Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

March 17, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

16205724343_0515511800_oՆախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 15 մարտ 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ  ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւնը, Էշրեֆիէի «Ժամհուր» վարժարանի սրահին մէջ:

Ռուպինա Խայաթ
Ռուպինա Խայաթ

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց  Պէյրութ մասնաճիւղի խմբապետ` Ռուպինա Խայաթ, որ բարի գալուստ մաղթեց ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի 90 տարիներուն ծառայութեան ու վաստակի արժեւորման հանդիսութեան ներկաներուն: «Ամբողջ 90 տարիներ  ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղը իր շուրջ հաւաքուած տարազաւորը, մարզիկը, պատասխանատուն թէ պարզ անդամն ու համակիրը` խօսքով ու գործով նախ դաստիարակեց իբրեւ մարդ ու տիպար քաղաքացի, ապա մտային ու հոգեկան բարձր արժանիքի տէր հայ: Նաեւ` անոր մէջ սերմանեց ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը` գերադասելով հայ լեզուն ու մշակոյթը», ըսաւ ան:

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեան, որ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի անաղմուկ ու անշուք ստեղծման, պարզապէս փիւնիկի մը նման: «Սակայն շնորհիւ անոր շուրջ հաւաքուած որակով եւ քանակով հարուստ, հաւատաւոր խումբ մը երիտասարդներու, որոնք` հաւատարիմ իրենց ուխտին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղը վերածեցին հայութեան էութիւնը կազմաւորող, հայ հոգին անեղծ պահող, ֆիզիքականի կողքին մտային ներշնչում ու զարգացում տուող, ազգային աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն պահապանը հանդիսացող հնոցի», յայտնեց ան:

Համամճեան դիտել տուաւ, որ Պէյրութի մասնաճիւղը եղաւ ու կը շարունակէ ըլլալ մանուկ, պարման եւ երիտասարդ հայորդիին աճման ու զարգացման, մարդկային ու ազգային առողջ ու հարազատ նկարագիրի տէր հայու ձուլարանը` պատրաստ ծառայելու ազգին ու հայրենիքին:

Խօսքը եզրափակելով` Վահան Համամճեան կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու միութեան հիմնադիրներուն երազին, տեսլականին, կտակին, արդարօրէն, հաւաքաբար եւ միասնաբար բարձրացնելով ՀՄԸՄ¬ի անունը:

Յաջորդաբար ներկայացուեցաւ սկաուտական երաժշտութիւն` Նանար Ղարիպեան (թաւջութակ), Փաթիլ Գէորգեան (կիթառ), Լոռի Պիլալեան (ֆլիւթ), իսկ Արի Վարդանեան (դաշնակ եւ կիթառ):

Նազարէթ Հապիպեան
Նազարէթ Հապիպեան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արաբերէնով փոխանցեց վարչութեան անդամ  Նազարէթ Հապիպեան: Ան հաստատեց, որ թուրքը չկրցաւ իրականացնել իր ոճրային երազը հայոց դէմ իրագործած  ցեղասպանութեամբ, որովհետեւ, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութեան եւ արհաւիրքի, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ճողոպրած եւ օտար ափերու վրայ իրենց կայքերը հաստատած հայ ժողովուրդի զաւակները կրցան կառուցել եկեղեցիներ ու դպրոցներ, ինչպէս նաեւ ակումբներ: Ան աւելցուց. «Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը հոգեւոր եւ մտային կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը միացուց մարզականին ու սկաուտականին»:

Ապա ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած էր Պէյրութ մասնաճիւղի 90-ամեայ երթին, ինչպէս նաեւ անոր մաս կազմող մարզիկներու եւ սկաուտներու վկայութիւններ ամփոփուած էին:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Մումջողլեան եւ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեան` կատարելու համար «Ծառայութեան» շքանշանի տուչութիւն` Մակի Խաչերեանի, Նուպար Խանամիրեանի եւ Վահէ Չամիչեանի, իսկ յետմահու` Արա Պապիկեանի, որոնք ՀՄԸՄ-ի  մեծ ընտանիքին մէջ ունեցած են իրենց ուրոյն ներդրումը:

Իսկ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան «Արժանեաց» շքանշանով պարգեւատրեց մասնաճիւղի վաստակաւոր միութենական Յակոբ Համամճեանը:

16638275680_dd8aa64b94_oԱւարտին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ շնորհաւորեց ամբողջ 90 տարի պատնէշի վրայ մնացած ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղը, որուն երդիքին տակ սերունդներ դաստիարակուեցան միութենական վեհ գաղափարներով, առողջ միջավայրի մէջ եւ ազգային սկզբունքներով:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգին յոտնկայս երգեցողութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

«Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Միջդպրոցական Գծագրական Աւանդութեան Վերածուած Մրցանք

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ընդդիմութեան Հանրահաւաքը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.