Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Պետութիւններու Ղեկավարներուն Կոչ Ուղղեց Իրերը Անուանելու Իրենց Անունով Եւ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Մայիս 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

WNC-157 մայիսի երեկոյեան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ մասնակցեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած միջեկեղեցական արարողութեան: Միջեկեղեցական արարողութիւնը  եզրափակուեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին պատգամով: Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս յայտնեց. «Եղեռնի տարողութեան եւ աշխարհի անտարբերութեան անհամատեղելի իրողութեան առջեւ մեր ժողովուրդը  անցնող 100 տարիներուն ընթացքին ամէնէն առաւել չափով քաղցն ու ծարաւը ունեցաւ արդարութեան: Ինչպէս առաջին դարերուն աշխարհի հզօրները մերժեցին ընդունիլ Յիսուսի յարութեան ճշմարտութիւնը, այնպէս ալ 100 տարիներու ընթացքին եղան Հայոց ցեղասպանութեան իսկութեան անժխտելիութիւնը ժխտողներ, անուրանալիութիւնը ուրացողներ: Պետութիւններու մասնաւոր շահերու եւ քաղաքականութեան զոհասեղանին բազմիցս ողջակիզուեցաւ մեր ժողովուրդի արդարութեան պահանջը, իսկ ժխտողականութիւնն ու անպատժելիութիւնը խրախոյս եղան ցեղասպանութեան նոր ողբերգութիւններու:

«Այսօր յիշելով Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակները, մենք կը յիշենք նաեւ նոյն ոճրագործին կողմէ մահուան ենթարկուած հարիւր հազարաւոր ասորի եւ յոյն քրիստոնեաները:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման այս առիթով, մեր սուրբ նահատակներուն եւ զոհերուն յիշատակին առջեւ մեր յորդորն ու կոչն է, որ պետութիւնները եւ պետութեանց ղեկավարները չյապաղին իրերը անուանել իրենց անունով եւ ճանչնան ու դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Կ՛աղօթենք, որ աշխարհին մէջ վերջ գտնեն մարդկութեան դէմ իրագործուող յանցագործութիւնները, ցաւն ու տառապանքը, ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն կեանքին մէջ հաստատուի ճշմարտապէս եղբայրութիւն, եւ խաղաղութեան ու համերաշխութեան մէջ յագենան արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունեցող բոլոր հոգիները»:

 

 

 

Նախորդը

«Հայ Ժողովուրդին Դէմ Կատարուած Ցեղասպանութիւնը Ոճիր Է Ընդդէմ Մարդկութեան» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթընի Մէջ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային Այցելութեամբ Ռուսիա Հասաւ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?