Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պռօշեանի Սպաննուած Գիւղապետին Հարազատներուն Պնդումով` Գործին Բացայայտումը Կը Ձգձգուի

April 2, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-01-15_hracth-12Այսօր կը լրանայ Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան երկրորդ տարին: Սպանութեան գործով շուրջ 10 ամիս կալանաւորուած պռոշեանցի Արայիկ Պետրոսեան աւելի ուշ ազատ արձակուած էր: Քննչական մարմինը Պետրոսեանի առնչութիւնը այս գործին մէջ չէր հաստատած:

Գիւղապետին կուսակից ընկերներն ու հարազատները կը պնդեն, որ քննչական մարմինը կը ձգձգէ գործին բացայայտման ընթացքը:

4-01-15_hracth-13Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին մէջ ըսած է. «Դժգոհ ենք այս իրավիճակէն, գործը ցարդ բացայայտուած չէ»:

Հարցումին, թէ ի՞նչ փոխուած է, որ Դաշնակցութիւնը այսօր արդէն նախկին վճռականութեամբ չի պնդեր, որ Մուրատեանի սպանութիւնը քաղաքական նկատառումներով կատարուած է, Վարդանեան պատասխանած է, որ  ոչինչ փոխուած է:

«Ուղղակի առաջին յայտարարութիւնը, որ Գերագոյն մարմինը կատարած էր սպանութենէն անմիջապէս ետք, մանաւանդ երբ այդ մթնոլորտը գոյութիւն ունէր գիւղին մէջ, բնական էր այդ անմիջական արձագանգը: Դաշնակցութիւնը միտքը չի փոխեր, ինչ որ կը գրեն տարբեր ուղղորդողներ, ատիկա իրենց խնդիրն է: Ասիկա մեր ընդհանուր ցաւն է»,  ըսած է Աղուան Վարդանեան:

Իրաւապաշտպան Վարդան Յարութիւնեան  իր կարգին ըսած է, որ կարելի էր անդրադառնալ այս դէպքին, եթէ ասիկա` իբրեւ բացայայտ սպանութիւն, միակը ըլլար Հայաստանի մէջ: «Որեւէ ոճիր, յատկապէս ճչացող յանցագործութիւն, եթէ չի բացուիր, ատիկա արդէն իրաւապահ մարմիններուն համար վարկի նուազում է: Ուղղակի այլ խնդիր է` կը տրուի՞ անոնց այդ իրաւունքը եւ այդ կարելիութիւնը, թէ՞ ոչ», աւելցուցած է Աղուան Վարդանեան:

Տուժողի իրաւայաջորդի ներկայացուցիչ, փաստաբան Մելանիա Առուստամեան, հայաստանեան լրատու կայքի մը ըսած է, որ իրենք ոչ մէկ տուեալ ունին:

«Նախաքննութիւնը չէ կասեցուած: Ես կը շարունակեմ պնդել, որ նախաքննական մարմինը բաւարար ջանասիրութիւն չի ցուցաբերեր դէպքին  բացայայտման ուղղութեամբ», շեշտած է  փաստաբանը:

Նշենք նաեւ, որ երէկ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն քալելով ուղղուած են դէպի «Թումօ» կեդրոն, որմէ ետք դէպի Պռօշեան գիւղը:

Երեկոյեան Պռօշեան գիւղին մէջ տեղի ունեցած է մոմավառութիւն:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Ձեռնպահ Կը Մնայ Փտածութեան Դէմ Պայքարի Յանձնախումբին Մէջ Անդամ Առաջադրելէ

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Թուրքմենիստանի Նոր Դեսպանը Նախագահին Յանձնեց Հաւատարմագիրները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.