Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով. «Երկխօսութիւնները Որոշակի Իրագործումներ Կատարած Են` Առանց Շօշափելու Իսկական Ցաւը»

Մարտ 31, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-30-15_BKERKE-1Երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Նիստին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք եւ լիբանանեան այլ համայնքները ներկայացնող հոգեւոր պետեր:

Նիստէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը տեղեկացուց, որ հոգեւոր պետերու վեհաժողովը մտահոգութիւն եւ զայրոյթ յայտնած է նախագահական աթոռին թափուր մնալուն առնչութեամբ` աւելցնելով, որ այդ իրավիճակը Լիբանանի գերիշխանութեան, կայունութեան եւ անոր քաղաքակիրթ խառնուածքին համար վտանգ կը սպառնայ:

Հոգեւոր պետերը կոչ ուղղեցին քաղաքական ուժերու բոլոր պատասխանատուներուն` նկատի ունենալու երկրին գերագոյն շահերը եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահը:

Անոնք հաստատեցին, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով արձանագրուած ուշացումը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ պետական եւ սահմանադրական բոլոր հաստատութիւններուն վրայ` ընդգծելով, որ պէտք է խորհրդարանին մէջ գտնուող քուէատուփը գործածել եւ ընտրութիւն կատարել:

Այս շրջագիծին մէջ, անոնք գնահատեցին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ կատարուող երկխօսութիւնը:

Ապրուստի թղթածրարին առումով, հոգեւոր պետերու վեհաժողովը կոչ ուղղեց յաւելեալ հոգատարութիւն ցուցաբերելու լիբանանցիին տնտեսական եւ ընկերային կացութեան` արագացնելով պետական պիւտճէն ճշդելու, մսխումները նուազեցնելու եւ ներդրումները քաջալերելու կարեւորութիւնը:

Անոնք անդրադարձան նաեւ Լիբանան հասած իրաքցի եւ սուրիացի գաղթականներուն իրականութեան` հաստատելով, որ անիկա իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ Լիբանանի վրայ, սակայն նկատի ունենալով գաղթականներուն դիմագրաւած մարդասիրական պայմանները, անոնք հաստատեցին, որ միջազգային եւ արաբական ընտանիքները պէտք է հասկնան լիբանանցիներուն կարողութիւնը` մեծաթիւ գաղթականներ ընդունելու եւ զանոնք մնայուն գաղթականներու չվերածելու մասին:

Հոգեւոր պետերը ընդգծեցին, որ պէտք է լրջօրէն դիմադրել շրջանին մէջ տարածուած բացայայտ ահաբեկչութեան` մշակութային, կրթական, տնտեսական եւ հոգեւոր բառամթերքին օգտագործումին ընդմէջէն, յատկապէս կեդրոնանալով ներողամտութեան եւ համերաշխութեան հասկացողութիւններուն վրայ: Այս շրջագիծին մէջ անոնք զգուշացուցին արաբական աշխարհին մէջ քաղաքական խմբաւորումները յարանուանական հագուստով ներկայացնելէ:

Հոգեւոր վեհաժողովը շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչութիւնն ու բռնարարքները ոչ մէկ համայնք, յարանուանութիւն կամ ընկերութիւն խնայած է` աւելցնելով սակայն, որ Արեւելքի իւրայատկութիւնը համերաշխութիւնն է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ լիբանանցի հոգեւոր պետերուն վեհաժողովները պարբերական պիտի ըլլան, ինչպէս նաեւ դրուատիքով անդրադարձ կատարուեցաւ բանակին, շեշտուեցաւ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու կարեւորութիւնը, բանակն ու ապահովական կառոյցները զինելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

«Իսրայէլ Եւ Էրտողանի Թուրքիան Մէկ Մետալին Երկու Երեսներն Են` Ահաբեկչութիւն Եւ Ցեղասպանութիւն» Յայտնեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Կլոր Սեղանին Ընթացքին. Բագրատունի. «Կը Պահանջենք Ապրիլ 24-ը Յայտարարել Ցեղասպանութեան Դէմ Ազգային Զօրակցութեան Օր»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?