Իրան եւ Վեցեակը (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա) Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ երէկ «պատմական» համաձայնութիւն մը գոյացուցին:
Ամերիկեան Կեցուածքներ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա այս առիթով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համաձայնութիւնը Իրանի համար «դէպի հիւլէական զէնք առաջնորդող բոլոր ճամբաները կը փակէ»: Ան նշեց, որ շնորհիւ այս համաձայնութեան Իրան որեւէ հիւլէական զէնք պիտի չզարգացնէ, հիւլէական զէնքի արտադրման համար հարստացուած իւրանիոմ եւ փլութոնիոմ պիտի չկարենայ արտադրել, պիտի բարեփոխէ Արաքի հիւլէական կայանը, որպէսզի փլութոնիոմ չարտադրէ` աւելցնելով, որ համաձայնութիւնը նաեւ միջազգային քննիչներուն պիտի արտօնէ այցելել իրանեան այն կեդրոնները, որոնք կասկածներ կը յարուցեն:
«Իրանի դէմ հաստատուած մեր պատժամիջոցները հանգրուանային կերպով պիտի վերցնենք, մինչ ան կը կատարէ համաձայնութեամբ ստանձնած իր յանձնառութիւնները», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը` նշելով. «Իրանի հետ համաձայնութեան բացակայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ յաւելեալ պատերազմներ կը նշանակէ»: «Իրան Միացեալ Նահանգներուն խելացի հակառակորդ մըն էր, եւ կ՛ողջունեմ Քոնկրեսին մէջ համաձայնութեան տաք քննարկումը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միշտ ալ պիտի բացուինք դէպի իրանցի ժողովուրդը, եւ հակառակ անցեալի տարակարծութեանց, կրնանք փոփոխութիւն յառաջացնել»:
Օպամա զգուշացուց Քոնկրեսը Իրանի հետ գոյացած համաձայնութեան գործադրութիւնը արգելակող օրէնք մը որդեգրելէ` ընդգծելով, որ այդպիսի օրէնք մը դէմ պիտի կիրարկէ վեթոյի իր իրաւունքը: Ան ընդգծեց, որ այս համաձայնութիւնը «աշխարհը աւելի ապահով եւ աւելի անվտանգ կը դարձնէ»:
«Այս համաձայնութիւնը վստահութեան վրայ հիմնուած չէ, անիկա ստուգման վրայ կառուցուած է», նշեց Օպամա: Օպամա Իրանի հետ բանակցութիւնները համեմատեց Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի օրերուն Խորհրդային Միութեան զինաթափման բանակցութիւններուն եւ նշեց, որ այս համաձայնութիւնը ամերիկեան եւ միջազգային պատմութեան համար ունի նոյնքան մեծ նշանակութիւն, որքան Քարիպեան ճգնաժամի իրադարձութիւնները:
Միացեալ Նահանգներ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Իրան յառաջիկայ առնուազն 25 տարիներուն ընթացքին պիտի չկարենայ կամ պիտի չյաջողի հիւլէական զէնքի տիրանալ: Ան շեշտեց, որ եթէ Իրան իր ստանձնած յանձնառութիւնները խախտէ, ապա «անոր դէմ պատժամիջոցներ պիտի վերահաստատենք»: Քերրի շեշտեց, որ «Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը այն գործարքն էր, որուն կը ձգտէինք»:
Իրանեան Կեցուածքներ
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին այս առիթով մամլոյ ասուլիսի մը հրաւիրելով յայտարարեց. «Շրջանին մէջ երկխօսութեան վրայ հիմնուած նոր էջ մը բացուեցաւ»: «Հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը փաստեց, որ երկխօսութիւնը ճգնաժամերու լուծման լաւագոյն ճամբան է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Արեւմուտքը պէտք չէր Իրանի հետ սպառնալիքի ոճը օգտագործէր»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց. «Այսօր պատմական օր մըն է: Քաջութեամբ, փառաւոր կերպով եւ պարծանքով հասանք հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան»: Ան նշեց, որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ «պատմական» համաձայնութիւնը Իրանի հիւլէական ծրագիրին խաղաղասիրական բնոյթը կ՛երաշխաւորէ:
«Իրան կը վերահաստատէ, որ չի ձգտիր հիւլէական զէնքի արտադրման», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այն ինչ այսօր կը յայտարարենք, բոլոր կողմերուն եւ միջազգային ընտանիքին համար լաւ համաձայնութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ քայլ մը` վերջ տալու համար ճգնաժամի մը, որ աւելի քան տասնամեակ մը տեւեց»:
Զարիֆ ըսաւ, որ համաձայնութիւնը ոչ ոքի տեսանկիւնէն կատարեալ է, սակայն «կարելի լաւագոյն ձեռքբերումն էր»:
Եւրոպական Միութեան Կեցուածքը
Մոկերինի իր կարգին նշեց, որ «հասարակաց աշխատանքային ծրագիրը հաւասարակշռուած ու բարդ գործարք մըն է, որ կը յարգէ բոլոր կողմերուն շահերը»` աւելցնելով. «Կողմերուն միջեւ հասարակաց յանձնառութիւնը մեզի կարողութիւնը տուաւ այս ձեռքբերումին հասնելու»: «Իրան կը վստահեցնէ, որ որեւէ պայմանի տակ հիւլէական զէնքի ձեռքբերման չի ձգտիր», ըսաւ ան:
Մոկերինի յայտարարեց, որ այս համաձայնութիւնը «ամբողջ աշխարհին համար յոյսի նշան մըն է»` աւելցնելով. «Որոշում մըն է, որ կրնայ ճամբայ բանալ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջի մը»:
Ռուսիոյ Կեցուածքը
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ողջունեց համաձայնութիւնը եւ յայտարարեց. «Հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութենէն ետք, աշխարհը այլեւս կրնայ ուրախ շունչ քաշել»: Ան յայտնեց, որ բանակցութեան մասնակից երկիրները կայունութեան եւ համագործակցութեան սիրոյն «դժուար ընտրանք մը կատարեցին»` աւելցնելով, որ Վիեննայի համաձայնութիւնը Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ հիւլէական խաղաղասիրական գործակցութեան պիտի նպաստէ: «Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը պիտի նպաստէ Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին», ըսաւ Փութին:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ Իրանի զէնքի մատակարարման դէմ արգելքը ի զօրու պիտի մնայ մինչեւ հինգ տարի:
Ֆրանսական Կեցուածքը
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարեց, որ «Իրան պէտք է միջազգային ընտանիքին օգնէ Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս նշեց, որ Իրանի հետ համաձայնութիւնը առնուազն առաջին տասը տարիներուն համար «բաւարար ուժեղ է»: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ հակառակ բանակցութիւններուն ընթացքին Ֆրանսայի կեցուածքներուն, ֆրանսական ընկերութիւնները իրանեան շուկային մէջ պիտի ունենան արդար բաժին մը: Նշենք, որ ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթի կայքը նշեց, որ Ֆապիւս յայտնած է, որ շատ հաւանական է, որ այցելէ Թեհրան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը յառաջիկայ օրերուն Իրանի հետ համաձայնութիւնը վաւերացնող որոշում մը պիտի հրապարակէ:
Իսրայէլեան Կեցուածքներ
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ «Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը պատմական սխալ մըն է», որ Իրանի կը տրամադրէ «հարիւր միլիառաւոր տոլարներ, զորս պիտի ներդրէ իր ահաբեկչական մեքենային եւ Միջին Արեւելքի ու աշխարհի տարածքին իր ծաւալապաշտութեան եւ նախայարձակութեան մէջ»: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն համաձայնութիւնը «ողբերգութիւն մը» կոչեց:
Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Ցիփի Հոթովելի նշեց. «Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը Թեհրանի ղեկավարութեամբ չարիքի ուժերուն դիմաց Արեւմուտքին պատմական անձնատուութիւնն է»:
«Ապագան գոյութիւն ունի» կուսակցութեան ղեկավար Եայիր Լեփիտ յայտարարեց, որ այս համաձայնութեան դիմակայման հարցին մէջ Իսրայէլի մէջ իշխանամէտներ եւ ընդդիմադիրներ գոյութիւն չունին: Իսրայէլի ներքին գաղտնի սպասարկութեան` Շապաքի նախկին ղեկավար Եաաքուպ Պիրի յայտարարեց. «Մենք Իսրայէլի եւ չափաւորական երկիրներուն միջեւ շրջանային դաշինքի պատմական պահու մը առջեւ կանգնած ենք»:
Հայաստանի Կեցուածքը
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մեկնաբանելով համաձայնութիւնը նշեց. «Հայաստան կ՛ողջունէ Իրանի եւ միջազգային միջնորդներու նպատակասլաց, կառուցողական ջանքերուն իբրեւ արդիւնք իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը:
«Երկար սպասուած այս համաձայնութիւնը կարեւոր ձեռքբերում մըն է` ի նպաստ միջազգային, շրջանային կայունութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման:
«Լիայոյս ենք, որ ատիկա յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ` Հայաստանի եւ բարեկամ Իրանի միջեւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման, միացեալ ծրագիրներու իրականացման համար»:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կեցուածքը
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Արցախ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ համաձայնութեան ձեռքբերումը կը գնահատէ իբրեւ շրջանին մէջ անվտանգութեան երաշխաւորման գործին մէջ մեծ ներդրում:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան յայտարարած է. «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ողջունէ իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը` իբրեւ էական ներդրում շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ»:
Այլ Կեցուածքներ
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ համաձայնութիւնը նկատեց «շատ դրական զարգացում մը», իսկ պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սաէպ Օրէյքաթ յոյս յայտնեց, որ համաձայնութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման դուռը բանայ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարիի հետ Անգարայի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համաձայնութիւնը պիտի նպաստէ շրջանային տնտեսութեան եւ ուղղակի ազդեցութիւն պիտի ունենայ Թուրքիոյ վրայ: Ան Իրանին կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու իր շրջանային քաղաքականութիւնը: Ժաաֆարի իր կարգին ըսաւ, որ համաձայնութեան գոյացումն ու գործադրութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման համար կենսական է:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց «պատմական» համաձայնութիւնը` նշելով. «Այս ձեռքբերումը իրանեան ղեկավարութեան իմաստութեան, անոր դիւանագիտութեան յաղթանակին ու ժողովուրդին կամքին ցուցանիշը կը նկատուի»` աւելցնելով. «Այս ձեռքբերումը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ շրջանի եւ աշխարհի անվտանգութեան ու կայունութեան վրայ»:
Նշենք, որ իրանցի պաշտօնատար մը յայտարարեց. «Պատժամիջոցներուն վերցուելէն անմիջապէս ետք, Թեհրան իր ամբողջ ուժով պիտի վերադառնայ քարիւղի միջազգային շուկայ», իսկ իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ համաձայնութեան գոյացումէն ետք, միջազգային շուկային մէջ քարիւղի գինը աւելի քան 2 առ հարիւրով նուազած է: