Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Սերկէյ Նարիշքինը

March 31, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-30-15_sergeՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ երէկ Հայաստան հասած Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի Պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինը:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային գործընկերութեան, համագործակցութեան բոլոր մարզերը ներառող երկկողմանի յարաբերութիւնները: Երկուստեք ընդգծուած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ  դաշնակցային փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն  միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները, որոնք արդիւնաւէտօրէն կը դրսեւորուին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու  խորհրդարանական վեհաժողովներու ծիրին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին եւ  Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովին միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի երկարամեայ գործունէութեան շնորհիւ միջխորհրդարանական կապերը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ունեցած են կայուն եւ աշխուժ բնոյթ: Յանձնախումբի նիստերուն  ընթացքին քննարկուող հարցերը, ըստ Սարգսեանի, կը վերաբերին երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան տարբեր մարզերուն եւ  կ՛օժանդակեն օրէնսդրական հիմքերու ստեղծման` ապահովելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ  միջեւ միջպետական համագործակցութեան ներդաշնակ զարգացումը:

Սերժ Սարգսեան եւ Սերկէյ Նարիշքին  անդրադարձած են նաեւ հայ-ռուսական առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու  զարգացման, համարկման նոր հոլովոյթներու ծիրին մէջ: Կողմերը ընդգծած են, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելով, Հայաստան եւ Ռուսիա փոխշահաւէտ գործընկերութիւնը բարձրացուցած են որակապէս նոր մակարդակի, եւ անհրաժեշտ է ընել կարելին, որպէսզի այդ միաւորումը լիարժէքօրէն օգտագործուի` ի նպաստ երկու բարեկամ ժողովուրդներու բարօրութեան:

Զրուցակիցները նաեւ միտքեր փոխանակած են  միջազգային եւ շրջանային խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու, որոնց շարքին` Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցերու շուրջ:

Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի Պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւանի օդակայանին մէջ երէկ դիմաւորած են հայ խորհրդարանականները` Ազգային ժողովի  փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորութեամբ:

Օդակայանին մէջ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Է. Շարմազանով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը խորհրդանշող անմոռուկ նուիրած է Սերկէյ Նարիշքինի, որ ապա հիւրընկալուած է Հայ-ռուսական համալսարանին մէջ:

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան եւ Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի Պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին մասնակցած են Հայ-ռուսական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին, որ նուիրուած էր Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին  յաղթանակի 70-ամեակին: Խորհրդաժողովի բացման արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ  Նաղտալեան, պատերազմի վեթերաններ, համալսարանի դասախօսներ եւ ուսանողներ:

Գալուստ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ 70 տարի առաջ նուաճուած յաղթանակը ժողովուրդներու միասնականութեան յաղթանակն էր: Աւելի քան վեց հարիւր հազար հայեր պայքարած են գերմանական ֆաշականութեան դէմ եւ իրենց մեծ ներդրումը ունեցած են յաղթանակի գործին մէջ: Սահակեան նշած է, որ յաղթանակի 70-ամեակի շեմին կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ըստ անոր, անտեսանելի կապ կայ դարասկիզբի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին միջեւ. թրքական ազգայնամոլութեան եւ հայատեացութեան զոհ դարձած են միլիոնաւոր անմեղ հայեր:

Ազգային ժողովի նախագահը շնորհաւորած է ներկաները Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին յաղթանակի 70-ամեակին առիթով` նշելով, որ պէտք է արթուն պահել ժողովուրդներու  յիշողութիւնը` յաղթելու, պատմական արդարութիւնը վերականգնելու համար:

Նախքան խորհրդաժողովի բացման արարողութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան  Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան եւ Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի Պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին Հայ-ռուսական համալսարանի բակի  Յաղթանակի նորաբաց ծառուղիին մէջ մասնակցած են ծառատնկումի արարողութեան` ի նշան երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան:

 

 

Նախորդը

Արցախ. «Հինգ Զինուորներու Զոհուելու Լուրը Հակառակորդին Վառ Երեւակայութեան Արգասիքն Է»

Յաջորդը

2 Ապրիլին Կը Լրանայ Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.