Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փոփոխութիւն Չկայ ՀՅ Դաշնակցութեան Սկզբունքներուն Մէջ» Յայտարարեց Յ. Բագրատունի

Մարտ 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-8-15_Hagop_Pakradouni8ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Աֆքար» շաբաթաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը անշեղ կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, ազատութեան, համերաշխութեան, երկխօսութեան եւ լայնախոհութեան իր սկզբունքներէն:

Ան շեշտեց նաեւ, որ ՀՅԴ-ի դաշնակից քաղաքական ուժերը նոյնն են եւ այդպէս ալ էին, են ու կը մնան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ն գոհ է իր դաշնակիցներէն` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեցուածքներէն տարբեր կեցուածքներ ունենալու ՀՅԴ-ի իւրայատկութիւնը պարզապէս տարբեր թուելու համար չէ, այլ` հիմնուած է կուսակցութեան ուրոյն տեսակէտներուն եւ համոզումներուն վրայ:

«Այս տարբերութիւնը տարակարծութեան եւ գժտութեան դուռ չի բանար, ընդհակառակն` ան կը հարստացնէ լիբանանեան քաղաքական կեանքը եւ յաւելեալ ժողովրդավարութիւն կը ներշնչէ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընտրութեան մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի ղեկավար դէմքերուն փոփոխութիւնը ղեկավարութեան պաշտօնը ստանձնելու առումով հերթափոխութեան շրջագիծին մէջ պէտք է դիտել: «Մենք մնայուն ղեկավար չունինք, այս կամ այն պաշտօնը իւրացնելու արշաւներ չենք մղեր, ինչպէս նաեւ ընտանեկան ժառանգական դրութեան չենք վերածած կուսակցութեան ղեկավարութիւնը: ՀՅԴ Շրջանային ժողովը ղեկավարութեան պատասխանատուութիւնն է եւ մեր հիմնական հեղինակութիւնը: Հետեւաբար փոփոխութիւնը եւ նոր Կեդրոնական կոմիտէի ու անոր ներկայացուցիչին ընտրութիւնը մեծ ազդեցութիւն չունին, որովհետեւ ժողովը արդէն իսկ կուսակցութեան ծրագիրները ճշդած կ՛ըլլայ: Շրջանային այս ժողովը կարեւոր էր այն իմաստով, որ այս հանգրուանին կան կարեւոր իրադարձութիւններ, ժողովուրդին մօտ կայ տառապանք եւ ժամանակը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Հետեւաբար, պէտք էր յարմար որոշումներ տալ եւ նոր Կեդրոնական կոմիտէ ու ներկայացուցիչ ընտրել: Այս իմաստով ունիմ այդ ժողովին ծրագիրները գործադրելու պատասխանատուութիւն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը միայն խորհրդարան ուղղուելու եւ քուէարկելու յանձնառութիւնը չէ, այլեւ` քրիստոնեայ զօրաւոր անձնաւորութեան մը շուրջ համախոհութեան գոյացումը պէտք է ըլլայ: «Կարելի չէ մնայուն կերպով տկար նախագահի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել, որովհետեւ հզօր նախագահն է, որ արդարութիւն կը պարտադրէ», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի եզրափակեց. «Երբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր թեկնածութիւնը առաջադրէ, ապա մենք պիտի զօրակցինք անոր եւ համապատասխան որոշումը պիտի տանք»:

 

Նախորդը

Եգիպտոսի Մէջ Սիսի Ընդունեց Հարիրին

Յաջորդը

Ակնարկ. Մեր Մարդկային Պաշարները Պատրաստողները (Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?