Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Նշեց Յաղթանակի Եւ Խաղաղութեան Տօնը, Ղարաբաղը Եռատօնը

May 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մոսկուայի Կարմիր հրապարակի զօրահանդէսին մասնակցած հայկական զօրամասը
Մոսկուայի Կարմիր հրապարակի զօրահանդէսին մասնակցած հայկական զօրամասը

Հայաստան շաբաթ օր նշեց Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնը, իսկ Լեռնային Ղարաբաղը` մայիսեան Եռատօնը:

Տօնին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսուած է. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով: Այսօր առանձնայատուկ` յոբելենական օր է: Կը լրանայ Համաշխարհային Բ. պատերազմին տարուած պատմական յաղթանակին 70-րդ տարեդարձը: Խորհրդային բազմազգ բանակի խորտակիչ հարուածն էր, որ 1945 թուականի մայիսին Եւրոպայի մէջ վճռեց պատերազմի ելքը: Մենք եղած ենք արդարութեան, ազատութեան ու մարդասիրութեան խրամատին մէջ` ընդդէմ հակամարդկային գաղափարախօսութեան, բռնութեան ու բարբարոսութեան: Հերոսաբար կռուելով ամէնէն տարբեր ճակատներուն վրայ, մենք պաշտպանած ենք նաեւ մեր հայրենիքը` Հայաստանը:

«Խորհրդանշական զուգադիպութեամբ 1992 թուականի մայիսեան նոյն օրը ազատագրուեցաւ  հայոց հինաւուրց բերդաքաղաքը` Շուշին: Իրենց հայրերուն ու պապերուն օրինակով դաստիարակուած մերօրեայ հերոսները կրկնեցին նախնիներուն սխրանքը` յայտնուելով նոյն` արդարութեան, ազատութեան ու մարդասիրութեան խրամատին մէջ` ընդդէմ հայատեացութեան, բռնութեան ու բարբարոսութեան»:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի խօսքին մէջ նշուած է. «70 տարի առաջ այս օրը խաղաղութեան աւետիսը հնչեց աշխարհին` ուրախութեամբ համակելով եւ լուսաւորելով հոգիները նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք հերոսական մասնակցութիւն ունեցան ֆաշականութեան դէմ պայքարին մէջ եւ յաղթանակի կերտման գործին մէջ: Հայրենասիրութեան նոյն անվեհեր ոգիով ծնունդ առաւ եւ յաղթանակով պսակուեցաւ նաեւ Արցախի ազատամարտը` դառնալով հերոսական ու փառապանծ յաղթանակի նոր էջը մեր պատմութեան»:

Տօնական ուղերձներ յղած են նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նշուող մայիսեան Եռատօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:

«Մեր ժողովուրդի ազատատենչ ոգիի եւ անկոտրում կամքի շնորհիւ անկախութեան տարիներուն մենք արձանագրեցինք մեծ յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ: Միայն այսպէս` համախմբուած ու միասնական կրնանք լուծել մեր առջեւ ծառացած խնդիրները, կեանքի կոչել տարբեր ծրագիրներ եւ հասնիլ համազգային նպատակներու իրականացման», ընդգծած է նախագահ Բակօ Սահակեան:

Տօնին առիթով Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցան հանդիսութիւններ եւ զօրահանդէսներ:

Նշենք նաեւ, որ ֆաշականութեան դէմ յաղթանակի 70-ամեակին առիթով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ պատմութեան մէջ մեծագոյն զօրահանդէսը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Մոսկուայի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 70-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն. Հայաստանի նախագահը Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ, բազմաթիւ այլ երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ դիտեց Յաղթանակին նուիրուած զօրահանդէսը, ծաղիկներ զետեղեց Անյայտ զինուորի գերեզմանին, որմէ ետք Քրեմլինի Մեծ պալատին մէջ  մասնակցեցաւ յոբելեանին առիթով Ռուսիոյ նախագահի տօնական ընդունելութեան:

 

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Թուրքիոյ Ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը Եւ Հատուցում Կատարելու

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Արցախ Այցելեց. «Կարեւոր Է, Որ Կարենանք Ճնշման Նոր Ալիք Բարձրացնել»

RelatedPosts

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի  Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Ներկայացուցիչներուն Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

January 16, 2026
Ֆիտան Պայրամովի Հետ Շուրջ 2 Ժամ Քննարկած Է  Միրզոյեանի Եւ Ռուպիոյի Ստորագրած Թրիփփ  Շրջանակային Փաստաթուղթը
Հայկական

Ֆիտան Պայրամովի Հետ Շուրջ 2 Ժամ Քննարկած Է Միրզոյեանի Եւ Ռուպիոյի Ստորագրած Թրիփփ Շրջանակային Փաստաթուղթը

January 16, 2026
Հաճիզատէ. «Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած  Համաձայնագիրը Կարեւոր Քայլ Է»
Հայկական

Հաճիզատէ. «Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած Համաձայնագիրը Կարեւոր Քայլ Է»

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.