Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Քրտական Խաղաղութիւն Եւ Ժողովրդավարութիւն Կուսակցութեան Երիտասարդականի Խորհրդաժողովին

March 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-16-15_donigՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ գրասենեակին կազմակերպումով` ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը 13-էն 15 մարտին մասնակցեցաւ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան  երիտասարդականի կազմակերպած խորհրդաժողովին` Տիգրանակերտի մէջ: Պատուիրակութեան անդամներն էին Տօնիկ Տօնապետեան եւ Ցոլեր Աղճեան` Լիբանանէն:

Անիկա կը կոչուէր «Միջին Արեւելքի ժողովրդավար երիտասարդութեան Ա. խորհրդաժողով» եւ անոր նշանաբանն էր` «Երիտասարդութիւնը իր ուժը պիտի ստեղծէ եւ Միջին Արեւելքը պիտի ազատագրէ»:

Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին ընկերվարական երիտասարդական միութիւններ տարբեր երկիրներէ եւ շրջաններէ` Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջան, Պաղեստին, Եգիպտոս, Ալճերիա, Թունուզ, Լիբանան եւ Թուրքիոյ մէջ գործող երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ եկած ոչ միութենական երիտասարդներ: Նշելի է, որ ներկայ էր նաեւ Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:

Խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Տիգրանակերտի «Շեքարխոյն» համալիրին մէջ, ուր ներկայ էին աւելի քան 700 ուսանողներ, երիտասարդներ եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններ ներկայացուցիչներ:

Խորհրդաժողովը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Թուրքիոյ մէջ տիրող երիտասարդական, տնտեսական, քաղաքական, ժողովուրդներու ազատագրութեան, ազատ կամքի արտայայտութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի ձեռքբերման նիւթերուն վրայ:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները իրենց խօսքը արտասանեցին` նախ հայերէնով, ապա` թրքերէնով:

Անոնք ողջունելով Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդականի կազմակերպած խորհրդաժողովը, կեդրոնացան հայ ժողովուրդի անցեալի եւ ներկայի կացութեան, Արեւմտահայաստանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին, կրօնափոխ հայերու հարցերուն եւ ընդհանրապէս Հայոց ցեղասպանութեան վրայ, որն իր անդրադարձը  ունեցած է Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան վրայ: ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին համար, շեշտեցին հայ-քրտական փոխյարաբերութիւններու կարեւորութիւնը արծարծուած որոշ հարցեր միասնաբար լուծելու նպատակով:

Խորհրդաժողովէն բացի ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ  ունեցած է տարբեր երկիրներէ եկած պատուիրակութիւններու հետ:

Նշենք, որ ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները անցեալ տարի եւս մասնակցած էին Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդականի կազմակերպած խորհրդաժողովին` Տիգրանակերտի մէջ:

 

Նախորդը

Անգարա Կը Դժգոհի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչ Բովանդակող Եւրոպական Խորհուրդի Զեկուցումէն

Յաջորդը

Յարգանք` Սողոմոն Թեհլիրեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.