«Թուրքիան Իր Այս Քայլով Միջազգային Հանրութեան Ուշադրութիւնը Հրաւիրեց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Վրայ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի պատասխանը` ուղղուած Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հրաւէրին, համարժէք էր: Յիշեցնենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահին նամակին, ուր ան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հրաւիրած է 24 ապրիլին ներկայ ըլլալու Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի յիշատակին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, մերժողական նամակ յղած...




















