
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունեց Երեւանի Ֆիրտուսի 33-րդ թաղի կառուցապատման հետեւանքով այլոց յանձնուած բնակելի տարածքներու բնակիչները: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան եւ կառուցապատող «Կլենտէյլ Հիլզ» ընկերութեան ներկայացուցիչները:
Վարչապետը լսեց բնակիչներուն խնդիրները, ապա կառուցապատող ընկերութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցին շինարարական աշխատանքներուն ընթացքը, բնակիչներու բնակարաններուն կամ գումարի տեսքով փոխհատուցում կատարելու, փաստաթղթային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:
Վարչապետ Աբրահամեան նշեց, որ բնակիչներուն արծարծած հարցերուն ուղղութեամբ կը տարուին հետեւողական աշխատանքներ եւ վստահեցուց, որ անոնց խնդիրները կը գտնուին իր մնայուն ուշադրութեան տակ: Աբրահամեան քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեանին յանձնարարեց կառուցապատող «Կլենտէյլ Հիլզ» ընկերութեան հետ անգամ մը եւս լրացուցիչ քննարկել խնդիրներու լուծման տարբերակները եւ ներկայացնել համապատասխան առաջարկներ:
Այլոց յանձնուած բնակելի տարածքներու քաղաքացիները շնորհակալութիւն յայտնեցին Յովիկ Աբրահամեանին` իրենց խնդիրներուն հետամուտ ըլլալու եւ օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար:


