Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խորհրդարանականները Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Յայտարարութիւն Ընդունեցին

April 1, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-31-15_francԵւրոպայի շրջանի Ֆրանսախօս երկիրներու  խորհրդարանական վեհաժողովի Եւրոպայի բաժանմունքներու նախագահները  ընդունած են յայտարարութիւն մը Հայոց ցեղասպանութեան մասին, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան ղեկավար, հանրապետական պատգամաւոր Մարգարիտ Եսայեան:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Մենք, ֆրանսերէնը իբրեւ ընդհանուր լեզու գործածող պետութիւններու խորհրդարաններու  ներկայացուցիչներս, կը դատապարտենք հայ ժողովուրդին նկատմամբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Ցեղասպանութեան փաստը: Կ՛ոգեկոչենք 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը եւ կը միանանք Հայաստանին եւ  հայ ժողովուրդին` Ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչման եւ այդ ցեղասպանութեան ենթարկուած անձերու  իրաւունքներու վերականգնման համար մղուող պայքարին մէջ:

Կը հրաւիրենք Թուրքիան առերեսուելու սեփական պատմութեան հետ եւ, ի վերջոյ, ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ կը յուսանք, որ այդ ճանաչումը հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ հաշտեցման մեկնակէտ հանդիսանայ»:

Հայաստանի Դեսպանը` Ֆրանսախօս Երկիրներու
Գործակցութեան Եւ Ծրագրաւորման
Յանձնախումբի Նախագահ

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մնայուն խորհուրդի նիստին  ընթացքին, որուն կը մասնակցէին կազմակերպութեան 57 անդամ պետութիւններ, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթիան Տէր Ստեփանեան միաձայնութեամբ ընտրուած է կազմակերպութեան համագործակցութեան եւ  ծրագրաւորման յանձնախումբի նախագահ` 2 տարի ժամկէտով:

Այս մասին ըսուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Հանդիսանալով կազմակերպութեան չորս ղեկավար մարմիններէն մէկը` յանձնախումբը կը մշակէ եւ կը վերահսկէ անդամ պետութիւններուն մէջ կազմակերպութեան կողմէ իրագործուող ծրագիրները:

 

 

Նախորդը

Յովսէփ Անդրէասեան Յետմահու Պարգեւատրուեցաւ «Մարտական Ծառայութիւն» Մետալով

Յաջորդը

Ուորլիք. «Պէտք Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծումը Առաջնահերթութիւն Դարձնենք»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.