«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները, որոնք երթով կը քալէին դէպի գլխաւոր դատախազութիւն, նստան Ամիրեան-Մաշտոցի պողոտայի քառուղիին վրայ: Անոնց նստելու պատճառները յայտնի չէին, անոնք պահանջներ չէին ներկայացներ, այլ կը բացագանչէին «ջուր», «ջրցան»: Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան յորդորեց բանալ փողոցը` հակառակ պարագային ոստիկանութիւնը ուժ պիտի կիրարկէ` օրէնքով սահմանուած կարգով:
«Դուք արդէն կը լկտիանաք: Կը փորձէք ուշադրութիւն հրաւիրել ձեր վրայ», յայտարարեց Օսիպեան:
Անկէ ետք ցուցարարները որոշեցին ոտքի ելլել եւ շարունակել երթը: «Ուր կ՛ուզենք` կը նստինք», կը բացագանչէին անոնք: Յայտնենք, որ երէկուան երթով «Ո՛չ թալանին», նախաձեռնութիւնը կը պահանջէր պատասխանատուութեան ենթարկել ցուցարարներուն նկատմամբ բռնութիւն բանեցուցած ոստիկանները: