Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ղազիրի Որբանոցի Հիմնադիր Բաբա Քունցլերի Թոռը

July 16, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-15-15_papaԱրամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին հայասէր որբախնամ` Ղազիրի որբանոցի տնօրէն Բաբա Քունցլերի թոռնիկը` Իտա Ալամէտտին, իր երկու որդիներուն` Քարիմ եւ Ապպուտ Տիապներու հետ, ընկերակցութեամբ` «Թռչնոց բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեանի եւ թանգարանի արխիւներու հաւաքարար Կարօ Տէրունեանի:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր, կապուած` Բաբա Քունցլերի կեանքին, անոր դերակատարութեան որբերու խնամատարական աշխատանքներուն, կազմակերպած զանազան ծրագիրներուն` գորգագործութեան գործարանին, այրիներու համար ստեղծած հաստատութեան, աղջիկներու համար բացած ձեռագործի գործարանին եւ Ազունիէի թոքախտանոցի հիմնումին: Յայտնենք, որ Բաբա Քունցլեր խնամած է աւելի քան 8000 որբեր եւ հայր դարձած է անոնց, ինչպէս արդարօրէն իր անուան կապուած Բաբա մակդիրը կը պարզէ:

Վեհափառ հայրապետը հիւրերուն յայտնեց, որ ինք անձամբ ներկայ պիտի գտնուի սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին Զուիցերիոյ մէջ Արմենոֆասի կողմէ կազմակերպուելիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Բաբա Քունցլերին նուիրուած յատուկ հանդիսութեան: Ալամէտտին ըսաւ, թէ ինք եւս պիտի մասնակցի յիշեալ հանդիսութեան:

Արծարծուեցաւ Բաբա Քունցլերի գերեզմանը վերանորոգելու հարցը եւ անոր տեղն ու դերը Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու փրկարար գործին մէջ արժեւորելու անհրաժեշտութիւնը:

Ապա, հիւրերը մեկնեցան այցելելու Ղազիրի որբանոցը եւ Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու նորակառոյց թանգարանը:

Նախորդը

Հայոց Լեռներու Արուեստագէտը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը Հաստատեց Կեզիի Զբօսայգիին Տեղ Օսմանեան Զօրանոց Վերակառուցելու Որոշումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանեան Ուղերձներ`  Սպառնական-Գործակցային Ոճով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գործակցային Ոճով

November 13, 2026
Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին  Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին  23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր
Գաղութային

Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին 23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր

November 13, 2026
Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.