Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ընդունելութիւնները

Մարտ 14, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_5762ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին

Պաաս կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըրի:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այցելութիւնը առիթ մըն էր քննարկելու լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտելու նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:

«Շրջանային առումով քննարկեցինք հաւատադրժողական ահաբեկչութեան գործած աւերները, պատերազմական վիճակը, յատկապէս գործուած սպանդներն ու բռնագաղթը, որոնք շրջանին կտակուած են Օսմանեան պետութեան օրերէն` յատկապէս հազարաւոր ժողովուրդ բռնագաղթի ամէնէն ահաւոր ձեւերուն ենթարկելու առումով: Այս կացութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Հայոց ցեղասպանութեան օրերը:

Հետեւաբար, երբ կ՛անդրադառնանք նոր օսմանցիներուն, աւելի լաւ է խօսիլ բուն օսմանցիներուն մասին, որովհետեւ անոնց միջեւ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ: Դար մը առաջ կատարուած արհաւիրքները այսօր կը կրկնուին տարբեր համայնքներու մօտ, ըլլան անոնք իսլամ թէ քրիստոնեայ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան հաստատեց ներքին լիբանանեան գործակցութեան կարեւորութիւնը` դրուատելով  ներլիբանանեան երկխօսութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնելով անոր: Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն նպատակը ըլլայ լիբանանեան կարողութիւններուն հզօրացումը` դիմադրելու ամէն տեսակի յարձակումներու եւ մարտահրաւէրներու, ըլլան անոնք իսրայէլեան կամ ոչ իսրայէլեան:

Իր կարգին, Շքըր յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է դրական, այն իմաստով, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ տեղական թէ շրջանային հարցերուն քննարկումին առումով տեսակէտները եղած են գրեթէ նոյնը, յատկապէս սիոնական եւ հաւատադրժողական ուժերուն կողմէ Սուրիոյ դէմ մղուած համաշխարհային պատերազմին եւ Լիբանանի կրած հետեւանքներուն իմաստով:

Ան ընդգծեց, որ ահաբեկչական վտանգը կը սպառնայ բոլորին, անկախ անոնց քաղաքական թէ կրօնական պատկանելիութենէն, եւ անհրաժեշտ նկատեց Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ միացեալ կեցուածքի գոյութիւնը` ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելու առումով:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ընդունեց նաեւ Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆուատ Ֆլայֆելը եւ «Ժապհաթ Հուրիա»-ի մէկ պատուիրակութիւնը` ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ապու Ժաուտէի գլխաւորութեամբ:

Այցելուներուն կարգին էր նաեւ Թրէյսի Շամուն` իր ղեկավարած Ժողովրդավարական ազատականներ կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Շամուն յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է շնորհաւորել Կեդրոնական կոմիտէն եւ ընդգծել ՀՅԴ-ի եւ Ժողովրդավարական ազատականներուն միջեւ դաշինքը:

«Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձանք նաեւ շրջանային իրադարձութիւններուն, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն դէմ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն գործած ջարդերուն, ինչպէս նաեւ խորհրդակցեցանք այդ փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու ձեւերուն մասին: Մենք վերյիշեցինք նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ լիբանանահայութեան հետ նախկին նախագահ Քամիլ Շամունի եւ նահատակ Տանի Շամունի ունեցած հեզասահ եւ բացառիկ յարաբերութիւնները: Քննարկեցինք նաեւ լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարզերը յուզող հարցերը եւ համաձայնեցանք մնայուն կերպով խորրհդակցութիւնը պահել եւ իրաւացի բոլոր դատերուն զօրակցիլ», շեշտեց Շամուն:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Հարաւային Կովկասի Բոլոր Խնդիրներուն Կեդրոնը Հայաստանն Է»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?