Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Կ՛առաջարկէ Ընդլայնել Մինսքի Խմբակին Ձեւաչափը

Յունիս 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-03-15_azerԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սերպիոյ առաջին փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ, շաբաթասկիզբին Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպումներէն ետք, երէկ հասաւ Երեւան, ուր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ տեսակցութենէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ Ազրպէյճան  կ՛առաջարկէ աւելցնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն թիւը: «Կը կարծեմ, որ ասիկա նոր առաջարկ չէ, սակայն այս առաջարկը ընդունելու համար մենք կարիք ունինք համախոհութեամբ  տրուելիք որոշման, որ կ՛ընդունուի մասնակից բոլոր երկիրներուն կողմէ: Թերեւս այս հարցը ուսումնասիրենք ապագային, բայց, կը կարծեմ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է շարունակէ աշխատիլ: Եթէ որեւէ կողմ գոհ չէ աշխատանքի արդիւնքներէն, այսուհանդերձ ասիկա միակ ձեւաչափն է, որուն ծիրին մէջ տարաբնոյթ բանակցութիւններ կ՛ընթանան, երկխօսութիւն տեղի կ՛ունենայ, եւ ասիկա պէտք է պահպանուի», ըսաւ Տաչիչ:

Վերջին տարիներուն պաշտօնական Պաքուն շարունակաբար կը դժգոհի 23 տարի առաջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման աջակցելու նպատակով ստեղծուած միջնորդական այս խմբակի աշխատանքէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան  լրագրողներուն խնդրանքով անդրադարձաւ Մամետեարովի յայտարարութեան, թէ Ազրպէյճան պատրաստ է տեղաշարժի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթին մէջ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ասիկա լաւատեսութեան հիմքեր կու տա՞յ, Նալբանդեան պատասխանեց, որ պէտք է պարզել, թէ որո՛ւ կողմէ կը սպասեն տեղաշարժ` միջազգային հանրութեա՞ն կողմէ, թէ՞ իրենց կողմէ:

«Որովհետեւ մինչեւ այսօր Ազրպէյճան բաւական ապակառուցողական եւ անիրատես դիրքորոշում կը  դրսեւորէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ: Վերջին անգամ ատիկա ակնյայտ եղաւ Ռիկայի վեհաժողովին մէջ, ուր հաւաքուած էին Եւրոպական Միութեան 28 երկիրներու եւ արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները: Այդ բոլոր երկիրները, բացի Ազրպէյճանէն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ համաձայնեցան մէկ ձեւակերպման, որ ներառուեցաւ Ռիկայի հռչակագիրին մէջ: Ատիկա կը  վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման: Ընդհանրական ձեւակերպում էր այն մասին, որ այդ բոլոր երկիրները կ՛աջակցին Մինսքի խմբակի եռանախագահներու ջանքերուն, նաեւ կ՛աջակցին այն ծանօթ հինգ յայտարարութիւններուն, որոնք եղած են Մինսքի խմբակի եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ: Ազրպէյճան հակադրուեցաւ այդ դիրքորոշման` ցոյց տալով, որ ոչ մէկ տեղաշարժ, ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուած է իր դիրքորոշման մէջ: Եթէ այսուհետեւ իրենք մտադիր են փոխել եւ աւելի կառուցողական մօտեցում ցուցաբերել, այո, ինչո՞ւ ոչ: Կ՛ապրինք եւ կը տեսնենք», յայտարարեց  ան:

Լրագրողները նաեւ հետաքրքրուեցան Պրազիլի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կապուած վերջին խօսակցութիւններով:

«Ի վերջոյ ի՞նչ տեղի ունեցաւ Պրազիլի մէջ: Ճանչցա՞ւ արդեօք Ծերակոյտը, թէ՞ ոչ», հարցումին նախարար Նալբանդեան վերահաստատեց իր նախապէս ըսածը` աւելցնելով. «Ատոր  մասին համապատասխան որոշումը երեքշաբթի հրապարակուած է Պրազիլի Ծերակոյտին կողմէ եւ  դրուած է իրենց կայքին մէջ: Կրնամ վերահաստատել, որ Հայաստան կ՛ողջունէ Պրազիլի Ծերակոյտին տուած որոշումը, որով Ծերակոյտին կողմէ կը ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Բ. Սահակեան – Իվիցա Տաչիչ Տեսակցութիւն

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Երեւանի մէջ երէկ  տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի հետ:

Քննարկուեցան ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային հարցեր:

Նախագահ Սահական նշեց, որ պաշտօնական Ստեփանակերտ կողմնակից է տագնապի խաղաղ լուծման ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ եւ ընդգծեց բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը, ատիկա նկատելով հոլովոյթի առանցքային տարրերէն  մէկը:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը նաեւ նշեց Ազրպէյճանի խիստ ապակառուցողական քաղաքականութիւնը` Պաքուի կեցուածքը անուանելով իբրեւ շրջանին մէջ կայունութեան սպառնալիք, միջազգային չափանիշներու  եւ սկզբունքներու կոպիտ ոտնակոխում:

Տեսակցութեան նաեւ մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:

 

 

Նախորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Տեղափոխուի Հայաստան

Յաջորդը

Սարգսեան Հայ – Ճափոնական Կապերու Խորացում Կ՛ակնկալէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?