Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան շուրջ խորհրդակցութիւնները եզրափակիչ հանգրուանի մէջ են, Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական յանձնախումբի նիստին երէկ յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
«Հայաստան պատրաստ է բոլոր ձեւաչափերով, հաւանական մարզերով եւ ուղղութիւններով շարունակել Եւրոպական Միութեան հետ համապարփակ համագործակցութիւնը` նկատի ունենալով մեր պարտաւորութիւնները այլ համարկման հոլովոյթներուն մէջ», ըսած է Նալբանդեան:
Եւրոպական Միութեան հետ պատրաստուող նոր համաձայնագիրը պիտի ներառէ այն մարզերը, որոնք չեն հակասեր Եւրասիական միութեան:
Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի համանախագահ Հեյտի Հաութալա «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է, որ համագործակցութիւն կարելի է մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, անկախ դատական համակարգ ունենալու, ինչպէս նաեւ տնտեսական բարեփոխումներ իրականացնելու համար:
«Նոր համաձայնագիրը, որ կը քննարկուի, ընկերակցման համաձայնագիր չէ, ատիկա իւրայատուկ համաձայնագիր է, որ, իմ տուեալներովս, տակաւին նոյնիսկ անուն չունի: Մենք պէտք է հասկնանք` ինչ բանի կարիք ունի Հայաստան: Համաձայնագիրի կնքման համար վերջնական ժամկէտ չկայ, բայց, անշուշտ պէտք է բազմապատկուած բանակցութիւններ կատարուին», ըսած է Հաութալա:
Եւրոպացի պաշտօնատարները կը յայտարարէին, որ Հայաստան պէտք է յանձնառու մնայ եւրոպական ուղղութեան, բայց առաւելապէս դիւանագիտական բառապաշար կ՛օգտագործէին: Տարբերուող էր հասարակական կազմակերպութիւններ ներկայացնող արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի ղեկավար խորհուրդի համանախագահ Քշիշթոֆ Պոպինսքիի ելոյթը: Ան քննադատած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւնները եւ նշած է, որ, բազմաթիւ պարագաներու դէտերը աչք փակած են խախտումներու նկատմամբ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդիրին, սլովենական «Թնեւնիք» օրաթերթին վերջերս տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր, որ Հայաստան կը նախընտրէր, որ Ռուսիա զէնք չվաճառէր Ազրպէյճանին: «Ազատութեան» հարցումին, թէ արդեօ՞ք այս մտահոգութիւնը արծարծուած է նաեւ ռուս պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներու ատեն, եւ արդեօ՞ք արձագանգ եղած է, Նալբանդեան երէկ պատասխանած է. «Դուք անիմաստ հարցումներ կու տաք»:
Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց
Եւրանեսթի Խորհրդարանական
Վեհաժողովի Բիւրոյի Անդամները
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրոյի անդամները, որոնք Հայաստան եկած են 16-18 մարտին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Եւրանեսթի չորրորդ լիագումար նիստի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով:
Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքին, Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ խորհրդարանական վեհաժողովի ընթացիկ լիագումար նիստը արդիւնաւէտ ըլլայ, եւ օրակարգի հարցերուն շուրջ խորհրդարանական ձեւաչափով ընթացող քննարկումներն ու ընդունուելիք բանաձեւերը նպաստեն Եւրոպական Միութեան եւ գործընկեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման: Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ կառուցողական եւ արդիւնաւէտ քննարկումներու համար կան բոլոր նախադրեալները:
Կողմերը անդրադարձած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան եւ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարին, այդ հարցին մէջ Եւրանեսթի ուրոյն տեղին եւ դերին: Զրուցակիցները յոյս յայտնած են, որ երեւանեան խորհրդարանական հանդիպումները կարեւոր հանգրուան կը դառնան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման համար:
«Հիւրերուն խնդրանքով նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու որոշման հիմքի գործօններուն, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ Հայաստանի ջանքերուն, շրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապակցութեամբ 2015 թուականին ընթացքին Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ նախատեսուած ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ անոնց խորհուրդին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան պատասխանած է նաեւ Եւրանեսթի բիւրոյի անդամները հետաքրքրող հարցումներուն», կը նշէ պաշտօնական աղբիւրը:
Արծուիկ Մինասեան Եւրանեսթի Նիստին
Արծարծեց Փակ Սահմաններու Խնդիրը
Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի չորրորդ լիագումար նիստին ընթացքին իրենց նկատառումները որոշ խնդիրներու վերաբերեալ ներկայացուցած են նաեւ հայ պատգամաւորները:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան ներկայացուցած է փակ սահմաններու վերացման հարցը: «Կարեւոր կը նկատեմ, որ Եւրոպա բաւարար ջանքեր գործադրէ փակ սահմաններու վերացման ուղղութեամբ: Թուրքիա եւ Ազրպէյճան արդէն 20 տարի է Հայաստանի նկատմամբ կը կիրարկեն շրջափակման քաղաքականութիւն: Հայաստան չունի ելք դէպի ծով, եւ Եւրոպայի հետ զայն կապող միակ սահմանը Վրաստանն է: Շատ կարեւոր կը նկատեմ, որ Եւրոպական Միութիւնը ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի Թուրքիա առանց նախապայմաններու բանայ սահմանները, այդ պարագային Հայաստան աւելի մեծ կարելիութիւններ կ՛ունենայ համարկուելու Եւրոպայի հետ», ըսած է պատգամաւորը: