Այնճարի Մէջ
Կիրակի, 15 մարտ 2015-ին, Այնճար այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի պատկերասրահի տնօրէն Նունէ Աւետիսեանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներու:
Նախարարը ընկերակցող պատուիրակութեան հետ Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ դիմաւորուեցաւ նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին եւ համայնքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
«Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ նախարարը ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան զեկուցեց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Այնճարի մէջ կատարուելիք ձեռնարկներուն մասին:
Ապա` Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան զեկուցեց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով կատարուելիք շարք մը ձեռնարկներուն մասին: Հաւաթեան ըսաւ, թէ յառաջիկայ օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն Այնճարի մէջ ծրագրուած են 16 ձեռնարկներ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով, իսկ Պէյրութի մէջ նախատեսուած են երկու ձեռնարկներ: Ան նշեց, որ Այնճարի մէջ ձեռնարկներու աւարտէն ետք համայն մուսալեռցիք պիտի ուղղուին դէպի հայրենիք, ուր տեղի պիտի ունենայ 100-ամեակի եզրափակիչ ձեռնարկները` կազմակերպութեամբ Հայաստանի մէջ Մուսա լերան հայրենակցական միութեան:
Նախարարը լսելէ ետք զեկուցումները կատարեց իր թելադրութիւնները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու զոյգ 100-ամեակներու ձեռնարկներու իրագործման:
Ապա յանուն ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի գործավար Ռիթա Քիւսպեքեան նախարարին յանձնեց Այնճարի աւանդական ասեղնագոծ ձեռագործ մը: Ապա տեղի ունեցաւ աւանդական Մուսա լերան նախաճաշի հիւրասիրութիւն:
Այնուհետեւ նախարարը եւ իր ընկերակիցները ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբի առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի Ս. Պօղոս եկեղեցի, որուն շրջափակին մէջ նախարարին դիմաւորեցին Վարուժան արք. Հերկելեան, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդն ու Այնճարի 3 վարժարաններու աշակերտները եւ ուսուցիչները, եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Նախարար Յակոբեան ներկայ գտնուեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած եղեռնի նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութեան, որմէ ետք ան ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձան եւ ծաղկեպսակ զետեղելով յարգեց յիշատակը Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն:
Նախարարը լուսանկարուեցաւ գիւղի աշակերտութեան հետ` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսին հովանիին տակ:
Ապա նախարարը եւ հայրենակիցներու բազմութիւնը ուղղուեցան դէպի « Գ. Կիւլպենկեան» սրահ, ուր Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ենք, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան բոլոր հայրենակիցներուն անունով բարի գալուստի խօսք ուղղեց նախարարին եւ իր ընկերակիցներուն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին Այնճարի հայութեան նկատմամբ իր ջերմ վերաբերումին համար, գնահատեց Հայաստանի դեսպանութեան ընծայած դիւրութիւնը հայաստանեան քաղաքացիութիւն տրամադրելու համար Այնճարի հայրենակիցներուն, ապա հրաւիրեց նախարարը իր սրտի խօսքը փոխանցելու Այնճարի հայութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ըսաւ, թէ հայը, ուր որ հաստատուի, կը կազմէ փոքրիկ Հայաստան մը հոն` ունենալով դպրոցներ, ակումբներ եւ միութիւններ, եւ ասոր փաստերէն մէկն ալ Այնճարն է: Ան ըսաւ, թէ մենք իբրեւ ցեղասպանութեան վերապրողներու ժառանգորդներ ունինք անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքներ, ինչպէս նաեւ հատուցման հարցեր` Թուրքիոյ կառավարութենէն:
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան` նախարարը ըսաւ, թէ Հայաստանի պետութիւնը կարելին կ՛ընէ սուրիահայերը Հայաստանի մէջ պահելու ու պահպանելու եւ լուծելու իրենց կրթական, առողջապահական եւ բնակարանային բոլոր խնդիրները:
Վերջապէս ան իր խօսքը ուղղելով մուսալեռցի-այնճարցիներուն ըսաւ. «Սիրելի՛ այնճարցի- մուսալեռցիներ, ես ձեզմով շատ հպարտ եմ եւ բոլոր իմ ճառերուս եւ բոլոր իմ հանդիպումներուս ընթացքին ես միշտ կը բերեմ Այնճարի օրինակը»:
Ձեռնարկի աւարտին նախարարը Այնճարի քաղաքապետին յանձնեց յատուկ յուշանուէր:
Այցելութիւն` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական
Վարչութեան Կեդրոնատեղի
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, շաբաթ, 14 մարտ 2015-ի յետմիջօրէին այցելեց ՀՄԸՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան կեդրոնատեղի, ուր հիւրերը դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դիւանին կողմէ: ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղէն սկաուտական խմբակ մը «Պատուի ա՛ռ»-ով ընդունեց սփիւռքի նախարարն ու դեսպանը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները:
Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բարի գալուստ մաղթեց սփիւռքի նախարարին ու դեսպանին` կարեւոր նկատելով սփիւռքի նախարարութիւն-ՀՄԸՄ փոխադարձ գործակցութիւնը: Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ առիթ կը ստեղծուի յաճախակի հանդիպումներու, սակայն սփիւռքի նախարարին եւ Հայաստանի դեսպանին առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է ՀՄԸՄ-ի կեդրոնատեղի: Գ. Մկրտիչեան աւելցուց, որ սեպտեմբերի սկիզբը Հայաստանի մէջ պիտի գումարուի ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 11-րդ ժողովը, որուն ներկայ պիտի գտնուին ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքի ներկայացուցիչները. այս առիթով ան հրաւիրեց սփիւռքի նախարարը` ներկայ գտնուելու բացման հանդիսութեան: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ հակառակ սեղմ ժամանակացոյցին, սոյն այցելութիւնը կարելի եղաւ իրականացնել` իբրեւ համագործակցութեան յաւելեալ փաստ:
Հրանուշ Յակոբեան նոյնպէս կարեւոր նկատեց սփիւռքի նախարարութիւն-ՀՄԸՄ համագործակցութիւնը, նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս այցելութեան համար: Ան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ականները արդէն իսկ ամէն տարի Հայաստանի մէջ բանակումներով կամ մարզախաղերով իրենց ներկայութիւնը փաստած են ու կը գիտակցին, թէ իրենք միշտ կապուածութիւն մը ունին հայրենիքին նկատմամբ: Հրանուշ Յակոբեան կեդրոնացաւ ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին ու ընդհանրապէս տարբեր առիթներով որդեգրուած ՀՄԸՄ-ական նշանաբաններուն վրայ, որոնք կարճ եւ դիպուկ` լի են պատասխանատուութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ: Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՄԸՄ-ի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին անդրադառնալով` նախարար Յակոբեան նշեց, որ նմանօրինակ գործակցութիւններ յաւելեալ փաստեր են համագործակցութեան եւ կապուածութեան: Յակոբեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ գումարուած Հայաստան-սփիւռք 5-րդ խորհրդաժողովի արձագանգն ալ դրական եղած է:
Սփիւռքի նախարարը կարեւոր նկատեց ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը, որ, հակառակ դարու զանազան դժուարութիւններուն, տակաւին կը յաջողի հայ մանուկն ու երիտասարդը իբրեւ օրինակելի հայեր դաստիարակելու առումով: Ան փոխանցեց, որ ինք հպարտութեամբ կը վկայէ ՀՄԸՄ-ականներուն օրինակելի կեցուածքին մասին բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր այցելած է` նշելով, որ ինք վստահ է, որ միութեան վեհ առաքելութիւնը պիտի շարունակուի:
Նախարարը լուսարձակի տակ առաւ լիբանանահայ գաղութին կարեւորութիւնը` նշելով, որ ուժ կարելի է առնել անկէ, զօրանալ անոր մշակութային ու երիտասարդական աշխուժութեամբ: Հ. Յակոբեան յայտնեց, որ հպարտութեամբ լսած ու ընդունած է Լիբանանի պետական անձնաւորութիւններուն կողմէ լիբանանահայ գաղութին մասին արտասանուած դրական խօսքերը:
Աւարտին Գառնիկ Մկրտիչեան յուշանուէր մը յանձնեց նախարար Յակոբեանին:
Միջինարեւելեան Երկիրներու 100-Ամեակի
Կեդրոնական Մարմիններու
Ներկայացուցիչներուն Հետ Հանդիպում
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու համակարգումի ճիգերուն ծիրին մէջ ուրբաթ, 13 մարտ 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, զեկուցում-հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ` ներկայութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շրջանային, յատկապէս` Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի կեդրոնական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց ներկաները եւ յետադարձ ակնարկով թուեց նախապէս սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Լիբանան այցելութեանց հանգրուանները: Դեսպան Քոչարեան յայտնեց, որ նախարար Յակոբեանի այս այցելութիւնը իրականացաւ շնորհիւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի նախաձեռնութեան եւ աջակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան: «Իրօք, կարեւոր եւ նպատակայարմար է այս հանգրուանին տիկին նախարարին այցելութիւնը Պէյրութ, որ առաջինն էր, որ արձագանգեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրին եւ ստեղծեց 100-ամեակի շրջանային յանձնախումբ», ընդգծեց դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ խօսքը փոխանցեց սփիւռքի նախարարին:
Նախարար Յակոբեան սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի մարմիններու կազմութեան պայմաններուն` թուելով, թէ աւելի քան յիսուն երկիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի վաթսունէ աւելի շրջանային յանձնախումբեր կան: Յակոբեան նշեց կարգ մը երկիրներու մէջ անջատ յանձնախումբերու կազմութեան պայմանները, ինչպէս` Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը: Ապա ան թուեց 100-ամեակի ոգեկոչման գծով նախատեսուող հիմնական քայլերն ու ձեռնարկները: Ան դրուատիքով յիշեց միջազգային հեղինակաւոր մարմիններու եւ երկիրներու հայանպաստ կեցուածքը, ինչպէս` Եւրոպական խորհրդարանի կոչը անդամ պետութեանց` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այլն: Ապա նախարար Յակոբեան թուեց 100-ամեակին գծով հայրենիքի մէջ նախատեսուող ու կազմակերպուելիք գլխաւոր ձեռնարկները:
Նախարար Յակոբեան թուեց նաեւ այս առիթով գլխաւոր մայրաքաղաքներու եւ կեդրոններու մէջ տեղի ունենալիք գլխաւոր ձեռնարկները, ինչպէս` պատարագ Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթըն քաղաքին մէջ` մասնակցութեամբ նախագահ Սարգսեանի եւ երկու կաթողիկոսներուն: Իսկ 12 ապրիլ 2015-ին Վատիկանի մէջ նախատեսուող Ս. պատարագը` հանդիսապետութեամբ Հռոմի պապին եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի դասումը տիեզերական եկեղեցւոյ 35 վարդապետներու շարքին եւ այլն:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին Սուրիոյ (Դամասկոսի), Եգիպտոսի եւ Լիբանանի ներկայացուցիչները` զեկուցելով նշեալ գաղութներուն մէջ ծրագրուած ու նախատեսուող 100-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկներուն եւ այս գծով տեղական պատկան մարմիններուն հետ հաստատուած կապերուն մասին:
Աւարտին նախարար Յակոբեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: