Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ինչո՞ւ Պէտք Է Համախոհութիւն Գոյացնենք Հանրապետութեան Տկար Նախագահի Մը Շուրջ» Հարց Տուաւ Յակոբ Բագրատունի

Փետրուար 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

22315_enger_hagopՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն ունի սկզբունքներ, որոնցմէ անշեղ կը մնայ: Այդ սկզբունքներն են` Լիբանանի անկախութիւնը, ազատութիւնն ու գերիշխանութիւնը, հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնն ու ներքին քաղաքական տագնապները լուծելու համար երկխօսութեան որդեգրումը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցելու պատրաստակամութիւնը:

Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ երկխօսութեան` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն այդ երկխօսութենէն գոհ է, «ունինք նաեւ որոշ տեղեկութիւններ եւ տպաւորութիւններ, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը եւս գոհ է: Պէտք է նկատի ունենալ, որ 30 տարուան գժտութենէ ետք պէտք է ժամանակ տրամադրել երկխօսութեան, որպէսզի ան ըլլայ արդիւնաւէտ եւ դրական ազդեցութիւն ունենայ լիբանանեան քրիստոնեայ շրջանակներուն վրայ, եւ ոչ թէ դառնայ խորք չունեցող, ձեւական երկխօսութիւն մը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կան որոշ հարցեր, որոնց շուրջ այս հանգրուանին կարելի չէ համաձայնիլ, սակայն կան նաեւ այլ հարցեր, որոնց շուրջ կարելի է համաձայնիլ եւ այդ յաջողութիւններէն մեկնելով յանգիլ աւելի լուրջ համաձայնութիւններու:

Ակնարկելով Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ երկխօսութիւնը կարեւոր է իսլամական շրջանակները հանգստացնելու եւ սիւննի-շիի սադրանքներ նախապատրաստող կողմերուն դիմաց դռները փակելու: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ քրիստոնեայ համայնքին երկխօսութեան վրայ:

ՀՅԴ-ի դաշնակիցներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ պիտի շարունակէ մաս կազմել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին, որովհետեւ ան գոհ է իր դաշնակիցներէն, «ինչպէս որ համախմբումը գոհ է իր դաշնակիցէն` ՀՅ Դաշնակցութենէն», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց սակայն, որ համախմբումին մաս կազմելը չի նշանակեր ինքնուրոյն կարծիք, կեցուածք եւ համոզում չունենալ: «Որոշ հարցերու պարագային, մենք ունինք մեր ինքնուրոյն կեցուածքը եւ այդ պատճառով ալ մեր դաշնակիցները եւ քաղաքական այլ ուժեր մեզի նկատմամբ յարգանք կը տածեն», հաստատեց ան:

Պետական հաստատութիւններուն մէջ հայ պաշտօնեաներու հազուագիւտ ներկայութեան ակնարկելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ մէկը հայութեան դէմ գործուած անիրաւութիւն է` ընդգծելով, որ հակառակ Թաէֆի համաձայնագիրով հաստատուած այն իրականութեան, որ հայութիւնը Լիբանանը կազմող հիմնական եօթը համայնքներէն մէկն է, տակաւին անոր հետ կը վարուին իբրեւ փոքրամասնութիւն:

«Հաւանաբար որոշ ժամանակի մը համար հայ երիտասարդները չեն փափաքած պետական պաշտօններու հասնիլ, պետական հաստատութիւններուն մէջ տիրող փտածութեան պատճառով, սակայն այսօր կան հայ երիտասարդներ, որոնք մասնակցած են կարգ մը հաստատութիւններու` քաղաքացիական ծառայութեան, բանակին, արտաքին գործոց նախարարութեան մրցումներուն: Կը մաղթեմ, որ անոնք յաջողին, եւ քաղաքական մեր գործընկերներուն մօտ յստակ դառնայ, որ պետական հաստատութիւններուն մէջ հայ ներկայացուցիչներուն թիւը անճիշդ է եւ պէտք է սրբագրուի», շեշտեց ան:

Նախագահական ընտրութեան մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները մօտիկ ապագային պիտի չկատարուին` աւելցնելով, որ պատճառը լիբանանեան չէ: «Դժբախտաբար 1943-էն ի վեր Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը արտաքին համաձայնութիւններու եւ շրջանային ու արեւմտեան երկիրներու միջեւ կ՛որոշուի: Այսօր սակայն, կացութիւնը աւելի բարդ է, որովհետեւ Լիբանանի շրջակայքը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային առումով կը տիրեն արտակարգ պայմաններ, որոնք չեն արտօներ նախագահին ընտրութիւնը», ընդգծեց ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ գիտնալով հանդերձ, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը անկարող են հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համաձայնիլ, անոնք պէտք է նախաձեռնեն եւ հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն: «Անձնապէս համոզուած եմ, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը նախագահին անձէն աւելի կարեւոր է: Անհրաժեշտ է պահպանել այդ պաշտօնը, որ կը պատկանի մարոնի համայնքին եւ որ արաբական իսլամական շրջանին մէջ միակն է, որ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքն է եւ իբրեւ այդպիսին կրնայ պահպանել շրջանին քրիստոնէական դիմագիծն ու կենցաղը: Կարեւոր է նաեւ, որ այս պաշտօնին համար ընտրուի հանրապետութեան հզօր նախագահ մը: Մենք չենք մերժեր նաեւ այս առումով համախոհութեան գոյացումը, սակայն ինչո՞ւ պէտք է համախոհութիւն գոյացնենք հանրապետութեան տկար նախագահի մը շուրջ», հարց տուաւ Յ. Բագրատունի:

Շրջանային իրադարձութիւններուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ լուրջ վտանգներ կը սպառնան շրջանին, ինչպէս նաեւ կան հսկայ ծրագիրներ, որոնք կ՛ուզեն տապալել շրջանը` վերադարձնելով օսմանցիները: «Հետեւաբար, այս վտանգներուն դէմ պայքարելու համար միշտ պատրաստ պէտք է ըլլալ` լիբանանեան թէ արաբական առումով: Մենք պէտք է գիտակցինք Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող վտանգաւոր կացութեան եւ պէտք է կամայ թէ ակամայ համերաշխութեամբ գոյատեւենք», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Լիբանանի Մէջ Միայն Նախագահական Աթոռը Թափուր Չէ, Այլեւ Խորհրդարանինը Եւ Կառավարութեանը»

Յաջորդը

Սահակեան. «Ո՛չ Յաղթողներ Պիտի Ըլլան, Ո՛չ Պարտուողներ»

RelatedPosts

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ  ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան  Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ

Մարտ 22, 2023
Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով.   ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին  Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական  Ներկայացուցչութիւններու
Գաղութային

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու

Մարտ 22, 2023
Դէպի Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչում` Այլ Ընտրանք Չկայ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախի Շրջափակումը Դէմ Է Մարդկային Արժանապատուութեան Ու Միջազգային Օրէնքին»

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In