Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Զոհրապ Քիրէճեանի Ցուցահանդէսի Բացում

June 5, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_9198Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 4 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին բացումը կատարուեցաւ Զոհրապ Քիրէճեանի ցուցահանդէսին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք արուեստասէր ներկաներուն ըսաւ, որ Զոհրապ Քիրէճեան ծանօթ է հայ հասարակութեան իբրեւ արձակագիր: Աշխատակցած է գրական զանազան պարբերաթերթերու հետ: Ապա յայտնեց, որ Զոհրապ Քիրէճեան հրատարակած է երեք հատորներ եւ անդամ է Հայաստանի գրողներու միութեան:

IMG_9235Սիւզի Տէրտէրեան հաստատեց, որ ասիկա Զոհրապ Քիրէճեանի երրորդ ցուցահանդէսն է, որ կը կազմակերպուի: Ինք կանուխէն սիրած է գեղանկարչութիւնը եւ յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է արուեստի այս բնագաւառին նկատմամբ: Տէրտէրեան աւարտեց իր խօսքը արեւշատութիւն եւ յաջողութիւն մաղթելով Զոհրապ Քիրէճեանին:

Իր կարգին հանդէս եկաւ նաեւ Միսաք Թերզեան, որ նոյնպէս ողջունեց ներկաները ցուցահանդէսին բացման առիթով: Ան ըսաւ, թէ Զոհրապ Քիրէճեան հայ գրականութեան մէջ ծանօթ է նաեւ իբրեւ գրող: Անոր գործերէն են «Ի՞նչ կրնամ ուզել», «Մեր տունը, մեր թաղը» եւ «Կեանքի բեկորներ»: Իսկ գեղանկարները առաւելաբար կը յատկանշուին յստակութեամբ ու զանազան գոյներու սիրով: Միսաք Թերզեան հաստատեց, որ Զոհրապ Քիրէճեանի գործունէութիւնը կ՛արդիւնաւորուի արուեստի եւ գրական գեղեցիկ գործերով, որովհետեւ իր մէջ մէկտեղուած են արուեստն ու գրականութիւնը:

IMG_9210Ապա Թերզեան յայտնեց, որ Զոհրապ Քիրէճեան դպրոցական օրերէն տարբեր սէր ունեցած է թուղթին ու գոյներուն նկատմամբ: Անոր առաջին գործերը, որոնք ներառուած են ցուցահանդէսին մէջ, նկարուած են 1950 թուականին:  Ան յաջողութեան մաղթանքներով աւարտեց խօսքը:

Ցուցասրահին մէջ ներկայացուած են մօտ 50 գեղանկարներ, որոնք իրենց վառ ու պայծառ գոյներով կեանք տուած են եւ կերտած սրտի խօսող զանազան թեմաներ, որոնց ներշնչումը կու գայ բնութենէն եւ կամ ապրած իրական կեանքէն:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 11 յունիս 2015:

 

 

Նախորդը

Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քանատայի Վարչապետ Սթիվըն Հարփըրին Հետ

RelatedPosts

Հետեւեցէ՛ք ՀՅԴ Լիբանանի Նոր Կայքէջին` ARFLEBANON.ORG
Գաղութային

Հետեւեցէ՛ք ՀՅԴ Լիբանանի Նոր Կայքէջին` ARFLEBANON.ORG

February 10, 2026
Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.