Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արսալ Մուտք Գործելու Ոչ Մէկ Միտում Ունինք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յունիս 6, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-05-15_Sayed_6Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իմամ Մեհտիի ծնունդին առիթով երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ իմամ Մեհտիի ծնունդին եւ անոր ներկայացուցած արժէքներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւններուն:

Քաղաքական առումով սէյիտ Նասրալլա նախ եւ առաջ ակնարկեց տակաւին նախանցեալ օր հնչած իսրայէլեան սպառնալիքներուն` զանոնք որակելով հոգեբանական պատերազմի միջոց մը:

Այս մասին ան հաստատեց, որ լիբանանցիները պէտք է անտեսեն նման սպառնալիքներ, որոնք արտասանուած են ներքին իսրայէլեան ճակատը պաշտպանելու ռազմափորձի մը ընթացքին:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իսրայէլացիներուն կատարած այդ ռազմափորձը ինքնին փաստ մըն է, թէ Իսրայէլ վախի մէջ է եւ կը գիտակցի, որ իր ներքին ճակատը կրնայ թիրախ դառնալ Դիմադրութեան հրթիռներուն:

Սէյիտ Նասրալլա հեգնանքով յայտնեց, որ հակառակ այն իրականութեան, որ Լիբանանի մէջ ոմանք Դիմադրութեան յաղթանակը կասկածի տակ կ՛առնեն, Իսրայէլի մէջ ոչ ոք այդ մօտեցումը կ՛ունենայ, այլ կը հաւատան, թէ Իսրայէլ պարտուած է:

«Հետեւաբար Լիբանանի դէմ հաւանական յաջորդ պատերազմին ընթացքին մէկուկէս միլիոն լիբանանցիներ տեղահան ընելու սպառնալիքին պէտք է խուլ ականջ ձեւանալ, որովհետեւ եթէ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան նոր պատերազմ մը սանձազերծուի, միլիոնաւոր իսրայէլացիներ տեղահան պիտի դառնան», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա Իսրայէլին ուղղելով իր խօսքը հաստատեց, որ իրենք նման սպառնալիքներէ չեն վախնար, «իսկ եթէ դուք կը կարծէք, որ մենք ուրիշ ճակատներով զբաղած ենք` Քալամունի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ, ապա պէտք է լաւ իմանաք, որ այդ իրականութիւնը մեր ուժէն ու կարողութենէն ոչինչ կը փոխէ, այլ` դուք յաւելեալ վախ պէտք է ունենաք այլ ճակատամարտներու մէջ ըլլալու մեր իրականութենէն», նշեց ան:

Անդրադառնալով Արսալի եւ Քալամունի բարձունքներուն` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այս օրերուն անոնք նուրբ հարցեր եւ թղթածրարներ կը նկատուին:

«Նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ հաստատել, որ մենք երբեք չենք մտածած Արսալ մուտք գործելու մասին եւ համոզուած ենք, որ Արսալի ազատագրումը լիբանանեան բանակին եւ պետութեան պարտականութիւնն է: Սակայն Լիբանանի մէջ ամէն բան քաղաքականացնելու տրամադրութիւն մը կայ, որ քաղաքական անպարկեշտութեան համազօր է: «Արսալ կարմիր գիծ է», «Անկարելի է Արսալի դպչիլ», «Արսալը յարանուանական եւ քաղաքացիական պատերազմ կրնայ պատճառել». նման կարգախօսներ անտեղի են, որովհետեւ Դիմադրութիւնը ոչ մէկ միտում ունի Արսալ մուտք գործելու: Թո՛ղ լիբանանցիները տեսնեն, թէ ո՛վ է Արսալի ապահովութեան յանձնառու եղողը եւ ո՛վ է նման սատանայական միտքեր արտայայտողը», ըսաւ ան:

Քալամունի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ ճակատամարտի սկիզբին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այդ ճակատամարտները սկսած են, որովհետեւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները Քալամունի, Նահլէի եւ Եունինի բարձունքներուն վրայ յարձակած են սուրիական բանակին եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն վրայ:

«Ճակատամարտը ինքն իր մասին կը խօսի արդէն, միայն յստակ իրականութիւնը այն է, որ Դիմադրութեան մարտիկները տասնեակ քիլոմեթրերով լիբանանեան բռնագրաւուած հողեր ազատագրեցին», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան հաստատեց, որ այս հանգրուանին իրենք ժողովրդային զօրաշարժի կոչ ուղղելու կարիքը չունին, այլ` կարիքը ունին ժողովրդային զօրակցութեան:

«Մեր թիւը բաւարար է նուաճելու այլ դիրքեր եւ ազատագրելու Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի բռնագրաւած բոլոր հողերը: Դիմադրութեան իրագործած նուաճումները լիբանանեան բանակին համար պիտի դիւրացնեն տիրող կացութիւնը: Իսկ մենք մեր ժամանակը պիտի առնենք նուազագոյն վնասներով իրականացնելու մեր նպատակները», ըսաւ ան:

Կառավարութեան աշխատանքներուն մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է լրջօրէն հետեւին եւ պատասխանատու ըլլան, ինչպէս նաեւ գիտակցին տիրող կացութեան:

Կառավարութիւնը առանց շրջանային իրադարձութեանց փոփոխութեան վրայ գրաւ դնելու պէտք է կատարէ իր սահմանադրական պատասխանատուութիւնները:

Անդրադառնալով ՏԱՀԵՇ-ի եւ նմանօրինակ խմբաւորումներուն ստեղծումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Իրանի, Պաշշար Ասատի կամ Հըզպալլայի կողմէ այդ խմբաւորումներուն ստեղծման մասին լուրերը ծիծաղելի են:

Ան նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ը ստեղծուած է Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի կողմէ, ինչպէս նաեւ մեծ օժանդակութիւններ ստացած Ծոցի երկիրներէն:

«ՏԱՀԵՇ-ը աշխարհին կը սպառնայ, եւ եթէ Լիբանան աշխարհին մաս կը կազմէ, ուրեմն ՏԱՀԵՇ Լիբանանին ալ կը սպառնայ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կը գտնուին Արսալի, Քաայի եւ Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ: Արսալի բարձունքներուն հիւսիսարեւմտեան շրջանը կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի հակակշիռին տակ, հետեւաբար փափաքելի է, որ թշնամին ճշդելու առումով չթերանանք, իսկ լիբանանեան բարձունքներուն վրայ ընթացող ճակատամարտներուն յաջորդը պիտի ըլլայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Ժան Ֆրանսուա Ժիրօ Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին Եւ Վարչապետին

Յաջորդը

«Սուրիացիները Թրքական Արարքներէն Կը Տառապին Ճիշդ Ինչպէս Հայերը Օսմանցիներուն Ջարդերէն Տառապեցան» Կ՛ըսէ Միւֆթի Հասսուն

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?