Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Շաար Այցելեց Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան Վարժարան

Յունիս 5, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-04-15_mufti_tripoli_noubarianԿիրակի, 24 մայիս 2015-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի կատարած այցելութենէն խորապէս ազդուած, Թրիփոլիի եւ Լեռնալիբանանի միւֆթի Մալեք Շաար յայտնած էր, թէ ինք միշտ փափաքած է այցելել Թրիփոլիի Ազգային վարժարան եւ խոստացած ամէնէն մօտիկ ապագային իրականացնել իր փափաքը:

Հիմնուելով իր խոստումին վրայ` միւֆթի Շաար երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին այցելեց Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեանի, վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեանի, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան, ծնողներուն, Թրիփոլիի հայոց պատկան մարմիններուն եւ հայ թէ օտար հոծ բազմութեան կողմէ:

Համաժողովրդային ընդունելութեան ընթացքին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի միջնակարգի բաժինի արաբերէն լեզուի դասատու Թահեր Խաթիպ, որ շնորհակալական ջերմ խօսքով եւ անհուն երախտագիտութեամբ ողջունեց օրուան մեծ հիւրը` միւֆթի Շաարը:

Ծնողներէն Ուաժիհա Աքքարի մեծ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ազգային վարժարանին եւ անոր ուսումնական նախանձելի մակարդակին մասին` շեշտելով, որ այս համեստ վարժարանը իր յարգելի տեղը ունի այլ անուանի դպրոցներու շարքին:

Դպրոցին աշակերտութեան անունով աւարտական կարգէն Սանահին Նալպանտեան արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց միւֆթիին` վարժարանին տուած անոր անմոռանալի այցելութեան առիթով:

Միւֆթի Շաար իր կարգին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ դրուատիքով արտայայտուեցաւ հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար Թրիփոլիի հայութեան մասին` իբրեւ լիբանանեան համակեցութեան օրինակելի եւ տիպար քաղաքացիներ:

Ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց մնայուն կերպով զօրավիգ կանգնելու հայութեան:

Յիշատակելի այս այցելութեան առիթով դպրոցի տնօրէնութիւնը յուշանուէրով մը պատուեց միւֆթի Շաարը:

 

 

Նախորդը

Բնակարանային Վարձքի Նոր Օրէնքը Բողոքարկելու Եւ Բարեփոխելու Իրաւաբաններու Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ Անմիջապէս Սառեցնելու Քաղաքացիներուն Դէմ Յարուցուած Դատական Հարցերը

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Ապու Ֆաուրը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն

Ապրիլ 1, 2023
Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Ապրիլ 1, 2023
Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In