Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռէյիսեան. «Չենք Ցանկար, Որ Գաղութը Ամայանայ, Բայց…»

June 4, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-03-15_jiroՍուրիոյ հայ համայնքի ղեկավարները չեն խոչընդոտեր, որ  սուրիահայերը լքեն Սուրիան», 168.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Բերիոյ թեմի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան` անդրադառնալով մամուլին մէջ շրջանառուող խօսակցութիւններուն, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան  բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն` Դամասկոս կատարած այցելութեան ընթացքին առաջնորդարանին պատճառով չէ քննարկուած տեղափոխման հարցը այն սուրիահայերուն, որոնք կը ցանկան լքել Սուրիան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հայ համայնքի ղեկավարները կը խոչընդոտեն սուրիահայերուն` Հայաստան վերադառնալու հոլովոյթը, Ռէյիսեան պատասխանեց, թէ նման որակումներ տալը սխալ է:

Ան տեղեկացուց, որ Դամասկոսի մէջ հայ պաշտօնեաներուն եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հանդիպման անձամբ ներկայ գտնուած է, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը, դեսպանը առաջարկած են համայնքի ներկայացուցիչներուն ներկայացնել իրենց խնդիրները, մտահոգութիւններն ու առաջարկները, եղած են հարցումներ, որոնք բոլորն ալ սպառիչ պատասխաններ ստացած են:

«Իսկ հիասթափուող մարդոց չեմ հասկնար, եթէ անոնք հարց չեն բարձրացներ: Փոխանակ հիասթափուին, թող հարցեր բարձրացնեն եւ  ստանան պատասխաններ, աջակցութիւն», ըսաւ Ռէյիսեան: Վերջինս նշեց, որ համայնքի ոեւէ ներկայացուցիչի անձնական ցանկութիւնը հաւաքական ցանկութիւն չէ, եւ պէտք չէ ըսել, թէ բոլորը կը ցանկան  հեռանալ:

«Կան մարդիկ, որոնք կը ցանկան հեռանալ, կան մարդիկ, որոնք կը ցանկան մնալ: Այս ամէնը հաւաքական տրամադրութիւն չէ: Իսկ առաջնորդարանի դերակատարութեան մասին խօսիլը, կը կարծեմ, որ սխալ է: Առաջնորդարանը, Ազգային իշխանութիւնը, պատասխանատու բոլոր կողմերը կը խորհին, որ այն մարդիկ, որոնք Սուրիայէն դուրս գալ կը ցանկան, երթան հայրենիք: Բնականաբար, մենք չենք ցանկար, որ  գաղութը լուծարուի, ամայանայ, բայց դէմ չենք կրնար ըլլալ, եթէ  մարդիկ որոշած են հեռանալ, խորհուրդ կու տանք երթալ հայրենիք», ըսաւ Ռէյիսեան:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

«Ազդակ Էփ»-ը` Առցանց

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.