Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Միջդպրոցական Գծագրական Աւանդութեան Վերածուած Մրցանք

Մարտ 17, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-15-15roslinՀամազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը տարիներէ ի վեր սովորութիւն դարձուցած է կազմակերպումը միջդպրոցական գծագրական մրցանքի, որ յաճախ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ դպրոցականներուն մէջ, կը խրախուսէ զանոնք եւ ճամբայ կը հարթէ դէպի յաւելեալ մասնագիտացում: Այս տարի այս մրցումը իր շուրջ համախմբեց 19 հայկական դպրոցներէ 49 աշակերտներ, որոնք այս մրցումին ճամբով նոր փորձառութիւն ապրելու եւ իրենց ձիրքերը դրսեւորելու ու հանրութեան ներկայացնելու ուրոյն կարելիութիւն ունեցան: Այս տարուան մրցումը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Շաբաթ, 14 մարտի առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրուան 12:00 տեղի ունեցաւ մրցումը, իսկ կէսօրուան ժամը 1:00-2:00 հրապարակային ցուցահանդէս` ներկայութեամբ աշակերտներուն ծնողներուն եւ արուեստասէրներուն: Օրուան հիւր արուեստագէտն էր արուեստի վաստակաւոր գործիչ, քանդակագործ Զաւէն Խտըշեան:

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անունով մրցանքին մասնակից աշակերտներուն բարի գալուստ ու յաջողութիւն մաղթեց  Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ դիտել տուաւ, թէ նման մրցումներ կրնան արուեստի նկատմամբ սիրոյ սերմեր ցանել եւ առիթ ըլլալ, որ իբրեւ ասպարէզ նկատի առնուի նաեւ այս բնագաւառը: Կ. Գապասագալեան ամփոփ գիծերու մէջ աշակերտներուն ներկայացուց նաեւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կողքին գործող Համազգայինի գեղարուեստի միւս դպրոցներն ու միաւորները: Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնը լուսարձակի տակ առաւ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ արուեստի կարեւորութիւնը` նշելով, որ անիկա դէպի գեղեցկութիւն եւ խաղաղութիւն ընթանալու ուրոյն ուղի է: Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւր արուեստագէտին, ծնողներուն եւ աշակերտներուն` իրենց մասնակցութեան համար:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեան, որ լուսարձակի տակ առնելով արուեստի կարեւորութիւնը` կոչ ուղղեց գուրգուրալու նոր սերունդին, յատկապէս տաղանդաւոր տարրերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ըլլան ապագայի հայ արուեստագէտները, հայկական արուեստն ու մշակոյթը պիտի ներկայացնեն աշխարհին: Ան նաեւ աշակերտներուն թելադրեց լրջութեամբ մօտենալ արուեստին, որովհետեւ այդպիսով կարելի է յառաջդիմել եւ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրել:

Ապա բաժինի վարիչ Ռազմիկ Պերթիզլեանի ղեկավարութեամբ աշխատանքի լծուեցան մրցանքին մասնակից աշակերտները, որոնք բաժնուած էին տարիքային երեք խումբերու` 6-8 տարեկան աշակերտները մաս կը կազմէին առաջին խումբին, 9-12 տարեկանները` երկրորդ խումբին եւ 13-16 տարեկանները` երրորդ խումբին:

Կէսօրուան ժամը 1:00-ին աւարտեցաւ մրցումը, ընտրուեցան իւրաքանչիւր խումբի երեք լաւագոյն մասնակիցները: 6-էն 8 տարեկան խմբակին առաջինը հանդիսացաւ Լուչիանա Ղազարեան` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, Յովսէփ Կիւրիւնեան` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, Մարլեն Յակոբեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն: 9-էն 12 տարեկաններու խմբակէն առաջնութիւնը խլեց Հուրի Օհանեան` Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանէն, երկրորդ դիրքին վրայ էր Յովհան Հալաճեան` Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանէն, երրորդ` Լուչիանա Տիրացուեան` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն: 13-էն 16 տարեկան   խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Գէորգ Տէտէեան` Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանէն, երկրորդ` Լիլիթ Մկրեան` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, երրորդ` Ալիսիա Լեւոնեան` Սահակեան-Մկրտիչեան վարժարանէն:

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր խումբէն առաջին հանդիսացող աշակերտը ստացաւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2015-2016 տարեշրջանի կրթաթոշակ, երկրորդը` կրթաթոշակէն 50 առ հարիւրը եւ երրորդը` 25 առ հարիւրը: Այս առիթով շնորհակալ նախաձեռնութեամբ մը այս տարի եւս բոլոր մասնակիցները նուէրներ` գծագրութեան վերաբերող իրեր ստացան Արամ Պոսնոյեանի կողմէ` «Ֆէյպըր Քեսըլ» հաստատութենէն:

Նախորդը

Այնթապի Հայերի Կոտորածի Մանրամասների Մասին Պատմում Է Ումիթ Քուրթը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան  Քաղաքային Առաքելութիւնը Կը Ծրագրէ 3 Յաւելեալ  Գործողութեան Հանգոյց Հիմնել Ջերմուկի,  Իջեւանի Եւ Եղէգնաձորի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Քաղաքային Առաքելութիւնը Կը Ծրագրէ 3 Յաւելեալ Գործողութեան Հանգոյց Հիմնել Ջերմուկի, Իջեւանի Եւ Եղէգնաձորի Մէջ

Յունիս 8, 2023
Ազրպէյճան Տեղեկատուութիւն Տրամադրած Է  Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին  Առեւանգուած 2 Հայ Զինուորի Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճան Տեղեկատուութիւն Տրամադրած Է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին Առեւանգուած 2 Հայ Զինուորի Վերաբերեալ

Յունիս 8, 2023
Պայրամով. «Ազրպէյճանը Հայաստանէն  Քաղաքական Կամք Կ՛ակնկալէ Երեք Ուղղութեամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Ազրպէյճանը Հայաստանէն Քաղաքական Կամք Կ՛ակնկալէ Երեք Ուղղութեամբ»

Յունիս 8, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In