Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսա Ղարաբաղեան Տագնապին Հարցով Բացի Միջնորդական Առաքելութենէն Այլ Նախաձեռնութիւններ Եւս Պիտի Կատարէ

Մարտ 6, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-5-15_FranceՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան` անդրադառնալով Ֆրանսայի երեք երեսփոխաններու տարածած յայտարարութեան եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսան պատրա՞ստ է երեսփոխաններու առաջարկին ընդառաջելու, 168.am կայքին յայտնեց. «Ֆրանսան ղարաբաղեան տագնապին հարցով, բացի միջնորդական առաքելութենէն, այլ նախաձեռնութիւններ եւս պիտի կատարէ»:

Ֆրանսացի ծերակուտականներ Սոֆի Ժուասեն եւ Միշել Ամիել Պուր լը Վալանսի քաղաքապետ Մարլեն Մուրիենի հետ հրապարակած էին յայտարարութիւն մը` կոչ ուղղելով ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: «Մենք պէտք է, աւելի քան երբեք, նեցուկ կանգնինք Ղարաբաղի ժողովրդավարութեան, որուն համար մենք կը պահանջենք Լեռնային  Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը», նշած էին անոնք:

Մուրատ Փափազեան նշեց, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը` ի դէմս նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, կ՛ուզէ աշխուժ դերակատարութիւն ստանձնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերջնական լուծման հարցին մէջ, ոչ միայն իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր: Որովհետեւ հայկական համայնքին կողմէ ուժեղ ճնշում կայ իշխանութիւններուն վրայ, համայնքը կը պահանջէ Ֆրանսայէն` գործել ի նպաստ Լեռնային Ղարաբաղի եւ հայկական կողմին: Ուստի Ֆրանսուա Հոլլանտ բաւական հետաքրքրուած է, որ դրական լուծում գտնուի Ղարաբաղի հարցին:

«Ներկայիս Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը ամէնէն ճիշդ ճամբան է մեզի համար, որովհետեւ Ղարաբաղի ժողովուրդին կամքը կ՛արտայայտուի ատոր միջոցով, իսկ ժողովուրդին կամքը պէտք է յարգել: Որոշ ժամանակ պիտի պահանջուի, որպէսզի դիւանագիտական գետնի վրայ ընդունուի այս առաջարկը, որ կրնայ տագնապի լուծման բանալի դառնալ: Սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը ունի նաեւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համանախագահներ, ուստի Ֆրանսա կրնայ դերակատարութիւն ունենալ այս հարցին մէջ, սակայն մինակ չի կրնար լուծման որեւէ դիպաշար յառաջ քշել: Այս ուղղութեամբ տեւական աշխատանք պէտք է կատարուի», մեկնաբանեց Փափազեան: Ան նշեց, որ չի կրնար խօսիլ Ֆրանսայի կառավարութեան անունով եւ ըսել` արդեօք Ֆրանսա կը նախատեսէ՞ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: «Գիտեմ, որ կը փափաքին յարգել հայկական կողմին պատճառաբանութիւնները, հիմնաւորումները, սակայն պէտք է նաեւ գտնել լուծում մը, որ միջազգայնօրէն ճանչցուի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Կան օրինակներ, ինչպէս` Քոսովոյի օրինակը, մեզի համար ատիկա կարեւոր է, մենք պէտք է միշտ ճնշում բանեցնենք, որպէսզի Ղարաբաղի ժողովուրդին կամքը յարգուի: Գիտեմ, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կայ, եւ Հոլլանտ կը փափաքի դրական լուծում տալ այդ հարցին: Սակայն չեմ կրնար ըսել, թէ կառավարութիւնը այս հանգրուանին կը զօրակցի՞ Ղարաբաղի անկախութեան, թէ՞ ոչ: Ֆրանսան ատկէ առաջ կը փափաքի, որ Լեռնային Ղարաբաղը դառնայ բանակցութիւններու լիարժէք կողմ, եւ այդ ուղղութեամբ իրենց կարծիքը յայտնած են Ֆրանսայի բարձրաստիճան ընկերվարական պաշտօնատարները: Յոյս ունին, որ յառաջիկային Լեռնային Ղարաբաղը մաս պիտի կազմէ բանակցութիւններուն, իսկ անկախութեան ճանաչման հարցը աւելի հեռահար խնդիր է», ըսաւ Փափազեան:

 

 

Նախորդը

Միլզ. «Միացեալ Նահանգներ Կը Շարունակէ Մնալ Հայաստանի Բարեկամը»

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Առաջին Նախագահը Պարզապէս Չի Ցանկար Ընդունիլ Քաղաքական Իր Ձախողութիւնները»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?