Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան  Զոհ Դարձած Հայ Կիներուն Նուիրուած  Յուշակոթող Մը Բացուած Է

Փարիզի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհ Դարձած Հայ Կիներուն Նուիրուած Յուշակոթող Մը Բացուած Է

Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչ միութեան նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ եւ Կիներու միջազգային օրուան առիթով Փարիզի մէջ Երեւանեան պուրակը 8 մարտին համալրուած է հարիւր վարդենիներով` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ կիներուն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Կոմիտասի արձանի դրացնութեամբ տեղի ունեցած է յուշակոթողի բացման արարողութիւն` գլխաւորութեամբ Փարիզի...

Հայաստանի Եւ Լիբանանի Պաշտպանութեան  Նախարարութիւններու  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Հայաստանի Եւ Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան  երէկ ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ  Հայաստան գտնուող Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարութեան  պատուիրակութիւնը` գնդապետ-զօրավար Մանուէլ Քիրեճեանի գլխաւորութեամբ: Տեսակցութեան  մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան Ժան Մաքարոն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանական մարզին մէջ գործակցութեան առնչուող հարցեր: Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարը մասնաւորապէս ընդգծած է բարձր մակարդակի ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը եւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին  Ներկայացուցիչը Այցելեց Զօր. Քահուաժիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Ներկայացուցիչը Այցելեց Զօր. Քահուաժիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական հարցերը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրավիճակը:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յիշատակումի  Կեդրոնական Հանդիսութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան  100-րդ Տարելիցին Առիթով

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յիշատակումի Կեդրոնական Հանդիսութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Առիթով

Զօր. Աուն. «Անցեալի Ոճիրներու Ուրացումը  Թոյլ Տուաւ, Որ Ոճրամիտ  Ուժեր Գործեն Նորանոր Ջարդեր» Ժեմայէլ. «Միջազգային Ընտանիքը  Պարտաւոր Է Ճանչնալ Եւ Դատապարտել  Զանգուածային Բնաջնջման Բոլոր Գործողութիւնները Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդին, երկուշաբթի, 9 մարտ 2015-ին, «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի (Զուք Մուսպեհ, Լիբանան) հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակումի երեկոն` Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հրաւէրով: Սոյն...

Ակնարկ.  Մեր Մարդկային Պաշարները  Պատրաստողները (Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով)

Ակնարկ. Մեր Մարդկային Պաշարները Պատրաստողները (Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով)

Այսօր Լիբանանը կը նշէ Ուսուցիչներու օրը: Երախտիքի, շնորհակալութեան, նուիրումի եւ առաքելութեան վերաբերող արժէքներու նշում-արծարծումէն աւելի, մեզի համար Ուսուցիչներու օրը նաեւ հիմնական նշանակութիւն ունի այս ասպարէզին ոչ միայն ազգային դաստիարակութեան ընդհանուր հասկացողութեան առումով, այլ նաեւ մարդկային պաշարներու պատրաստութեան հրամայականը ընդգծելով: Հայ մարդու կերպարի ստեղծման, հոգեկերտուածքի թէ կազմաւորման առումով ամէնէն հիմնական դերակատարութիւնը ուսուցիչին է, որ գիտելիքով զինելու առաքելութեան առընթեր, պարտականութիւնը ստանձնած է...

«Փոփոխութիւն Չկայ  ՀՅ Դաշնակցութեան  Սկզբունքներուն Մէջ»  Յայտարարեց  Յ. Բագրատունի

«Փոփոխութիւն Չկայ ՀՅ Դաշնակցութեան Սկզբունքներուն Մէջ» Յայտարարեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Աֆքար» շաբաթաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը անշեղ կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, ազատութեան, համերաշխութեան, երկխօսութեան եւ լայնախոհութեան իր սկզբունքներէն: Ան շեշտեց նաեւ, որ ՀՅԴ-ի դաշնակից քաղաքական ուժերը նոյնն են եւ այդպէս ալ էին, են ու կը մնան: Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ն գոհ է իր դաշնակիցներէն` աւելցնելով,...

«Հայկական Յեղափոխութիւնը  Պատասխան Էր Ոչնչացման  Քաղաքականութեան»  Յայտարարեց Լեւոն Մկրտչեան

«Հայկական Յեղափոխութիւնը Պատասխան Էր Ոչնչացման Քաղաքականութեան» Յայտարարեց Լեւոն Մկրտչեան

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը 7 մարտին կազմակերպած էր «Պահանջատիրութեան գործընթացը եւ երիտասարդութիւնը» խորագիրով երիտասարդական սեմինարը: Սեմինարին ընթացքին բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, պատմաբան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Մկրտչեան: «Մեր յեղափոխութիւնը ստիպուած պատասխան էր իրականացուող ցեղասպանութեան, այսինքն` մենք բոլորովին այլ վիճակի մէջ էինք, քան իրենց հայրենիքը ազատագրող միւս ժողովուրդները, նոյնիսկ Պալքաններու  ժողովուրդները, որովհետեւ անոնք հալածանքներու տակ էին, իտալացիները մէկ...

Ամերիկացի Ծերակուտականները  Դատապարտած Են 1988-1991  Ազրպէյճանի Հայկական Կոտորածները

Ամերիկացի Ծերակուտականները Դատապարտած Են 1988-1991 Ազրպէյճանի Հայկական Կոտորածները

Ամերիկացի քոնկրեսականներ Ճուտի Չուէն եւ Էտըմ Շիֆէն բացի, Պաքուի, Սումկայիթի եւ Կիրովապատի մէջ 1988-էն 1990-ին հայկական կոտորածներու զոհերուն յիշատակին նուիրուած յայտարարութիւններով հանդէս եկած են ծերակուտական Հարրի Փիթըրզը, քոնկրեսին մէջ հայկական հարցերով խումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնը եւ Ռոպըրթ Տոլտը, Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Քեթրին Քլարքը, Ճիմ Քեսթան եւ Պրեթ Շերմընը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն NEWS.am-ին յայտնած են, որ անոնք կը  դատապարտեն Ազրպէյճանի...

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ.  «Հայ Երիտասարդը Եւ Կամաւոր  Հասարակական Գործը» Նիւթով Սեմինար

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ. «Հայ Երիտասարդը Եւ Կամաւոր Հասարակական Գործը» Նիւթով Սեմինար

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան  քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին,  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական միօրեայ սեմինար մը: Նախաձեռնութեան նպատակն էր շեշտել հայ երիտասարդին դերակատարութիւնը կազմակերպութիւններուն եւ համայնքին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ կամաւոր ծառայութեան ունեցած դրական  ազդեցութեան` անհատներու հոգեմտաւոր զարգացման վրայ:  Սեմինարին մասնակցեցան հայկական վարժարաններու երկրորդական բաժիններու 11-րդ եւ...

«Պահանջատիրութեան Հոլովոյթը  Եւ Երիտասարդութիւնը» Նիւթով  Երիտասարդական Համաժողով

«Պահանջատիրութեան Հոլովոյթը Եւ Երիտասարդութիւնը» Նիւթով Երիտասարդական Համաժողով

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ  ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը  այսօր կը կազմակերպէ «Պահանջատիրութեան հոլովոյթը  եւ երիտասարդութիւնը» խորագիրով երիտասարդական համաժողով, որ տեղի կ՛ունենայ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, Երեւան: Համաժողովին հիւր-բանախօսներն են` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, պատմաբան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Մկրտչեան` «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 100-ամեայ հոլովոյթը եւ ՀՅԴ պահանջատիրական դիրքորոշումը այս հոլովոյթին մէջ» բնաբանով բանախօսութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Երեւանի Պետական  Համալսարանի Դասախօսներուն Հետ

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Երեւանի Պետական Համալսարանի Դասախօսներուն Հետ

4 մարտին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան հանդիպում ունեցած են Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներուն հետ: ՀՅԴ ներկայացուցիչները ներկայացուցած են սահմանադրական բարեփոխումներու ՀՅԴ հայեցակարգը, Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական հոլովոյթներուն առնչութեամբ իրենց մօտեցումները, ինչպէս նաեւ երկրին ներքաղաքական զարգացումներուն ծիրին մէջ խնդիրներու լուծման ՀՅԴ-ի պատկերացումները: Քննարկուած են նաեւ կրթութեան մարզին վերաբերող...

ՀՅԴ-ի Պատուիրակութիւնը Տեսակցեցաւ  Վրաստանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ-ի Պատուիրակութիւնը Տեսակցեցաւ Վրաստանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի պատուիրակութիւնը` Աղուան Վարդանեան, Լիլիթ Գալստեան եւ Պետրոս Մեղրեան կազմով, 5 մարտին տեսակցած է  Հայաստանի մէջ Վրաստանի դեսպան Թենկիզ Շարմանաշվիլիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուած են երկու երկիրներուն միջեւ  շրջանային կայունութեան ուղղուած խորքային յարաբերութիւնները, տնտեսական խնդիրները, անդրադարձ եղած է հոգեւոր կապերուն եւ անոնց խորացման ուղղուած գործողութիւններուն: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ընդգծած է այն հանգամանքը,...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ  «Ն. Դուման» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին.  Ռուբէն Սասունցիի «Սասնայ Երկիր»  Համերգ-Ներկայացումը Խանդավառեց Ներկաները

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Դուման» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին. Ռուբէն Սասունցիի «Սասնայ Երկիր» Համերգ-Ներկայացումը Խանդավառեց Ներկաները

«Հայկական ժողովրդային, հայրենասիրական եւ ազգագրական երգերը անքակտելի մասնիկներ են հայկական բազմադարեան մշակութային հարստութեան, այդ իսկ պատճառով, մեր ազգային լինելիութեան պայքարին ճամբուն վրայ անոնց պահպանումը եւ փոխանցումը մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ»: Այս սկզբունքին հաւատալով` ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբը կազմակերպեց երգահանդէս մը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 6 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` «Սասնայ երկիր»...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց  Իսլամ Հոգեւորականներու Խորհուրդին,  Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան  Եւ Ումմա Շարժումի Պատուիրակութիւնները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Իսլամ Հոգեւորականներու Խորհուրդին, Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Եւ Ումմա Շարժումի Պատուիրակութիւնները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին շէյխ Զուհեր Ժայիտ, շէյխ Հիւսէյն Ապրիս, շէյխ Մոհամետ Օմար եւ շէյխ Իպրահիմ Պրայտի: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս այցելութիւնը օրհնութիւն մըն է, որ յաւելեալ կորով, ուժ եւ...

Ֆրանսա Ղարաբաղեան Տագնապին Հարցով Բացի  Միջնորդական Առաքելութենէն  Այլ Նախաձեռնութիւններ Եւս Պիտի Կատարէ

Ֆրանսա Ղարաբաղեան Տագնապին Հարցով Բացի Միջնորդական Առաքելութենէն Այլ Նախաձեռնութիւններ Եւս Պիտի Կատարէ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան` անդրադառնալով Ֆրանսայի երեք երեսփոխաններու տարածած յայտարարութեան եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսան պատրա՞ստ է երեսփոխաններու առաջարկին ընդառաջելու, 168.am կայքին յայտնեց. «Ֆրանսան ղարաբաղեան տագնապին հարցով, բացի միջնորդական առաքելութենէն, այլ նախաձեռնութիւններ եւս պիտի կատարէ»: Ֆրանսացի ծերակուտականներ Սոֆի Ժուասեն եւ Միշել Ամիել Պուր լը Վալանսի քաղաքապետ Մարլեն Մուրիենի հետ հրապարակած էին յայտարարութիւն...

Զէյն Ընդունեց Իրանի Խորհրդարանին Մէջ  Հայութեան Ներկայացուցիչը

Զէյն Ընդունեց Իրանի Խորհրդարանին Մէջ Հայութեան Ներկայացուցիչը

Խորհրդարանի արտաքին հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Ապտել Լաթիֆ Զէյն երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Իրանի խորհրդարանին մէջ հայութեան ներկայացուցիչ Կարէն Խանլարեանը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի եւ այլ պատասխանատուներու: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Խանլարեան յայտնեց, որ ինք Լիբանան կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով` աւելցնելով, որ իբրեւ իրանահայեր իրենք տարիներ շարունակ ապրած են...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչը

Քաակ եւ Արամ Ա. կաթողիկոս Հինգշաբթի, 5 մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր եւ մասնաւորաբար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը, նաեւ անդրադարձ եղաւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան: Վերոյիշեալ հարցերուն գծով վեհափառ հայրապետը պարզեց...

ՀՅԴ ԶՈՄ. Արցախի Ազատագրական Պայքարի 27-ամեակին Նուիրուած Ժողովրդային Զօրակցական Հաւաք

ՀՅԴ ԶՈՄ. Արցախի Ազատագրական Պայքարի 27-ամեակին Նուիրուած Ժողովրդային Զօրակցական Հաւաք

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ Արցախի ազատագրական պայքարի 27-րդ տարեդարձին նուիրուած ժողովրդային տօնակատարութիւն մը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 5 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին դիմաց: Հրակ Գարագաշեան Աքասիա Փոլատեան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Աքասիա Փոլատեան: Ան նկատել տուաւ, որ Արցախեան գոյամարտը 20-րդ դարու անօրինակ, ցաւոտ ու հայ ժողովուրդին համար...

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի.  ԵԺԿ-ի Կողմէ Ցեղասպանութեան Մասին  Բանաձեւը «Նոքտաուն» Էր Թուրքիոյ

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. ԵԺԿ-ի Կողմէ Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւը «Նոքտաուն» Էր Թուրքիոյ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Tert.am կայքին հետ հարցազրոյցի մը մէջ բարձր գնահատած է  Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած բանաձեւի ընդունման փաստը պարզ պատճառով մը. այստեղ կը խօսուի  ոչ միայն ճանաչման, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն, հատուցման եւ այլ կարեւոր հարցերու մասին: «Դրական է նախ բանաձեւի բովանդակութիւնը,...

Page 794 of 885 1 … 793 794 795 … 885