Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլ Եւ Էրտողանի Թուրքիան Մէկ Մետալին Երկու Երեսներն Են` Ահաբեկչութիւն Եւ Ցեղասպանութիւն» Յայտնեց Յ. Բագրատունի

Մարտ 31, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-30-15_hagop-pakradounianՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Պաաս» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմին առաջին իսկ օրէն իրենք շեշտած են, որ այս պատերազմը ո՛չ բարեկարգումներու, ո՛չ ժողովրդավարութեան եւ ո՛չ ալ մարդկային իրաւունքներու հետ կապ ունի, այլ` անիկա պատերազմ մըն է, որուն նպատակն է հարուածել Սուրիան, որ սիոնականութեան դէմ կը ներկայանայ իբրեւ հզօր ուժ:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքականութիւնը անձնական կամ համայնքային շահերու վրայ չէ հիմնուած` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութենէն եւ բռնագաղթէն ետք հայութեան արիւնը շաղախուած է Սուրիոյ հողին: «Իսկ այսօր Սուրիա` իբրեւ պետութիւն, ժողովուրդ եւ հաստատութիւններ, կը պայքարի երկրին ազատութեան, անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան համար` մերժելով տեղահանութիւնը եւ սպանութիւնը, որոնք Օսմանեան կայսրութեան օրերէն կտակուած են եւ որոնց պատճառով սուրիական հողերէն դէպի շրջակայ երկիրներ բռնագաղթի ենթարկուած են հազարաւոր բնակիչներ, ամէնէն տգեղ ձեւերով ու միջոցներով: Այդ ձեւերը մեր յիշողութեան մէջ կ՛արթնցնեն օսմանցիներուն կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան օրերը, որոնց կրկնօրինակը կ՛ապրինք այս հանգրուանին», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իբրեւ լիբանանահայեր` սուրիահայ իրենց եղբայրներուն կողքին կը մաղթեն, որ Սուրիոյ պատերազմը աւարտի եւ կարելի ըլլայ հասնիլ սուրիացի ժողովուրդը գոհացնող քաղաքական լուծումի մը: «Սուրիոյ հետ հայութեան յարաբերութիւնը շահերու վրայ չէ հիմնուած, ոչ ալ անցողակի յարաբերութիւն մըն է, այլ` պատմական յարաբերութիւն, որ կ՛երթայ նախքան ցեղասպանութիւն, որ գործուեցաւ 100 տարի առաջ` շրջանին բնակիչներուն դէմ: Ցեղասպանութեան ընթացքին էր, որ գործադրուեցան սպանդներ, ջարդեր, անճիտում, տեղահանութիւն, որոնք այսօր եւս կը գործադրուին Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն կողմէ` պաղեստինեան հողերուն վրայ, Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Լիպիոյ եւ Թունուզի մէջ», ըսաւ Բագրատունի:

Պատասխանելով Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 100 տարի առաջ գործուած Եղեռնին եւ ներկայիս Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն կողմէ գործուած ջարդերուն եւ սպանդներուն միջեւ նմանութեան մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մենք համոզուած ենք, որ Իսրայէլ եւ Էրտողանի Թուրքիան մէկ մետալին երկու երեսներն են` ահաբեկչութիւն եւ ցեղասպանութիւն: Անշուշտ պէտք չէ նաեւ մոռնալ Օսմանեան կայսրութեան եւ միջազգային սիոնականութեան միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, որոնք կ՛երթան Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան հիմնադրութիւնը նախորդող շրջանին, երբ սիոնականութեան եւ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի միջեւ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունէին, իսկ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարութեան մեծ մասը տէօնմէ հրեայ էին, ինչպէս` Թալէաթ փաշան եւ Էնվեր փաշան, որոնք օրին տիրեցին Թեսաղոնիկէ քաղաքին եւ սուլթան Ապտիւլ Համիտի բռնութեան դէմ պայքարելու պատրուակին ներքեւ հասան պատասխանատու դիրքերու` գործադրելու համար իրենց սպանդները եւ սպանութիւնները, որոնք ծանօթ են իբրեւ հայոց, ասորիներուն եւ այլ ազգութիւններու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւններ»:

Ան նշեց, որ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն կատարուածը քրիստոնեաներուն դէմ իսլամական պատերազմ չէր, սակայն իսլամութիւնը շահագործուեցաւ թուրանական քաղաքական նպատակներու համար, ինչ որ այսօր ՏԱՀԵՇ կը կատարէ: «100 տարի առաջ պատահած սպանդներն ու տեղահանութիւնը գործադրուեցան նաեւ Պաղեստինը տարանջատելու եւ Նաքպայի օրերուն, իսկ այսօր Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի մէջ գործադրուած բռնարարքները նոյն ոճով կը կրկնուին հաւատադրժողական ահաբեկչութեան կողմէ` շրջանի պետութիւններուն եւ բնակիչներուն դէմ, Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Լիպիոյ եւ Թունուզի մէջ: Այդ սպանդները մերթ ընդ մերթ կը ստանան սպանութեան, բռնաբարումի, պղծելու, տեղահանելու եւ բռնագաղթի ենթարկելու նոր մեթոտներ: Բայց եւ այնպէս անոնք բոլորը ունին օսմանեան «մշակոյթ»-ի երանգներ, որոնք կը ներկայացուին լրատուական աննախընթաց շրջանակի մէջ», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ այս բոլորը կը կատարուին «ժողովրդավար», քաղաքակիրթ, մարդկային իրաւունքներ, ազգային ինքնորոշման իրաւունք, ազատութիւններ եւ գերիշխանութիւն պահանջող աշխարհին դիմաց:

Անդրադառնալով թրքական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ ահաբեկչութեան զօրակցելու ու կայունութիւնը հարուածելու մասին ՀՅԴ-ի կեցուածքին` երեսփոխան Յ. Բագրատունի ընդգծեց. «Մենք մարդոց եւ ղեկավարութիւններուն միջեւ տարբերութիւն չենք դներ, որովհետեւ համոզուած ենք, որ կայ շրջանը հարուածելու թրքական ամբողջական ծրագիր մը, որուն նպատակն է մասնատել շրջանը եւ արաբական շրջանը վերադարձնել օսմանեան իշխանութեան օրերը: Էրտողանի կուսակցութիւնը բազմիցս փորձեց աշխարհին ներկայանալ իբրեւ արաբական եւ պաղեստինեան դատին պաշտպան, ինչպէս էր պարագան Կազա ուղղուող «Մարմարա» նաւուն թատերախաղին, սակայն խորքին մէջ անոր հիմնական նպատակն էր թրքական քաղաքականութեան հիւրընկալ միջավայր գտնել, բան մը, որ չի զանազանուիր իսրայէլեան տարբերակէն, որ կը միտի օսմանականութիւնը վերադարձնել շրջան»:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ինք խստօրէն կը մերժէ «նոր օսմանցիներ» եզրը, որովհետեւ ինք համոզուած է, որ այսօրուան թուրքերը իրենց նախնիներուն` օսմանցիներուն կրկնօրինակներն են` հիմնուելով այն իրականութեան վրայ, որ արաբական աշխարհին մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները փաստած են, որ Թուրքիա դիմակազերծուած է եւ Լիպիոյ, Թունուզի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ անոր հետապնդած նպատակները` բացայայտուած: «Ճիշդ է, որ Թուրքիոյ մէջ կայ ընդդիմութիւն, սակայն ան անկարող է ինքզինք արտայայտել էրտողանի ու անոր կուսակցութեան վարած բռնատիրական քաղաքականութեան պատճառով», աւելցուց ան:

Սուրիոյ իրադարձութիւններուն մասին ՀՅԴ-ի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Սուրիան հայութիւնը հիւրընկալող երկիր եղած է: «Հայութեան արիւնը խառնուած է սուրիական հողին` Տէր Զօրէն մինչեւ Ռաքքա, Գամիշլի եւ այլ շրջաններ: Սուրիոյ եւ հայութեան միջեւ կան ամուր կապեր եւ պատմական յարաբերութիւններ: Մենք կը բաժնենք Սուրիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն ցաւը եւ կ՛ուզենք, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնուի: Այսօր Սուրիոյ մէջ պատահածը իսլամութենէ, շրջանին մէջ համերաշխութիւնն ու իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը պահպանելէ շատ հեռու է: Կը հաւատանք, որ Սուրիոյ մէջ իրաւունքը պիտի յաղթէ եւ պարտութեան պիտի մատնուին բոլոր անոնք, որոնք պղտոր ջուրերու մէջ որսալու փորձեր կը կատարեն, իսկ սուրիական բանակը, որ բոլոր սուրիացիները կը ներկայացնէ, ի վիճակի է դիմադրելու համաշխարհային ահաբեկչութեան եւ յաղթելու անոր», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

 

Նախորդը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Այլ Նիստի Մը

Յաջորդը

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով. «Երկխօսութիւնները Որոշակի Իրագործումներ Կատարած Են` Առանց Շօշափելու Իսկական Ցաւը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?