ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին շէյխ Զուհեր Ժայիտ, շէյխ Հիւսէյն Ապրիս, շէյխ Մոհամետ Օմար եւ շէյխ Իպրահիմ Պրայտի:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս այցելութիւնը օրհնութիւն մըն է, որ յաւելեալ կորով, ուժ եւ քաջութիւն կը ներշնչէ մեզի` շարունակելու համար ազգային աշխատանքը: «Այս այցելութեան ընդմէջէն մենք մեր գործընկերներուն, յատկապէս հոգեւորականներուն մօտ շօշափեցինք կարողութիւնը` հակառակ Լիբանանը շրջափակող տագնապներուն, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան այս ալիքին, որ անիրաւութիւն կը պարտադրէ: Մենք շօշափեցինք նաեւ յաւելեալ միտք, որ կը զօրակցի արդարութեան, հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Իր կարգին, շէյխ Ժայիտ յայտնեց, որ իրենք այցելած են ՀՅԴ նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին եւ շնորհաւորած ՀՅԴ-ի նոր ղեկավարութիւնը: Ան հաստատեց, որ Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդը կ՛ընդգծէ լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը: «Մենք կը պատկանինք նոյն ազգին, որուն բոլոր համայնքներն ու յարանուանութիւնները պատմութեան ընթացքին թիրախ դարձած են, հետեւաբար մենք ՀՅԴ-ի հետ համաձայն ենք հիմնական սկզբունքներուն շուրջ, յատկապէս սիոնականութիւնը թշնամի նկատելու եւ անիրաւուածները արդարութեան եւ բարիքի արժանացնելու առումով», ըսաւ շէյխ Ժայիտ:
Լիբանանեան Ուժեր Կը Շնորհաւորեն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան ընդունեցին նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխան Ֆատի Քարամ, Իմատ Ուաքիմ, Ուեհպէ Քաթիշա եւ Էտի Ապի Լամահ:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի գնահատեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կատարած այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի բարեմաղթութիւնները` ուղղուած ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին:
Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները ՀՅԴ նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին կամ նոր ղեկավարութիւններու վրայ չէ հիմնուած, որովհետեւ ղեկավարութիւնները շարունակական են, իսկ հիմնական սկզբունքները կը մնան անփոփոխ:
«Մենք դէպի Մեհրապ կամ դէպի Պուրճ Համուտ կատարուած բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին ալ հաստատած ենք, որ մեր եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնը բարեկամական է եւ անիկա հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի եւ իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնները յարգելու հիման վրայ», ըսաւ ան:
Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը բարձր գնահատեց Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ «իբրեւ քրիստոնեաներ եւ լիբանանցիներ, մենք եւս կարեւոր կը նկատենք, որ այս երկխօսութիւնը շարունակուի եւ բաւարար ժամանակ յատկացուի` հասնելու համար իսկական նպատակներուն, որոնք նախքան քրիստոնէական նպատակներ ըլլալը լիբանանեան նպատակներ են», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ գործակցութիւնը մնայուն կերպով պիտի շարունակուի շրջանային եւ քաղաքական ընդհանուր առումով: Ան հաստատեց, որ կան մեծաթիւ հարցեր, որոնք լուծումի կը կարօտին:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ նախագահական ընտրութեան եւ կառավարութեան հարցերը` հակառակ անոր որ Լիբանանեան ուժերը կառավարութեան մէջ չեն ներկայացուած: «Քննարկումներուն ընթացքին երկու կողմերը համակարծիք էին` ամէնէն մօտիկ առիթով նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու իմաստով», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Իր կարգին, Ֆատի Քարամ շնորհաւորեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն` ՀՅԴ-ին մաղթելով աշխատանքային նոր թափ եւ ժողովրդավարութեան շարունակութիւն` շեշտելով բոլոր կուսակցութիւններուն մօտ վերանորոգումի կարեւորութիւնը:
«Կեդրոնական կոմիտէին փոխանցեցինք Սամիր Ժահժահի բարեմաղթութիւնները եւ քննարկեցինք Լիբանանը յուզող փշոտ հարցերը, ինչպէս նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի բոլոր հարցերը անլոյծ չմնան», ըսաւ ան:
Քարամ մաղթեց, որ ՀՅԴ-ի եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ հանդիպումները եւ խորհրդակցութիւնները շարունակուին` երկրին ու ընկերութեան շահերուն ի խնդիր», եզրափակեց Քարամ:
Ումմա Շարժումի Պատուիրակութիւնը`
«Շաղզոյեան» Կեդրոնին Մէջ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ընդունեց նաեւ Ումմա շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շարժումի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Ապտել Նասեր Ժապրիի, Մոհամետ Զէյնի, Խալետ Ատտումի եւ Սայիտ Իթանիի:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է առիթ մը` շարունակելու համար փոխադարձ խորհրդակցութիւնն ու երկխօսութիւնը: Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է նախագահական ընտրութիւնը, շեշտուած է զինուորական ուժերուն եւ քաղաքացիական անվտանգութեան զօրակցելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան սահմաններէն վտանգները հեռացնելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, շէյխ Ժապրի մտահոգութիւն յայտնեց երկրին եւ լիբանանցիներուն վրայ նախագահական թափուր աթոռին ունենալիք հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ արձանագրուած ապահովական քաոսին վատթարացումին գծով:
«Քննարկեցինք նաեւ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ջարդերը` շեշտելով, որ այսօրուան գործուած սպանդները նոյնանման են, սակայն այս անգամ կը գործադրուին Միջին Արեւելք կոչուող շրջանին մէջ», ըսաւ շէյխ Ժապրի` հաստատելով Լիբանանի սահմանները ՏԱՀԵՇ-էն պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: