Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայկական Յեղափոխութիւնը Պատասխան Էր Ոչնչացման Քաղաքականութեան» Յայտարարեց Լեւոն Մկրտչեան

Մարտ 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-8-15_levՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը 7 մարտին կազմակերպած էր «Պահանջատիրութեան գործընթացը եւ երիտասարդութիւնը» խորագիրով երիտասարդական սեմինարը:

Սեմինարին ընթացքին բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, պատմաբան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Մկրտչեան:

«Մեր յեղափոխութիւնը ստիպուած պատասխան էր իրականացուող ցեղասպանութեան, այսինքն` մենք բոլորովին այլ վիճակի մէջ էինք, քան իրենց հայրենիքը ազատագրող միւս ժողովուրդները, նոյնիսկ Պալքաններու  ժողովուրդները, որովհետեւ անոնք հալածանքներու տակ էին, իտալացիները մէկ այլ լուծի տակ էին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ պուլկարները, սերպերը այլ լուծի տակ էին, բայց որեւէ ժողովուրդի ամբողջական մահապատիժ տրուած չէր: Ապտիւլ Համիտի ժամանակ, երբ Պերլինի վեհաժողովէն ետք պարզ դարձաւ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը կ՛ընթանայ յստակ քայքայման ճամբով, սուլթանական պետութիւնը որոշեց, որ Հայկական հարցը պէտք է լուծուի հայ տարրի չէզոքացման ճամբով, նախ եւ առաջ` մայր հայրենիքով», ըսաւ պատմաբանը:

Մկրտչեանի խօսքերով` առաջին անգամն էր, որ հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման գտնուեցաւ փաստի մը առջեւ, որ ան պէտք է իր հայրենիքը լքէր: «Բնիկ ժողովուրդի եւ նուաճուած ժողովուրդի դարաւոր պայքարը եկաւ հասաւ  բարձրակէտի մը, երբ մեր ժողովուրդի մահապատիժը տրուեցաւ: Այդտեղէն  ընդամէնը երեք տարիներու ընթացքին ծնունդ առին հինգ կուսակցութիւններ, որովհետեւ այլընտրանք չկար: Մեր կուսակցութիւնը, ազատագրական պայքարը, հայկական յեղափոխութիւնը պատասխան էր ոչնչացման քաղաքականութեան, եւ ասիկա իր հետքը ձգեց ժողովուրդի ճակատագիրին վրայ», ընդգծեց Մկրտչեան:

 

 

Նախորդը

Ամերիկացի Ծերակուտականները Դատապարտած Են 1988-1991 Ազրպէյճանի Հայկական Կոտորածները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 23, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?