Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

June 6, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-05-15_HH-Aram-I-_Min-of-DefenceՉորեքշաբթի, 3 յունիս 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Օթթաուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քանատայի պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քենիի հետ: Վեհափառ հայրապետն ու պաշտպանութեան նախարարը անձնական բարեկամներ ըլլալով եւ Անթիլիասի ու Քանատայի մէջ յաճախակի առիթներով հանդիպած ըլլալով մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ու իրապաշտ մօտեցումով քննարկեցին շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչութիւն ունեցող շարք մը խնդիրներ:

Անոնք շեշտեցին Միջին Արեւելքի մէջ թէ այլուր իսլամ ծայրայեղականներուն կողմէ ստեղծուած կացութիւնը միացեալ ճիգերով դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետն ու նախարար Քենի ընդգծեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հրամայականը: Նախարարը յատկապէս շեշտեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու պաշտպանութիւնը ապահովելու կարիքը: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի հայութեան դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն:

Ապա, վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց նախարար Քենին` առ ի գնահատանք հայ ժողովուրդին ու Հայ դատին անոր յարատեւ զօրակցութեան:

Յայտնենք, որ նոյն օրը` վեհափառ հայրապետին Պոսթընէն Օթթաուա հասնելէն անմիջապէս ետք, Քանատա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակի նախագահ Երեսփոխան դոկտ. Հարոլտ Ալպրեխթ Քանատայի խորհրդարանին մէջ կազմակերպեց ճաշկերոյթ մը` ի պատիւ վեհափառին: Ճաշկերոյթին ընթացքին վեհափառ հայրապետն ու հիւրընկալը լայնօրէն անդրադարձան Հայաստան-Քանատա գործակցութեան կարեւորութեան:

Սոյն հանդիպումներուն նաեւ ներկայ գտնուեցան վեհափառ հայրապետին ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները` Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Տէր Ղազարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

Նախորդը

Յունիս 7-ի Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները … Հայ Թեկնածուներուն Մասնակցութեամբ

Յաջորդը

Թուրք Ընդդիմադիր Ղեկավար Մը Կը Յայտարարէ. «Բոլոր Խնդիրները Կը Բխին Շրջանին Մէջ Օսմանականութեան Գաղափարը Վերականգնելու Փորձէն»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.