Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելութիւն` Փոխվարչապետ Մուքպելի Եւ Հազարապետ-Զօրավար Ապպաս Իպրահիմի

April 3, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-02-15_Mokbel_PakradouniՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, այցելեց փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի Եարզէի իր գրասենեակին մէջ:

Աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումին քննարկուեցաւ երկրին քաղաքական թէ ապահովութեան թատերաբեմերու զարգացումները եւ այդ իմաստով առնուելիք անհրաժեշտ քայլերը:

Կարեւորութեամբ նշուեցաւ բանակի ուժեղացման անհրաժեշտութիւնը եւ զայն քաղաքական վէճերէ դուրս պահելու հրամայականը:

Բագրատունի փոխվարչապետ Մուքպելին ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապակցաբար Լիբանանի թէ արտասահմանի ընդհանուր մթնոլորտը եւ Լիբանանի մէջ նախատեսուած նախաձեռնութիւնները:

Այցելութիւն` Ապպաս Իպրահիմի

Երեսփոխան Բագրատունի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց ապահովական ընդհանուր կացութիւնը եւ յատկապէս սուրիացի գաղթականներու Լիբանան մուտքին հետ առնչուող օրինական ձեւակերպութեանց խնդիրը: Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց օրինական սահմաններու վրայ դիւրութիւններ ընծայել Սուրիայէն կամ Իրաքէն եկող այն անհատներուն նկատմամբ, որոնք վտանգ չեն սպառնար Լիբանանի:

Այցելութիւններ` «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ընդունեց նաեւ այցելութիւնները «Ուաըտ» կուսակցութեան մէկ պատուիրակութեան` Ճօ Հըպէյքայի նախագահութեամբ, ինչպէս նաեւ Իսլամական բարեսիրական ծրագիրներու միութեան պատուիրակութիւնը` նախկին երեսփոխան Ատնան Թրապուլսիի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումները առիթ եղան երկրին քաղաքական զարգացումները քննելու կողքին արծարծելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցը եւ այդ գծով հայութեան սպասումները լիբանանեան քաղաքական եւ ժողովրդային շրջանակներէն:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Պատասխանը` Վարչապետին. «ՀՅԴ Պիտի Չանդամակցի Փտածութեան Դէմ Պայքարի Խորհուրդին»

Յաջորդը

Կիպրոսի Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.