Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթընի Մէջ Աղօթքով Ամերիկեան Ծերակոյտի Նիստին Բացումը Կատարեց` Յիշելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը

May 8, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-07-15_senateՀինգշաբթի, 7 մայիս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ Ուաշինկթըն` Քափիթոլ Հիլ, ուր աղօթքով Ծերակոյտի նիստին բացումը կատարեց: Նախքան բացման արարողութիւնը, վեհափառ հայրապետը յատուկ հանդիպումներ ունեցաւ ծերակուտական Ճեք Ռիտի, Դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար, ծերակուտական Հերի Ռէյտի եւ ծերակուտական Տայան Ֆայնըսթայնի հետ: Վեհափառ հայրապետը ծերակուտականներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներու բարեկամութեան, Ամերիկայի եւ աշխարհի չորս կողմը կազմակերպուած մեր գաղութներուն, Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի կացութեան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկացի ժողովուրդին եւ յատկապէս ամերիկեան մարդասիրական կազմակերպութիւններուն` ցեղասպանութենէն ետք ճողոպրած հայ որբերուն ու հայ ժողովուրդին ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութեան համար:

Ծերակոյտի նիստին սկիզբը, վեհափառ հայրապետը հրաւիրուեցաւ, որպէսզի աղօթքով բացումը կատարէ: Վեհափառ հայրապետը իր աղօթքին ընթացքին ըսաւ. «Այս տարի 100-ամեակն է Հայոց ցեղասպանութեան` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան: Յիշելով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, արդարութիւն կը պահանջենք: Իրօք, արդարութիւնը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ մըն է, հետեւաբար, արդարութեան բռնաբարումը Աստուծոյ դէմ մեղք է»: Ապա, ծերակուտական Ռիտ բոլոր ներկայ ծերակուտականներուն ներկայացուց վեհափառ հայրապետը: Այս արարողութեան ներկայ էին շուրջ երեք հարիւր ազգայիններ:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. Տեսակցութիւն` Նախագահ Սարգսեանի Հետ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներուն Փոխնախագահը Մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկին

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.