Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինասեան. «Եթէ Ձեր Ռազմավարութեան Հետեւանքով Սակը Պիտի Բարձրանայ, Ուրեմն Ռազմավարութիւն Պէտք Չէ»

Յունիս 3, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-02-15_minasՀայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին  մէջ ուժանիւթի մարզի 2014 թուականի պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ հարցում  ուղղեց ուժանիւթի փոխնախարար Արա Սիմոնեանին, թէ ինչո՞ւ նուազած են ընդերքի մասով մուտքերը: Մինասեան հարցուց, թէ ի՞նչ ցուցանիշներ արձանագրած է նախարարութիւնը, ի՞նչ ռազմավարութիւն մշակուած է:

«Նախարարութեան գործունէութեան արդիւնքով որքա՞ն ներդրումներ եղած են տնտեսութեան մէջ, կամ արդեօք կը սպասուի՞ն ներդրումներ: Բնական պաշարներու կառավարման քաղաքականութիւնը ինչպիսի՞ն է ընդերքի մասով, որովհետեւ սուր կերպով կը քննարկուի թափօններու կամ կոյուղիներու հարցը: Ի՞նչ ըրած է նախարարութիւնը այս ուղղութեամբ», հարցուց Արծուիկ Մինասեան:

Փոխնախարար Արա Սիմոնեան նախ նշեց, որ ձեռքի տակ ցուցանիշներ չունի ( Արծուիկ Մինասեան տարակուսանք յայտնեց): Սակայն ուժանիւթի ռազմավարութեան մասով Սիմոնեան յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ հաստատուած է ուժանիւթային անվտանգութեան հայեցակարգէն  բխող միջոցառումներու ծրագիրը, ուժանիւթային զարգացման ծրագիրը, իսկ ուժանիւթի խնայողութեան ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շնորհիւ Հայաստան ընդգրկուած է դրամական լուրջ օգնութիւն ստացող երկիրներու շարքին, կար նաեւ ծրագիր Եւրոպական Միութեան կողմէ:

Արծուիկ Մինասեան արձագանգեց, որ ռազմավարութեան մասով, եթէ պիտի ըլլայ սակերու  բարձրացում, ուրեմն այդ ռազմավարութիւնը ալ եւս պէտք չէ: «Իմ հարցումս խորքային է, ի՞նչ գործողութիւններ կը կատարուին ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ, որպէսզի համակարգին մէջ ապահովուի երկարատեւ զարգացում: Բայց մենք կը փաստենք, որ եղած է սակերու աճ եւ տակաւին պիտի ունենանք սակերու աճ», ըսաւ  Արծուիկ Մինասեան:

Փոխնախարարը նշեց, որ ռազմավարութիւնը անհրաժեշտ է ուժանիւթի համակարգի յուսալիութեան պահպանման համար, որպէսզի կարելի եղած չափով մեղմեն սակերու  բարձրացումը: «Ես համաձայն չեմ, որ մեր գործունէութեան հետեւանքով սակը կը բարձրանայ», ըսաւ ան:

Ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման հարցով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան  խմբակցութիւնը Ազգային ժողովին մէջ երէկ գումարեց դռնփակ ժողով մը, որուն մասնակցեցան հանրապետական բոլոր պատգամաւորները, ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեան եւ Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր ընկերութեան  տնօրէն Եւկենի Պիպին:

Աւելի քան երեք ժամ տեւած քննարկումներէն  ետք Պիպին դուրս եկաւ եւ, լսելով բոլոր լրագրողներուն հարցումները, ոչինչ պատասխանեց, միայն լրագրողներէն  պահանջեց ճամբայ բանալ իրեն համար, սակայն երբ լրագրողները ընդդիմացան, Պիպին զանոնք  հրելով հեռացաւ:

Ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեան նոյնպէս չուզեց բացատրութիւններ տալ: «Եթէ Պիպին չ՛ուզեր բացատրել, ես ի՞նչ բացատրեմ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

«Ազրպէյճան Կը Կրկնէ` Պատրաստ Է Սկսելու Խաղաղութեան Մեծ Համաձայնագիրի Ուղղութեամբ Աշխատանքին» Կ՛ըսէ Մամետեարով

Յաջորդը

Աբրահամեան Տեսակցեցաւ Չեխիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?