«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հալէպի կեդրոնը գտնուող Պըսթան Քըլափ վաճառախանութներու շրջանը քանի մը օրէ ի վեր հրթիռակոծման թիրախ դարձած է:
Շաբաթ, 21 փետրուար 2015-ին շարունակուեցաւ հրթիռակոծումը զինեալ խմբաւորումներու կողմէ: Թէեւ հրթիռներէն քանի մը հատը չպայթեցաւ յատկապէս Թիլել շրջանի մուտքին (Պապ Ֆարաճի կողմէ), սակայն կէսօրուան Պըսթան Քըլափի շրջանի «Սանոսեաններու կառատունի տարածք»-ը դարձաւ հրթիռներու պայթումին թատերաբեմը: Պայթումին պատճառով զոհուեցան 1970-ի ծնունդ Սագօ Գարակիւլլէեանն ու 1981-ի ծնունդ Յարութ Ագսանեանը, իսկ վիրաւորներու կարգին կան նաեւ հայեր` Լեւոն Բարսեղեան, Նազօ Ագսանեան, Յովսէփ Չալօղլեան, Աւօ Զարմինեան եւ Ժաք Ասլանեան:
Պէտք է ըսել, թէ պայթումները նիւթական ծանր վնասներ պատճառեցին շրջանի ինքնաշարժներուն եւ խանութներուն:
Յայտնենք, որ Պըսթան Քըլափի շրջանի վաճառախանութներէն շատերը կը պատկանին հայերու:


