Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան ԵԱՀԿ-ի Դեսպաններուն Ներկայացուց Բանակցային Ներկայ Հանգրուանը

February 21, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22015_OSCEՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններու դեսպաններուն հետ:

Աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, նախագահը կարեւոր նկատած է աւանդական դարձած այսպիսի անմիջական յարաբերութիւններն ու միտքերու փոխանակումը:

Նախագահը իր ներածական խօսքին մէջ բարձր գնահատած է ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնը եւ ներուժը եւրոպական անվտանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ տագնապներու լուծման գործին մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքով, ԵԱՀԿ-ը կը մնայ համաեւրոպական կարեւոր բեմ, մարդկային իրաւունքներու, ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական-բնապահպանական մարզերուն մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու արծարծման եւ քննարկման համար:

Այս ծիրին մէջ Սարգսեան անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին` ընդգծելով, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու աշխուժ դերակատարութեան պահպանումը շատ կարեւոր է ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն եւ մեր անմիջական շրջանին, այլ նաեւ ամբողջ Եւրոպայի անվտանգութեան համար: Նախագահ Սերժ Սարգսեան անգամ  մը եւս ընդգծած է տարբեր առիթներով բազմիցս հրապարակուած Հայաստանի այն դիրքորոշումը, ըստ որուն, միջազգային իրաւունքի եւ Հելսինքիի եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքները չեն կրնար կամայականօրէն մեկնաբանուիլ, եւ անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ գերակայ ըլլալ միւսին նկատմամբ:

Նախագահը ներկայացուցած է Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու միջնորդութեամբ անցեալ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած բանակցային հոլովոյթը, այս հանգրուանին գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւններն ու խնդիրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մօտեցումները առկայ խնդիրներու լուծման վերաբերեալ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով 2015 թուականին կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն, ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման խորհուրդին, միջազգային այժմէական խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, խաղաղութեան եւ կայունութեան սպառնացող ընդհանուր վտանգներուն, Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան հարցերուն, Եւրասիական տնտեսական միութեան  անդամակցելէ ետք Հայաստանի տնտեսական զարգացման նոր կարելիութիւններուն, Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի համագործակցութեան խորացման հեռանկարին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տարբեր մարզերու մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, որոնց շարքին` սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին:

Վերոնշեալ հարցերուն շուրջ տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում: Հանրապետութեան նախագահը պատասխանած է հանդիպման մասնակիցները հետաքրքրող բոլոր հարցումներուն:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու Դարձեալ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար Ղարաբաղեան Նախապայմանը Կը Նշէ

Յաջորդը

Իպրահիմովիչ 2 Մրցումով Կախակայուեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.