Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. ԵԺԿ-ի Կողմէ Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւը «Նոքտաուն» Էր Թուրքիոյ

Մարտ 5, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-4-15_guiro-53ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Tert.am կայքին հետ հարցազրոյցի մը մէջ բարձր գնահատած է  Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած բանաձեւի ընդունման փաստը պարզ պատճառով մը. այստեղ կը խօսուի  ոչ միայն ճանաչման, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն, հատուցման եւ այլ կարեւոր հարցերու մասին:

«Դրական է նախ բանաձեւի բովանդակութիւնը, որուն համար ալ կը խորհիմ պէտք է գնահատել այս ուղղութեամբ աշխատանք տարած ԵԺԿ ընտանիքի անդամ հանդիսացող հայկական երեք կուսակցութիւններու` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան եւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան ջանքերը: Կարեւոր է, որ ԵԺԿ-ի նման մեծ եւ ազդեցիկ կազմակերպութիւնը նման բանաձեւ կ՛ընդունի, որովհետեւ ատիկա ի վերջոյ  երկրի մը մէջ գոյութիւն ունեցող առանձին կուսակցութեան տեսակէտ չէ, ասիկա Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ներկայութիւն ունեցող եւրոպական կուսակցութիւններու ընտանիքին կեցուածքն է», ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ բանաձեւի ընդունումը հարուա՞ծ էր Թուրքիոյ համար, Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ հարուածէն քիչ մըն ալ աւելի, «նոքտաուն» էր Թուրքիոյ համար:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ԵԺԿ-ի նման ազդեցիկ կուսակցութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը կրնա՞յ վարակիչ դառնալ նման այլ կուսակցութիւններու կամ կառոյցներու համար, Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ յոյս ունի, որ իսկապէս կատարուածը օրինակ կը ծառայէ  միւսներուն:

«Յոյս ունիմ, որ աշխատանքները կը շարունակուին, մենք ալ ամէն ինչ կ՛ընենք, որպէսզի վարակիչ դառնայ ընկերվարականներու եւ ընկերվար-ժողովրդավարներու համար, որոնց անդամ է նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը», ըսած է ան:

Կիրօ Մանոյեան նաեւ նշած է, որ ԵԺԿ-ն այս բանաձեւին ընդունումէն ետք պէտք է հետեւողական ըլլայ եւ ընէ ամէն ինչ, որպէսզի միայն այս բանաձեւին ընդունումով հարցը չփակուի:

«Նման բանաձեւեր պէտք է կեանքի կոչուին նաեւ  այն կառոյցներուն մէջ, ուր ԵԺԿ-ի անդամ կուսակցութիւնները ներկայացուած են` սկսած  իրենց պետութիւններէն, հասնելով մինչեւ  Եւրոպական Միութեան տարբեր կառոյցներ, Եւրոպական խորհրդարան, Եւրոպական խորհուրդ, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողով եւ այլն», ըսած է Կիրօ Մանոյեան:

Հարցումին, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնաժողովին կողմէ վերջերս ընդունուած համահայկական հռչակագիրը արդեօք դեր խաղացա՞ծ է ԵԺԿ-ի բանաձեւի ընդունման մէջ, Կիրօ Մանոյեան պատասխանած է, որ քանի մը դրոյթներ կան, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ առնուած են հռչակագիրէն: «Վստահ եմ, որ հռչակագիրը իր դերակատարութիւնը ունեցած է այս հարցին մէջ», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Ընդունած Է ՀՅԴ-ի Առաջարկները

Յաջորդը

Բարի Լոյս 2. Անբացատրելի Բացակայութիւններ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?