ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական հարցերը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրավիճակը: