Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Ժողովուրդին Դէմ Կատարուած Ցեղասպանութիւնը Ոճիր Է Ընդդէմ Մարդկութեան» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթընի Մէջ

Մայիս 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-08-15_12«Եթէ նոյնիսկ Ցեղասպանութիւն բառը միջազգային օրէնքի բառամթերքին մաս չէր կազմեր 1915-ին, այն ինչ որ պատահեցաւ հայ ժողովուրդին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ, ցեղասպանութիւն էր իր նպատակով եւ իր մեթոտներով` այլ խօսքով ոճիր ընդդէմ մարդկութեան», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս, Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ երկու հազարէ աւելի ժողովուրդի ներկայութեան:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ 100-ամեակը երեք բառերով կարելի է բնորոշել` յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել: «Մենք յիշեցինք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները եւ մի՛շտ պիտի յիշենք, որովհետեւ անոնք մեր ամէնօրեայ պայքարին ու ձգտումներուն մաս կը կազմեն», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Շարունակելով իր խօսքը վեհափառը ըսաւ. «Նահատակները յիշել կը նշանակէ աշխարհին յիշեցնել անոնց կտակը: Ցեղասպանութիւն մը կատարուեցաւ մեր ժողովուրդին դէմ: Լռութիւնը այլապէ՛ս ցեղասպանութիւն է: Միջազգային օրէնքին համաձայն ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ, հետեւաբար մարդկութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ այս ոճիրին նկատմամբ»:

Իր խօսքին վերջին կէտին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտը դրաւ պահանջատիրութեան վրայ` ըսելով. «Անարդարութիւն գործուած է մեր ժողովուրդին դէմ: Հայ ժողովուրդը իր իրաւունքները կը պահանջէ: Արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունք է, մարդիկ չեն կրնար ուրիշներուն իրաւունքները խլել: Մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափած է, մեր ժողովուրդի կալուածները բռնագրաւուած են: Ո՛չ միայն ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջենք, այլ նաե՛ւ հատուցում: Ներումը քրիստոնէական հաւատքին մաս կը կազմէ. սակայն ներում կը շնորհուի, երբ Թուրքիան կ՛ընդունի ճշմարտութիւնը եւ այս ձեւով երկու ժողովուրդներուն հաշտութեան առաջնորդող ճամբան կը բանայ»: Վեհափառ հայրապետին պատգամը յաճախակի առիթներով ծափահարութիւններով ընդհատուեցաւ եւ աւարտին, ներկայ ժողովուրդը յոտընկայս ծափողջոյններով գնահատեց իր սրտին թարգմանը հանդիսացող հայրապետին խօսքերը:

5-08-15_3111146559_1057552050925163_929832848155645156_nՄիջկրօնական արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, որ իր կարգին ողջունեց վերջին շրջանին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով գործնական քայլի դիմած երկիրները եւ կոչ ուղղեց, որ միջազգային համայնքը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնէ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները:

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ ծերակուտականներ, քոնկրեսի անդամներ, եկեղեցական ներկայացուցիչներ եւ Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ եկած հայորդիներ:

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Կիւլի Երեւան Մեկնիլը Սխալ Էր»

Յաջորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Պետութիւններու Ղեկավարներուն Կոչ Ուղղեց Իրերը Անուանելու Իրենց Անունով Եւ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?