Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ապամեկուսացուող Թեհրանը Եւ Երեւանի Նոր Դերը

July 15, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22377Հայկական վերլուծական ոսպնեակը բնականաբար իր լուսարձակները պիտի կեդրոնացնէ Իրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու բնականոնացման իբրեւ հետեւանք` նախ Հայաստանի Հանրապետութեան կրելիք անմիջական հետեւանքներուն եւ տարածաշրջանին մէջ հակառակորդներ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ունեցած դերակատարութեան  փոփոխութեան վրայ:

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ կիսաշրջափակուած Հայաստանի Հանրապետութեան ցամաքային բաց երկու ելքերէն մէկը` Վրաստանը անշուշտ տարանցիկութեան կարգավիճակով կ՛օգտուի այս կացութենէն եւ ապրանքաշրջանառութեան երկկողմանի ելումուտէն կը քաղէ իր շահոյթը. քաղաքական իւրաքանչիւր հանգրուանի համարժէք ուղերձ փոխանցելու համար դիւրաբեկ որոշ սահմանակէտեր կը փակուին, մերթ ընդ մերթ հողային սահանքներու պատրուակով եւ կամ նախադէպերը նկատի ունենալով Ռուսիոյ դաշնութեան դէմ սկսուած պատերազմին պատճառով: Չորրորդ դրացին` Իրանը, մինչ այժմ յայտնուած էր միջազգային մեկուսացման մէջ, ենթարկուած` պատժամիջոցներու:

Ահաւասիկ ա՛յս հանգամանքն է, որ փոփոխութեան ենթարկուելու սեմին է: Առանց մտնելու հիւլէական ծրագիրի բանակցութիւններուն մանրամասնութիւններուն մէջ, կը թուի, որ կայացած համաձայնութեան առարկայացման պահը հասած է արդէն եւ Իրանը կը յայտնուի նոր դերակատարութիւններ ստանձնելու դիրքին վրայ:

Շրջափակման ենթակայ մեր հանրապետութեան համար ուրեմն, դէպի միջազգային շուկայ բացուող Իրանը, որ մինչ այժմ քաղաքական առումով ռազմավարական գործընկեր էր, կը պարփակէ նկատառելի նախադրեալներ վերածուելու համար նաեւ տնտեսական մակարդակի ռազմավարական գործընկերոջ:

Նոր հանգամանքի իրականութիւնը երկկողմանի փոխշահաւէտութիւն կը ներկայացնէ: Եթէ պաշտօնական Երեւանին համար Իրանը ցամաքային կարեւորագոյն ելք է, շրջափակումի այլընտրանքային իբրեւ նշանակալի միջոց, ապա Թեհրան եւս դէպի Կովկաս եւ դէպի Սեւ ծով հասնելու համար Երեւանի կայուն տարանցիկութեան անհրաժեշտութիւնը կ՛ընդգծէ: Պարսից ծովէն Իրան եւ անկէ Հայաստան-Վրաստան ու Սեւ ծով ելք` տնտեսական նոր հեռանկարներ կը բացուին նաեւ Թեհրանի համար այս ճամբով:

Իրանի ապամեկուսացումը, Թեհրանին առընթեր այս ձեւով նոր դերակատարութիւն կը վստահի նաեւ Երեւանին: Այս ընդհանուր պարունակին մէջ ալ կը տեղադրուին հետագայ համագործակցութեան նախագիծերը, հիւսիս-հարաւ ճանապարհը, նոր երկաթուղիի կառուցումը, Մետաքսէ ճանապարհի ուրուագծումը:

Բնականաբար կը մրճահարուի նուազ լաւատեսութիւն փոխանցող հարցադրումը: Երեւանը ապամեկուսացուող Թեհրանի եւ մեկուսացուող Մոսկուայի միջեւ պիտի յաջողի՞ ապաշրջափակուելու իր քայլերուն մէջ: Եւ երկրորդը. Իրան-Արեւմուտք համաձայնութիւնը սոսկ հիւլէական հարցերո՞ւ կը վերաբերի, թէ՞ կ՛ընդգրկէ նաեւ միջինարեւելեան տարածաշրջանային զինուորաքաղաքական հիմնախնդիրները:

Իրադրութիւններու ընթացքը  կրնայ միայն որոշ լոյս սփռել կանխատեսական վարկածներու վրայ: Պարզ է այն, որ ապամեկուսացուող Իրանը իբրեւ գլխաւոր խաղացող կ՛ընկալուի տարածաշրջանին մէջ մինչ այժմ այդ աղիւսակը գրաւած Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ կողքին: Իսկ այս մէկը միանշանակ յօգուտ Անգարային չէ:

Իրանի ապամեկուսացման հետեւանքները մեզի համար` Հայաստանի Հանրապետութեան ունենալիք դերակատարութիւնն է նախ եւ առաջ: Զուգահեռ` Անգարայի դերին նուազեցումը:

«Ա.»

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Ազգային Տօնին Առիթով Նախագահ Սարգսեան Շնորհաւորեց Հոլլանտը

Յաջորդը

Փերես. «Տէ Ժէան Կը Պատկանի Մանչեսթըր Եունայթտին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Բացակայ Հայեցակարգ` Հայկական Գործօնին Հետ Առնչակից  Գործընթացներու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Բացակայ Հայեցակարգ` Հայկական Գործօնին Հետ Առնչակից Գործընթացներու

January 3, 2026
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի  Ամանորեան Պատգամը.  Տարեմուտը Հրաւէր Է Նորոգուելու  Եւ Վանելու Մեր Կեանքից Մերժելի  Իրողութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ամանորեան Պատգամը. Տարեմուտը Հրաւէր Է Նորոգուելու Եւ Վանելու Մեր Կեանքից Մերժելի Իրողութիւնները

January 3, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորեան Պատգամը.  Եկէք Վերանորոգ Հաւատքով Ու Յոյսով Դիմաւորենք Նոր Տարին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորեան Պատգամը. Եկէք Վերանորոգ Հաւատքով Ու Յոյսով Դիմաւորենք Նոր Տարին

January 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.