Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, ուրբաթ, 13 մարտի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական հաւաք-ընդունելութիւն: Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տրամադրած նկարները` միջազգային մամուլի արձագանգներէ եւ սքանտինաւեան արխիւներէն։
Ներկայ էին Լիբանանի ուժանիւթի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման, երկրագործութեան նախարարները, խորհրդարանի երեսփոխաններ, արտաքին գործոց եւ այլ նախարարութիւններու պաշտօնեաներ, նախկին նախագահներու ներկայացուցիչներ, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Քանատայի, Մեքսիքայի, Փարակուէյի, Ուրուկուէյի, Արժանթինի, Աւստրիոյ, Լեհաստանի, Հնդկաստանի եւ Կիպրոսի դեսպանները, Յունաստանի եւ Սերպիոյ գործերու հաւատարմատարները, Վատիկանի, Քոլոմպիոյ եւ Սուրիոյ դեսպանութեան, Եւրոպական Միութեան, եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները, կրօնական առաջնորդներ եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով բացումը կատարուեցաւ պաշտօնական հաւաքին: Այնուհետեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ոգեկոչելով կը վերահաստատենք, որ հայ ժողովուրդը ամէն գնով որոշած էր ապրիլ, ստեղծագործել եւ առյաւէտ գոյութիւն ունենալ: Այս հաւաքին հիմնական նպատակն է միջազգային հասարակութեան լայն զանգուածներուն ուշադրութեան յանձնել հայոց արդար պահանջները եւ Հայ դատը ճանչցնել միջազգային հասարակութեան:
Դեսպան Քոչարեան յայտնեց, որ այս հաւաքով մեր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցենք մեր նահատակներուն եւ երախտագիտութիւն յայտնենք Լիբանանի խորհրդարանին ու այն երկիրներու դեսպաններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք ճանչցան ցեղասպանութիւնը եւ օգնեցին հայ ժողովուրդի զաւակներուն:
Քոչարեան նաեւ ըսաւ, որ 1915 թուականը յատուկ նշանակութիւն ունի ամբողջ աշխարհի հայութեան համար:
Յունուարին Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին ընդունուած Համահայկական հռչակագիրը մեր միասնութեան եւ համախմբուածութեան արդիւնքն էր:
Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը լեցուն է զրկանքներով, տառապանքներով, պայքարով ու յաղթանակներով` յանուն ազատութեան, ապա աւելցուց ըսելով, որ կը նշենք կեանքի յաղթանակը մահուան նկատմամբ` ընդգծելով վերապրելու, վերածնելու եւ ազատագրուելու այն հերոսական ու փառահեղ ուղին, ուրկէ անցեր է հայ ժողովուրդը: Ան ըսաւ, որ կը գիտակցինք, որ մեր միասնական կամքով եւ հաւաքական ուժով կրնանք հզօրացնել մեր հայրենիքը, յաղթահարել մարտահրաւէրները եւ ապահովել մեր բոլոր իղձերուն եւ ծրագիրներուն իրականացումը:
Դեսպան Քոչարեան աւարտեց իր խօսքը նշելով, որ այսօր ոչ միայն հայերը, այլեւ մարդկային հասարակութիւնը կը սպասէ, որ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի փոխատենապետ Շահան Գանտահարեան, որ նկատել տուաւ, թէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշումներուն բովանդակութիւնն ու տարողութիւնը բոլորովին այլ բնոյթ ստացած կ՛ըլլային, եթէ ցեղասպանութեան պատասխանատւ պետութեան իրաւաժառանգորդը ինք հաշուի նստած ըլլար իր իսկ սեփական պատմութեան հետ, ոչ միայն ճանչցած, այլ նաեւ դատապարտած ըլլար Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած սպանդը, տեղահանութիւնն ու ամբողջ ազգաբնակչութիւն մը իր հարազատ բնօրրանէն զրկելու ծրագիրը, բայց մանաւանդ հատուցած ըլլար այդ բոլորին համար եւ վերականգնած` հայ ժողովուրդի պատմական բոլոր իրաւունքները: Գանտահարեան ըսաւ, որ Անգարա այդ առաջադրանքներու իրականացման գլխաւոր խոչընդոտն է` շարունակելով ուրացման եւ ժխտումի քաղաքականութիւնը, շրջափակումը` Հայաստանի Հանրապետութեան, գործնական քաջալերանքը` Պաքուի ռազմատենչ գործողութիւններուն եւ տակաւին Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու չէզոքացման նպատակով Կալիփոլիի յոբելենական հաւաքներ կազմակերպելը եւ միջազգային հանրութեան կարծիքը ապակողմնորոշելը:
Գանտահարեան շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը ճիշդ, արդար եւ իրաւական գնահատական տալու անհրաժեշտութեան առջեւ պէտք է զգայ ինքզինք, որովհետեւ շրջանին մէջ եւ անկէ դուրս միջազգային ահաբեկչութեան այսօրուան դրսեւորումները ցեղային զտումներու կ՛ենթարկեն տարածքներ ամբողջ, կը քանդեն դարաւոր քաղաքակրթութեան մշակութային ժառանգութիւններ, կը պայթեցնեն եկեղեցիներ: Ապա ան ըսաւ, որ միջազգային կառոյցները պէտք է յաջողին կանխարգիլել ցեղասպանութիւններու գործադրութիւնը, իսկ այդ հոլովոյթին համար անհրաժեշտ է, որ միջազգայնօրէն դատապարտուի 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ ցեղասպանուած ժողովուրդը վերատիրանայ իր բոլոր իրաւունքներուն:
Շահան Գանտահարեան եզրափակեց իր խօսքը նշելով. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը ա՛յս մօտեցումներով եւ սկզբունքներով պիտի շարունակէ աշխատիլ քաղաքական, պետական, դիւանագիտական եւ հասարակական շրջանակներուն մօտ ընդգծելու այս հրամայականը: Համոզուած ենք, որ արդարութիւնը կը վերականգնի»:
Հաւաքին խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր: Ան ըսաւ, որ խորհրդանշական է մասնակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած այս երեկոյթին: Ան ընդգծեց, որ հպարտ է հայութեամբ եւ Լիբանանի մէջ հայոց ներկայութեամբ` իբրեւ հաւատարիմ քաղաքացիներ, որոնք ապրեցան Լիբանանի մէջ, շէնցուցին երկիրը եւ զարգացան: Ան նշեց նաեւ, որ հպարտ է, որ Լիբանանի խորհրդարանը եւ պետութիւնը ընդունած ու ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան յայտնեց իր զօրակցութիւնը` նշելով, որ «կը միանանք հայ ազգի զաւակներուն` արդարութիւն պահանջելու եւ դատապարտելու այն, ինչ որ կատարուեցաւ հայութեան հետ 100 տարի առաջ»:
Մուխայպեր շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումին եւ ոգեկոչման կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դատապարտել մարդկութեան դէմ կատարուած ամէնէն տգեղ ոճրագործութիւնը եւ տարածել ճշմարտութիւնը: Ղասսան Մուխայպեր ըսաւ. «Այսօր կը զօրակցինք հայ ժողովուրդին եւ կը մասնակցինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման` արտասանելով միայն երեք բառ. «Բոլորս հայ ենք»: Խստօրէն կը դատապարտենք ցեղասպանութեան արարքը, որովհետեւ չենք ուզեր, որ կրկնուի: Յոյսով ենք, որ Թուրքիա կը վերադարձնէ հայ ժողովուրդի իրաւունքները, հողային տարածքները, իսկ ամէնէն կարեւորը` արդարութիւնը չշարունակէ մնալ արձանագրուած գիրքերուն մէջ, այլ վերածուի հատուցման»:
Մուխայպեր եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Մարդկութեան անունով ձեզի կը միանանք: Մեր ձայնը կը միացնենք ձեր ձայնին, չենք մոռնար ձեզի հետ կատարուած ոճիրը: Մենք ձեր կողքին ենք, արդարութեան կողքին ենք»:
Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` այս խորհրդանշական հաւաքին իրենց մասնակցութեան համար: Ան երախտագիտական իր խօսքը ուղղեց Լիբանանի իշխանութիւններուն, ժողովուրդին, պետութեան, որոնք սրտբաց ընդունեցին եւ իրենց երկրին դռները բացին տարագիր ու գաղթական հայ ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ: Հայ ազգի զաւակները արմատ նետելով Լիբանանի հողին վրայ դարձան այս երկրի արժանաւոր քաղաքացիներ, միաժամանակ մնացին հաւատարիմ իրենց ինքնութեան:
Նախարար Յակոբեան առանձնայատուկ ձեւով շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր երկիրներուն, ինչպէս նաեւ կրօնական, միջազգային ոչ պետական կազմակերպութիւններուն, որոնք քաղաքական խիզախութիւն ունեցան ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պայքարեցան մարդկութեան դէմ ուղղուած վայրագ ոճրագործութիւններուն դէմ` յանուն մարդու իրաւունքներուն եւ ազատութեան:
Նախարար Յակոբեան նաեւ մէջբերեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքը` արտասանուած ՄԱԿ-ի նիստին. «Շնորհակալութիւն Ուրուկուէյ, Ֆրանսա, Ռուսիա:
Շնորհակալութիւն Իտալիա, Պելճիքա, Հոլանտա, Զուիցերիա, Շուէտ:
Շնորհակալութիւն Գերմանիա, Լեհաստան, Լիթուանիա, Յունաստան, Սլովաքիա, Կիպրոս:
Շնորհակալութիւն Լիբանան, Արժանթին, Վենեզուելա, Չիլի, Քանատա, Վատիկան:
Շնորհակալութիւն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու համար` անկախ այդ ճանաչման ձեւաչափէն եւ օգտագործուած ձեւակերպումներէն»:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան երախտապարտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կեանքի գնով փրկած են հայ ծերերը, մայրերը, մանուկները, եւ ամէն տեղ կառուցած ծերանոցներ, որբանոցներ, եւ որոնք օգնած ու կարեկցած են դժուարութեան մէջ յայտնուած հայ ժողովուրդի զաւակներուն:
Ան նկատել տուաւ, որ ինչքան ցաւալի է, երբ ներկայ Թուրքիան ճիգ չի խնայեր աղաւաղելու, հերքելու եւ կեղծելու ճշմարտութիւնը միջազգային մակարդակի վրայ` նշելով միաժամանակ, որ օր մը Թուրքիան պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ ներկայիս ան կը գտնուի ճգնաժամային վիճակի մէջ: Թուրք ժողովուրդէն շատեր արդէն կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, շատեր սկսեր են սերտել իրենց իսկական պատմութիւնը, միւս կողմէ` հայ ժողովուրդը պիտի չլռէ եւ պիտի պահանջէ իր իրաւունքները` անհատաբար եւ ազգովին:
Նախարար Յակոբեան աւարտեց իր խօսքը ըսելով, որ «100 տարի ետք կը յիշենք մեր նահատակները, որոնք զոհ գացին թրքական պետական քաղաքականութեան, կը յիշենք ողբերգութիւնը հայ, յոյն, ասորի եւ այլ ազգերու ընտանիքներուն, կը յիշենք մեր կորսնցուցած ամէն մէկ տարածքը, եկեղեցին, դպրոցը, ամէն մէկ խաչքարը եւ մեր մշակոյթի բոլոր բաղադրիչները: Կը յիշենք մեր նախահայրերուն ծննդավայրի ամէն մէկ կտորը: Մենք յաղթեցինք մահուան, յաղթեցինք օսմանեան Թուրքիոյ քաղաքականութեան: Այսօր մենք յաղթահարած ենք բոլոր դժուարութիւնները եւ դարձած ենք հզօր ազգ: Ազգովին պիտի շարունակենք պայքարը` յանուն արդարութեան հաստատման եւ մեր իրաւունքներու վերատիրացման»:
Պաշտօնական հաւաքի աւարտին ներկաները ունկնդրեցին կտորներ հայ երգէն ու երաժշտութենէն` գործադրուած գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին:
Շողիկ Թորոսեան մեներգեց Կոմիտասի «Անտունի»-ն եւ «Փիեթա Սինստր»-ը` ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի: Հրաչ Իսահակեան ֆլիւթով նուագեց Կոմիտասի «Կռունկ» եւ «Ծիրանի ծառ» կտորները` Յասմիկ Գասպարեանի ընկերակցութեամբ: Ելոյթ ունեցան նաեւ ջութակահարներ Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեան եղբայրները` ընկերակցութեամբ Նարէ Աղասարգիսեանին: Ցուցադրուեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած պաստառներ սքանտինաւեան արխիւներէն եւ միջազգային մամուլէն:
Աւարտին դեսպանատան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն: