ. Թեքէեան, Հ. Սահեան, Վ. Դաւթեան, Մուշեղ Իշխան, Անդրանիկ Ծառուկեան…
– Լեզուի մասին Ձեր ամենասիրած խօսքը կամ բանաստեղծութիւնը:
– Լեզուին նուիրուած բանաստեղծութիւններ շատ ունինք, իսկ դիպուկ բնորոշումները շատ հզօր են: Օրինակ`
Ա. Իսահակեանի «հայրենիքը լեզուն է: Նա՛ է միացնում անցեալը, ներկան ու ապագան, մեռածն ու ապրողը, նա՛ է յաւերժացնում ազգը, շտեմարանում ազգի հոգեւոր գանձերը»:
Համօ Սահեանի հետեւեալ տողերը.
Մեր լեզուն արիւնն է մեր,
Արիւնից աւելի թանկ,
Մեր բուրմունքն ու գոյնն է մեր,
Մեր լեզուն մենք ենք որ կանք:
Պարոյր Սեւակի «եւ այր մի Մաշտոց անուն» բանաստեղծութեան այս հատուածը.
Իսկ իսկութիւն չէ՞,
Որ զօրքից յետոյ
Միշտ էլ լեզուն են մարտադաշտ հանում,
Եւ ինչ չի կարող ո՛չ մի զօրք անել`
Լեզուն է անում:
Սիլվա Կապուտիկեանի տողերը.
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո մայր լեզուն չմոռանաս:
Մուշեղ Իշխանի «հայ լեզուն տունն է հայուն, աշխարհի չորս ծագերուն…»:
Եւ վերջապէս Պայրոնի հետեւեալ տողերը` «Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն հայերէնն է»:
– Սփիւռքահայերու օգտագործած Ձեր ամենասիրած բառը կամ արտայայտութիւնը:
Վարձքդ կատար…
– Մանկութենէն մնացած, լեզուի հետ կապուած հետաքրքրական դրուագ կամ յուշ կը պատմէ՞ք:
– Նախ շնորհակալ եմ, որ ծնած ու մեծցած եմ մանկավարժներու եւ գիտնականներու ընտանիքի մէջ, այնտեղ ուր ազգայինը, հայրենասիրականը ամէն ինչէ վեր էր: Փոքր տարիքէն մենք կը դաստիարակուէինք Մաշտոցով, Խորենացիով, Նարեկացիով, Քուչակով: Շատ յաճախ հայրս, խորհրդային տարիներու այդ փակ համակարգի պայմաններուն մէջ, տուն կը բերէր անտիպ նիւթեր: Արգիլուած գրականութիւնը տուն բերելով հայրս յատուկ յանձնարարութիւն կու տար` յանկարծ ուրիշը այդ մասին չիմանայ: Իսկ մենք ալ ամբողջը ագահօրէն կը կարդայինք:
Ես հինգերորդ դասարան էի, երբ Շիրազի անտիպ գործերը սկսան տարածուիլ հանրապետութեան մէջ: Այդ ժամանակ ես չէի հասկնար` անտիպը կամ տպագրուածը ի՞նչ է: Հայրս հերթական անգամ Շիրազի անտիպ բանաստեղծութիւններու տրցակ մը տուն բերած էր: Քանի որ ես ասմունքի նկատմամբ իւրօրինակ սէր ունէի, անմիջապէս սորվեցայ «Եօթ բուռ մոխիր» բանաստեղծութիւնը: Որոշ ժամանակ անց Գաւառի մէջ ասմունքի մրցում էր, ու ես արտասանեցի այդ նոյն բանաստեղծութիւնը.
…երբ որ մեռնեմ, ինձ այրեցէք,
բայց մոխրիցս եօթը բուռ
տարէ՛ք, ցրէ՛ք Հայաստանիս
եօթը կողմերը դեռ անդուռ:
Առաջին բուռն համասփռէք
կրծքին բանտուած Մասիսի,
որ խառնուեմ իր մեծ սրտին,
հովանայ սիրտն իմ յոյսի:
Թէ չէ այսպէս, ինչպէս գառը
հեռու կապեն իր մօրից,
թէ չձուլուեմ Արարատին,
ես կը մեռնեմ կարօտից…
Ասմունքեցի, չհասկանալով, թէ այդ բառերուն իմաստը, նշանակութիւնը ի՛նչ վտանգ կրնար ունենալ: Ես, որ միշտ գերազանց սորվող էի, յաճախ պարգեւներ կը ստանայի: Եւ յանկարծ տարեվերջին (1965) մասնակցելով մրցումի` ոչինչ ստացայ ու արտասուելով տուն եկայ: Երեկոյեան մայրս, որ դպրոցի տնօրէն էր, շատ լարուած, վախցած աշխատանքէն վերադարձաւ, կանչեց ինծի, գրկեց ու ըսաւ. «Աղջի՛կս, այսօր մրցումին ի՞նչ արտասանած ես»: Երբ մօրս ըսի, թէ ինչ արտասանած եմ ու դժգոհեցայ, որ ինծի բան չտուին ու չյաղթեցի, ան ճակատս համբուրեց ու ըսաւ. «Բալի՛կս, այլեւս այդ մէկը չարտասանես, եթէ արտասանես, հայրիկին կը բռնեն»: Ես սարսափեցայ, իսկ մօրս այդ խօսքերը դաջուեցան ուղեղիս մէջ: Տարիներ ետք միայն իմացայ, որ այդ նոյն օրը մօրս կանչած են կուսակցութեան շրջանային կոմիտէ եւ մեծ «դաս» տուած անոր: Իսկ համապատասխան մարմինները կանչած են հօրս եւ բացատրութիւն պահանջած, թէ ինչպէ՛ս իր հինգերորդ դասարանի երեխան կ’արտասանէ Շիրազի չտպագրուած բանաստեղծութիւնը:
Փա՛ռք Աստուծոյ, որ հիմա կ’ապրինք անկախ Հայաստանի մէջ, եւ մեր փոքրիկները մայրենին սորվելու ժամանակ նման սահմանափակումներ չունին: