4 մարտին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան հանդիպում ունեցած են Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներուն հետ:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները ներկայացուցած են սահմանադրական բարեփոխումներու ՀՅԴ հայեցակարգը, Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական հոլովոյթներուն առնչութեամբ իրենց մօտեցումները, ինչպէս նաեւ երկրին ներքաղաքական զարգացումներուն ծիրին մէջ խնդիրներու լուծման ՀՅԴ-ի պատկերացումները:
Քննարկուած են նաեւ կրթութեան մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր: