Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցին. «Ցեղասպանութիւնները Պատահականութիւն Չեն, Անոնք Կանխածրագրուած Կ՛ըլլան» Ընդգծեց Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

Փետրուար 20, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

21915_paulԿազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցին, երէկ` հինգշաբթի, 19 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ դպրոցին հանդիսասրահին մէջ` ներկայութեամբ հայ եւ ոչ հայ դասախօսներու, ակադեմականներու, ուսանողներու եւ հոծ բազմութեան:

«Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք, աստուածաբանի մը անդրադարձը» խորագիրով դասախօսական այս ձեռնարկին բացումը կատարեց նշեալ դպրոցի նախագահ դոկտ. Ժորժ Սապրա, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` նշելով դպրոցին հիմնադրութեան պարագաները: «Մենք այս առիթը կ՛ոգեկոչենք ոչ թէ որովհետեւ հայ ուսանողներ, դասախօսներ եւ պատասխանատուներ ունեցած ենք, ինչպէս` Յովհաննէս Ահարոնեանը, այլ որովհետեւ Մերձաւոր Արեւելքի այս դպրոցը խորքին մէջ հիմնուած է Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով ստեղծուած պայմաններուն բերումով», ըսաւ դոկտ. Սապրա` թուելով նախաեղեռնեան շրջանին Փոքր Ասիոյ մէջ գտնուած չորս հիմնարկները, որոնք քանդուած էին եւ զանոնք փոխարինող ներկայ դպրոցը, որ սերտօրէն կ՛առնչուի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներու հոգատարութեան ջանքերուն: Սապրա խոր հպարտութեամբ ներկայացուց օրուան բանախօսը` Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ եղած է այս հիմնարկի շրջանաւարտներէն: Ան խիստ բարձր գնահատեց վեր. դոկտ. Հայտոսթեանի ակադեմական վարկը, որ աւարտելով իր բարձրագոյն ուսումը Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1994-ին հրաւիրուած է դասախօսելու այդ դպրոցին մէջ, մինչեւ իր Հայկազեան համալսարանի նախագահի պաշտօնին հրաւիրուիլը: Ապա դոկտ. Ժորժ Սապրա բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը:

Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան պայմաններուն, երբ իր գերդաստանէն մեծ թիւով հարազատներ տեղահանուած էին, յաճախ մտատանջուելով անոնց բռնագաղթին ընկերացած պայմաններուն գծով, որոնց մասին տեղեկութիւնները կամ յուշագրութիւնները խիստ ժլատ են: Ան պատահմամբ իմացած էր իր հարազատներուն` Հայտոսթեան ընտանիքին Մարաշէն տեղահանութեան մասին` կարդալով  Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայուհիի մը յուշագրութեան մէջ այս մասին ակնարկուած տեղեկութիւնները: Դոկտ. Հայտոսթեան յետեղեռնեան իրողութիւնը պարզեց գլխաւոր երեք հանգրուաններով`

– ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու յիշողութիւնը, որ ամբողջական չէ,

– ուխտաւորներու ոգեկանութիւնը եւ`

– հարցականներ ցեղասպանութեան մասին, թէ ո՛վ ինչ ըրաւ:

Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան յայտնեց, թէ ճողոպրած հայութեան յիշողութիւնը գրեթէ համր ու լուռ էր մինչեւ Հայոց ցեղապանութեան յիսնամեակ` 1965: Ցեղասպանութեան յաջորդող սկզբնական հանգրուանին, մինչեւ երեսունական թուականներ հայեր փորձեցին կազմակերպուիլ: Ան  Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը որակեց «ուխտաւորներ», որոնք Աստուծոյ ներկայութիւնը կը նշմարէին, անոր ներշնչած յոյսով կ՛ապրէին, ամէնուրեք «Տէր Ողորմեա» երգելով, մինչեւ անոնց հոգին ու մարմինը միացան, վերագտան զիրար:  Հարցադրումներու բաժինին մէջ վեր. դոկտ. Հայտոսթեան ընդգծեց, որ ցեղասպանութիւնը եւ առհասարակ ցեղասպանութիւնները պատահականութիւն չեն, անոնք կանխածրագրուած կ՛ըլլան: Ան թուեց 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը նախորդած ջարդերը` 1990-ական թուականներու համիտեան ջարդերը, 1909-ին Ատանայի ջարդը եւ այլն: Ան նշեց վերջերս աւելի համարձակօրէն արտայայտուող թուրք անհատներու կարեկցութիւնն ու ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան, որ բաւարար չէ` ընդգծելով թրքական կառավարութեան կողմէ նման կեցուածքի դրսեւորման անհրաժեշտութիւնը: Ան յայտնեց, որ յաճախ նման արդար դատեր կրնան քաղաքական խաղաքարտի վերածուիլ, ինչպէս` Եւրոպական Միութիւն – Թուրքիա յարաբերութեան պարագային: Աւարտին եղած հարցումներու ծիրին մէջ անդրադառնալով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք հայուն քրիստոնէական պատկանելիութի՞ւնը ցեղասպանութեան մղիչ շարժառիթ էր, թէ անոր ազգային ինքնութիւնը` վեր. դոկտ. Հայտոսթեան նշեց վերջերս յաճախակիօրէն պարզուող իսլամացուած հայերու պարագան` դիտել տալով, որ երբեմն կրօնը օգտագործուած է իբրեւ գործիք եւ երբեմն ալ ազգային պատկանելիութիւնը պատճառ եղած է ջարդերուն:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Համալսարաններու Կաճառներու Տնօրէններ Եւ Դասախօսներ Կ՛այցելեն Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեան

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական. Հանգուցալուծումների Քաղաքակիրթ Ճանապարհը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?