Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին երէկ քննարկուեցան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանի ներկայացուցած որոշումի նախագիծը, որ կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան դատապարտման, ինչպէս նաեւ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցած որոշումի նախագիծը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը պաշտօնանկ ընելու մասին է: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ներկայացուցած է ՀՅԴ խմբակցութեան տեսակէտը այդ երկու նախագիծերուն վերաբերեալ:
«Մենք այս երկու նախագիծերուն քուէարկութեան պիտի չմասնակցինք: Առաջինը այն պատճառով, որ կայ աւելի համաձայնեցուած փաստաթուղթ, որ օրակարգի վրայ ընդգրկուելով, իրաւունք կու տայ որեւէ հարց քննարկելու, նաեւ` Զարուհի Փոստանջեանին ներկայացուցած հարցը: Երկրորդ նախագիծին կապուած` մենք ընդհանրապէս դէմ ենք նախագահի պաշտօնի պահպանման ուղղուած որեւէ քայլի: Մենք արտայայտած ենք մեր մօտեցումը` չմիանալով այդ նախաձեռնութեան: Կը հաւատանք, որ այն սահմանադրական կարգով, որ կը գործէ Հայաստանի մէջ, գործնականօրէն անկարելի է պաշտօնանկ ընել նախագահը, ահաւասիկ, թէ ինչու մենք պիտի չմասնակցինք այս երկու նախագիծերուն քուէարկութեան», ըսած է ան: