Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնները Յայտարարեցին Իրենց Միացեալ Սկզբունքները

Յունիս 3, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-02-15_aoun_geagea3Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ ամիսներու բանակցութիւններէ եւ երկու կուսակցութիւններուն ջանքերով փոխըմբռնումի համաձայնագիրին մշակումէն ետք, երէկ երեկոյեան ժամը 6:45-ին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան

ղեկավար Սամիր Ժահժահ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի:

Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Քանաան եւ Ռիաշի յայտարարեցին երկու կուսակցութիւններուն մշակած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը:

Անոնք շեշտեցին, որ երկու կուսակցութիւններուն համար համոզում գոյացած էր, որ փոխըմբռնումը կարելի է իրականացնել միայն երկխօսութեամբ, համաձայնելով հանդերձ, որ քաղաքական մրցակցութիւնը ընդունելի է:

«Հիմնուելով այս երկու համոզումներուն վրայ, երկու կուսակցութիւնները համաձայնեցան շարք մը սկզբունքներու շուրջ: Այդ սկզբունքներն են` յանձնառու մնալ երկխօսութեան ուղիին եւ շինիչ խորհրդակցութիւններ կատարել յանգելու համար հասարակ յայտարարներու, հարցերը քննելու իմաստով գերիշխանական սկզբունքներ որդեգրել` նկատի ունենալով լիբանանեան պետութեան կարողութիւններն ու շրջանային եւ միջազգային տարազները, սահմանադրութեան կառչած մնալու խոստում տալ եւ հեռու մնալ զայն աղաւաղելու եւ վտանգելու քայլերէն, վերադառնալ Ազգային ուխտին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ապահովել ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնն ու գործակցութիւնը` մշակելով ընտրական օրէնք մը եւ ընտրելով իր միջավայրին մէջ հզօր եւ ընդունելի նախագահ մը, որ կրնայ փարատել բոլորին մտահոգութիւնները, ամէն ջանք ի գործ դնել ամրապնդելու պետական հաստատութիւնները եւ նիւթապէս ու բարոյապէս զօրակցելու բանակին` իբրեւ երկրին գերիշխանութիւնը երաշխաւորող հաստատութիւն, հզօրացնել ապահովութեան ուժերը` Լիբանանի տարածքին պետութեան իշխանութիւնը բանեցնելու նպատակով, նախանձախնդիր ըլլալ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանի ապահովութեան եւ Լիբանանը չօգտագործել իբրեւ անցք` զէնք մաքսանենգելու եւ զինեալներու ապօրինի մուտք ապահովելու, միջազգային բոլոր բանաձեւերը յարգել եւ գործադրել, Ազգային երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին տրուած որոշումները գործադրել, սուրիացի գաղթականներու թղթածրարի լուծում, երեսփոխանական ընտրութեան նոր օրէնքի մշակում եւ վաւերացում, երկրին պետական պիւտճէին վերաբերող սահմանադրութեան յօդուածները գործադրելու յանձնառութիւն, պետական ծախսերու կարգաւորում եւ մսխումի կասեցում, ինչպէս նաեւ ելեւմտական հարցերու դատավարութեան յատուկ ատեանի ստեղծում, կառչած մնալ երկրին էութիւնը կազմող սկզբունքներուն, ինչպէս` լիբանանեան քաղաքացիութեան եւ օտարներու կողմէ կալուածներու գնման յատուկ օրէնքներուն:

Քանաան եւ Ռիաշի հաստատեցին, որ փոխըմբռնումի այս համաձայնագիրին յայտարարութեամբ երկու կուսակցութիւնները կը հաստատեն Լիբանանը կազմող էական սկզբունքներուն, սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը` զանոնք հեռու պահելով քաղաքական որեւէ մրցակցութենէ:

Ապա երկու կուսակցութիւններուն ղեկավարները միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեցին այդ յայտարարութեան իրենց համաձայնութիւնը:

Խօսք առաւ Սամիր Ժահժահ, որ շեշտեց, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ փոխըմբռնումի համաձայնագիրին յայտարարութիւնը բնաւ դիւրին չէ եղած` աւելցնելով, որ միացեալ այդ սկզբունքներուն հիման վրայ կարելի է կռահել քաղաքական այս երկու ուժերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող մթնոլորտը:

Ան աւելցուց, որ իրենք համաձայնած են անհրաժեշտ օրէնսդրական աշխատանքը կատարել` ընտրական օրէնքին եւ արտերկրի լիբանանցիներուն` լիբանանեան քաղաքացիութիւնը վերստանալուն իմաստով:

Ժահժահ ուրախութիւն յայտնեց Ռապիէ գտնուելուն առիթով` աւելցնելով, որ ինք զօր. Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին փափաք յայտնած էր, որ այդ հանդիպումը տարիներ առաջ կատարուած ըլլար:

«Ռապիէ իմ այցելութեանս նպատակը այն է, որ այս քաղաքական երկու ուժերը հանդիպած են եւ այդ երկու ուժերը կրնան իրենց դրական ազդեցութիւնը ունենալ Լիբանանի վրայ: Մեր այսօրուան հանդիպումը երկխօսութեան սկիզբը կը նկատուի, որովհետեւ անոր նախորդող ամիսներուն վրայ երկարող աշխատանքը նախապատրաստական էր: Հետեւաբար մեր աշխատանքը այսօր է, որ կը սկսի: Մենք ճիգ պիտի չխնայենք, որ այս փորձը յաջողի: Տարակարծութիւն պատճառող որեւէ հարց մէկդի պիտի դրուի, որպէսզի այլ հարցերու լուծման շուրջ աշխատանքը շարունակուի», ըսաւ ան:

Ժահժահ աւելցուց նաեւ, որ նախագահական ընտրութիւնը հանրաքուէով կատարելու իմաստով իրենք հարց չունին, պայմանաւ որ անիկա ըլլայ սահմանադրութեան հովանիին տակ:

Իր կարգին, զօր. Աուն յայտնեց, որ Ժահժահի Ռապիէ այցելութիւնը անակնկալ էր` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն են յայտարարուած համաձայնագիրին եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն զայն գործադրելու համար:

«Եթէ հանրաքուէն պատահի, ապա անիկա ոչ մէկ ձեւով պիտի վնասէ երկրին սահմանադրութեան: Ժողովուրդին ընդմէջէն գործադրուած ժողովրդավարութիւնը ամէնէն արժանապատիւ եւ համապարփակ ժողովրդավարութիւնն է, իսկ այսօրուան հանդիպումը դրական է եւ անիկա պարգեւ մըն է, որ նուիրուած է Լիբանանի կացութեամբ մտահոգ քրիստոնեաներուն: Քրիստոնեաներուն վիճակը հանգստացած է, եւ հետագային անոնք պիտի շօշափեն յաւելեալ հանգստութիւն եւ խաղաղութիւն, որովհետեւ որոշումը մերն է եւ ոչ ուրիշինը, իսկ մենք այլոց հարցերուն միջամուխ չենք ուզեր ըլլալ», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Կարտինալ Մոմպերթին

Յաջորդը

Ֆրանսական Տնտեսութեան Օրեր` Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Մարտ 23, 2023
Այլազան

Մարտ 23, 2023
ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Մարդասիրական Հետեւանքներու Վերաբերեալ Բանաձեւ
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ի Համազեկուցողները Պաքուին Կոչ Ուղղած Են Թոյլատրելու Փաստահաւաք Խումբ Ուղարկել Արցախ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In